Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Զանգեզուրի Միջանցքի Մէջ Մաքսակէտեր Պէտք Չէ Ըլլան. Եթէ Հայաստան Կ՛ուզէ Բեռներն Ու Մարդիկը Վերահսկել, Մենք Մաքսակէտ Պիտի Բանանք Լաչինի Միջանցքին Մէջ»

December 15, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Ազրպէյճանի նախագահի եւ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի հանդիպումը, որմէ ետք տեղի ունեցած է միացեալ մամլոյ ասուլիս:

Սթոլթենպերկ յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը կարեւոր են բոլորին համար: «Բոլոր մարդոց համար խաղաղ ապագայ երաշխաւորելու նպատակով մենք կ՛աջակցինք յարաբերութիւններու կարգաւորման Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ, որոնք երկուքն ալ ՕԹԱՆ-ի համար արժէքաւոր գործընկերներ են», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Ալիեւ նշեց, որ քննարկուած է Հարաւային Կովկասի մէջ յետպատերազմեան իրավիճակը` ընդգծելով, որ Պաքուն հաւատարիմ է շրջանին մէջ կայունութեան ու կանխատեսելիութեան ուղղուած ջանքերուն:

Անոր համաձայն, շրջանին մէջ նոր պատերազմի վտանգը նուազեցնելու համար լաւագոյն միջոցը հաղորդակցութիւններու բացումն է, աշխուժ երկխօսութիւն վարելն ու դարձեալ դրացիներ ըլլալ սորվիլը:

«Եթէ հայկական կողմէն բարի կամքի դրսեւորում ըլլայ, մենք կրնանք սկսիլ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի վրայ աշխատիլ եւ վերջ դնել թշնամանքին», ըսաւ Ալիեւ:

Անդրադառնալով «Զանգեզուրի միջանցք»-ին` ան նշեց, որ «այդ միջանցքին բացման առաջարկը ներառուած է նախորդ տարուան նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան մէջ, ուստի, ըստ Ազրպէյճանի նախագահին, Հայաստանի համար պարտաւորութեան պէս բան է այդ միջանցքին բացումը:

«Այս փուլին մէջ մենք պայմանաւորուած ենք երկաթուղային հաղորդակցութիւն կառուցել Հայաստանի տարածքէն Ազրպէյճանէն դէպի Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւն եւ նաեւ համաձայնած ենք մայրուղիի կառուցման շուրջ: Սակայն մայրուղիի յստակ ճամբան չէ որոշուած. ատիկա ապագայ քննարկումներու հարց է, որ, անկասկած, պիտի քննարկուի այսօր երեկոյեան` եռակողմ հանդիպումին: Զանգեզուրի միջանցքի իրաւական դրութիւնը պէտք է ըլլայ նոյնը, ինչ որ է Լաչինի միջանցքինը: Լաչինի միջանցքին մէջ մաքսակէտեր չկան: Ըստ այնմ, Զանգեզուրի միջանցքին մէջ մաքսակէտեր պէտք չէ ըլլան: Եթէ Հայաստանը կ՛ուզէ վերահսկել բեռները եւ մարդիկը, մենք մաքսակէտ պիտի բանանք Լաչինի միջանցքին մէջ», աւելցուց Ալիեւ:

 

Նախորդը

Գանձախոյզները Աւերած Են Վանի Հայկական Ս. Ստեփանոս Եկեղեցին

Յաջորդը

Ազրպէյճան Հայաստանի Հետ Սահմանին Վրայ Նոր Զօրամաս Բացած Է

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.