Թուրքիոյ փոխվարչապետ, Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշ կը շարունակէ հրապարակային ելոյթներով ժխտել Հայոց ցեղասպանութեան փաստը եւ ատիկա ներկայացնել իբրեւ եւրոպական երկիրներու, մասնաւորաբար Ֆրանսայի եւ Զուիցերիոյ դէմ քայլ:
Պաղըշ չորեքշաբթի օր Անգարայի մէջ դպրոցականներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան փաստի չգոյութեան մասին Զուիցերիոյ մէջ իր կատարած յայտարարութիւնը պատրաստ է նաեւ Ֆրանսայի մէջ կրկնելու:


