Ֆրանսական կողմի նախաձեռնութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի միջեւ: Քրեմլինի պաշտօնական կայքին համաձայն, անոնք այլ հարցերու կողքին քննարկած են նաեւ Արցախի հարցի լուծումը:
«Վլատիմիր Փութին ներկայացուցած է 26 նոյեմբեր 2021-ին Սոչիի մէջ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմ հանդիպումին հիմնական արդիւնքները… Ան պատմած է, թէ շրջանին մէջ ինչպիսի՛ քայլեր կը ձեռնարկուին զինադադարի պահպանման, գաղթականներու վերադարձի, առեւտրատնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերու վերականգնման համար:
«Կողմերը յոյս յայտնած են, որ Եւրոպական Միութեան կառոյցներու ղեկավարներու` 15 դեկտեմբեր 2021-ին Իլհամ Ալիեւի եւ Նիկոլ Փաշինեանի հետ նախատեսուած հանդիպումը նոյնպէս օգտակար պիտի ըլլայ:
«Անոնք աջակցութիւն յայտնած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու (Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա) գծով աշխատանքի աշխուժացման նպատակայարմարութեան», կը նշէ Քրեմլինի կայքը:



