ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Կաղա՛նդ պապա, այս նամակս յուսամ կարդաս,
Նուէրներդ այս Կաղանդին ըլլան առատ,
Փոքրիկները խաղալիքներ ա՛լ չեն ուզեր`
Ո՛չ զգեստներ, գլխարկ, ձեռնոց կամ կօշիկներ,
Կը նախընտրեն չիր ու չամիչ, կաթ, մսեղէն,
Քիչ մը պտուղ, որ կշտանան, անօթի են:
Տանտիկինը քեզմէ խնդրեց ձէթ ու պանիր,
Սուրճ ու շաքար, ոսպ ու բրինձ, դեղ` լուալիք:
Ծերունիներն անտէր, հիւանդ` կ՛ուզեն գտնես
Իրենց պակաս, վաղ սպառած դեղահատերն:
Պարմանները` անգործ, կ՛ուզեն ձրիաբար
Այս Կաղանդին հետդ կրել ժամեր երկար:
Կաղա՛նդ պապա, թուղթ թաշկինակ ալ չմոռնաս
Մախաղիդ մէջ զետեղելու` փափուկ, ոչ հաստ:
Նաեւ յիշէ պարապ շիշերն պիւթակազի,
Լեցուր զանոնք ու զետեղէ տակը ծառին:
Կաղա՛նդ պապա, պահարանիդ մէջ չմոռնաս
Եւրօ, տոլար զետեղելու համեստաբար:
Կաղա՛նդ պապա, մենք աղքատ ենք, իսկ դուն` հարուստ:
Քեզ կը սպասենք մենք անհամբեր: Չտա՛ս փախուստ:
26/11/2021
Լիբանան