Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԶԱՐԹԻ՛Ր ԼԱՕ

February 20, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱՉԻԿ ԽԱՉԵՐԵԱՆ

«Հայերով ոչ ոք չի հետաքրքրւում` շօշափելի օգնութիւն հասցնելու մտքով: Դրա հակառակը, կայ դաւադրական վերաբերմունք: Մինակ ենք եւ պէտք է ապաւինինք միա՛յն մեր ուժերին` թէ՛ ճակատը պաշտպանելու, թէ՛ երկրի ներսը կարգ հաստատելու համար»:

ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Եկաւ ազգային տօնախմբութեան հերթական պահը, երբ Հայոց ցեղասպանութիւնը յուշող, ճանչցող կամ ժխտումը քրէականացնող բանաձեւ մը որոշ վաւերականութիւն մը կը ստանայ երկրի մը խորհրդարանին կողմէ: Ուրախ են հայերը ամէնուրեք, Ֆրանսայի խորհրդարանի առջեւ փշաքաղուած «Զարթի՛ր լաօ»-ն կ՛երգեն, ուրիշ տեղ մը կ՛ողջագուրուին, շնորհակալութեան ուղերձներ կ՛արտասանեն, ապագայի հաշուոյն գուշակութիւններ կ՛ընեն…

Զարմանալի չէ նման առիթներու այսպիսի հոգեվիճակներու առկայծումը, վերացական հայրենասիրութեամբ տոգորուած ներսփիւռքեան հայ շրջանակներու մէջ, ուր քաղաքական ողջմտութեան չափանիշները անսովոր կանոններու կը հետեւին: Ընդհակառակը, գաղութահայութեան մօտ հասկնալի է ազգային զգացականութեան յագուրդ տալու տարերային դրսեւորումը, թէկուզ` փուճ նուաճումներու ընդմէջէն: Միաժամանակ, սակայն, ի տես Հայ դատի քաղաքական նպատակներու պղտոր ընկալումը մատնող ժողովրդային անհեթեթ հակազդեցութեան, դժուար կը դառնայ այս գծով մնալ անտարբեր:

Ֆրանսայի ծերակոյտը Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ մը որդեգրեց: Ցնծութի՜ւն… շա՛տ լաւ, յետո՞յ: Քաղաքական ի՞նչ իրական նուաճում արձանագրուեցաւ ի նպաստ հայկական կողմին: Ի վերջոյ, տեղի ունեցածը քաղաքական դէպք մըն էր, ուրեմն անոր գնահատականը պէտք է տալ Հայ դատի քաղաքական խորապատկերին վրայ: Առ այդ, առնուազն պէտք է հարց տալ, թէ ծերակոյտին այս որոշումով հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնման քաղաքական գործընթացը ինչպէ՞ս քայլ մը աւելի դիւրացաւ:

Կայ տեսակէտ, որ դիտել կու տայ, թէ սոյն առիթով Հայոց ցեղասպանութեան նիւթի արծարծումը միջազգային քաղաքական բեմերէ եւ լրատուամիջոցներէ ինքնին նուաճում մըն է: Բայց ահա գոնէ վերջին քսանամեակի ընթացքին շարք մը երկիրներու խորհրդարաններէն հնչած է Հայոց ցեղասպանութեան օրակարգը` իր տարբեր երանգներով եւ դրսեւորումներով,  եւ ըստ այնմ` բարձրացած քարոզչական նկատառելի աղմուկ:  Քսան տարուան ընթացքին կարծեցեալ այս նուաճումներով հզօրացա՞ն քաղաքական մեր դիրքերը, մեր քաղաքական նպատակներուն քայլ մը աւելի մօտեցա՞նք:

Այլ տեսակէտ մը կ՛ըսէ, թէ յենելով նման օրինագիծերու, որոշումներու վրայ` կարելի է  հատուցման գործընթացի մը ընթացք տալ: Իսկ ե՞րբ եղած է, որ քաղաքական մակարդակի վրայ սոսկ օրինագիծեր, համաձայնագրեր թէ դաշինքներ այս գծով վճռորոշ դեր խաղան: Արդեօք հոս ուժը չէ՞ վճռորոշը: Ուժը չէ՞ օրինագիծեր պարտադրողը կամ ոտնակոխողը: Պաթում, Սեւր, Ալեքսանդրապոլ… հարկ կա՞յ շարքը երկարելու:

Վերջապէս, ոմանք կ՛ըսեն, թէ այսպիսի առիթներ կը ջրդեղեն ժողովուրդի ազգային բարոյական աշխարհը, կը գօտեպնդեն զայն: Իր պարփակած խորհուրդով, անկասկած որ նման առիթներ դրականօրէն կ՛ազդեն հաւաքական կեանքի  ազգային ներաշխարհին վրայ, բայց ծանրակշիռ  քաղաքական ծրագիր մը, ինչպիսին է Հայ դատը, կը կառուցուի՞ նման պարագայական զգացական ալիքներուն վրայ: Կը կայանա՞յ նման Դատ:

Դժբախտաբար մեր մտքերուն մէջ գծած ենք սեփական իրաւունքներու վերատիրացման վերացական քարտէս մը եւ նախապաշարուած` կարծելու, թէ խորհրդարանական այսպիսի նախաձեռնութիւններ քաղաքական խաղաքարտեր են մեր ձեռքին, երբ տակաւին ինքնին խաղին մասնակիցներ չենք, հետեւաբար չունինք  կարելիութիւն` օգտուելու այդ խաղաքարտերէն: Վերջինները սեփականութիւնը կը մնան միայն անոնց, որոնք ուժի համապատասխան յարաբերակցութեամբ մասնակիցներ են յիշեալ խաղին, իսկ մենք` սոսկ հանդիսատեսներ հոն, ո՛չ աւելին:

Այդ խաղին մասնակից կամ ազդող գործօն դառնալու աներկրորդ նախապայմանը սեփական հզօրացումն է, որ ցարդ հեռու կը մնայ մեր հետաքրքրութեան ու ուշադրութեան հորիզոններէն: Զուգադիպաբար, Ֆրանսայի ծերակոյտի որոշումէն միայն օրեր բաժնող յատկանշական երեք թուականներու կրաւորական յիշատակումը կամ ի սպառ անտեսումը բաւարար բան ունին ըսելիք այս գծով: Քանինե՞ր նոյն ցնծութեամբ տօնեցին հայկական բանակի, իմա` սեփական հզօրացման կռուանի, կազմաւորման քսանամեակը (28 յունուար 1992): Քանինե՞ր յուզումով ոգեկոչեցին Առաջին Հանրապետութեան դարբինին` սեփական հզօրանքի մոլեռանդ հաւատացեալ Արամ Մանուկեանի մահուան օրը (29 յունուար 1919): Քանինե՞ր գովերգեցին նորօրեայ հայոց պատմութեան ամէնէն փառաւոր էջի կերտիչներէն Շահէն Մեղրեանի ծննդեան վաթսունամեակը (2 յունուար 1992): Բաղդատականը ինքնին բարացուցական է` ընդգծելու մեր մօտ արմատացած, սեփական ազդակի թերագնահատման փաստը` ի դէմս արտաքինին, ձեւականին:

Տարօրինակօրէն, ամբողջ դարու մը վրայ երկարող պատմական փորձը ձեռնտու պէտք էր ըլլար հայ քաղաքական միտքը ենթարկելու որոշակի ինքնասրբագրման, որով ազգային կեանքէն պէտք էր վանել նման սին ու անհեթեթ մօտեցումներ: Այս ծիրին մէջ ֆրանսահայ գաղութի երգած «Զարթի՛ր լաօ»-ն, երկրի խորհրդարանի դիմաց, շատ դիպուկ էր եւ զաւեշտային միաժամանակ…

 

 

Նախորդը

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՏԻՐԷ ԶԳՈՒՇԱՒՈՐ ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՊՐԻՍՄԱԿ. ԵԹԷ ԱՐՑԱԽԸ ՄԵՐ ԱԼՖԱՆ ԵՒ ՕՄԵԿԱՆ (ՈՒՐՈՒԱԳԾՈՒՄՆԵՐ)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.