Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գետ-Գիտութեան

Դեկտեմբեր 7, 2021
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

– Ի՞նչ Գիտենք Եւ Ի՞նչ Չենք Գիտեր Օմիքրոն Տարբերակի Մասին
– Ակոնիտոնը. Թոյներու Թագուհին
– Ի՞նչ Է Մեղրը

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Ի՞նչ Գիտենք Եւ Ի՞նչ Չենք Գիտեր
Օմիքրոն Տարբերակի Մասին

Առողջապահութեան փորձագէտները ամբողջ աշխարհի մէջ մտահոգութիւն կը յայտնեն նոր յայտնաբերուած «Քորոնա»-ի օմիքրոն տարբերակին մասին, որ առաջին անգամ յայտնաբերուած է Հարաւային Ափրիկէի մէջ: Երկրի առողջապահութեան նախարարը յայտարարեց, որ տարբերակը արդէն տարածուած է երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ:

Յաջորդ օրը Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը օմիքրոնը նշանակեց որպէս «մտահոգիչ տարբերակ»:

Նախագահ Ճօ Պայտըն լրագրողներուն հետ ճեպազրոյցի մը ընթացքին արձագանգած է այս յայտարարութեան, սակայն ան ընդգծած է, որ նոր տարբերակը «անհանգստութեան մտահոգութիւն մըն է, եւ ոչ թէ` խուճապի»:

«Քորոնա»-ի պատուաստանիւթ արտադրողները հետազօտութիւններ կ՛ընեն նոր տարբերակէն պատուաստանիւթի պաշտպանութեան մասին:

«Օմիքրոն տարբերակի նենգափոխումները (mutation) մտահոգիչ են, եւ քանի մը օր է, որ  կարելի եղածին չափ արագ կը շարժինք` իրականացնելու մեր ռազմավարութիւնը եւ լուծելու այս տարբերակին յառաջացուցած հարցերը», ըսած է Moderna-ի գործադիր տնօրէն Սթեֆըն Պանսել:

Pfizer կը յայտնէ, որ օմիքրոնէն իր պատուաստանիւթի պաշտպանութեան մասին տուեալները պէտք է հրապարակուին յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին:

Շարք մը երկիրներ ջանքեր կը գործադրեն օմիքրոնի համաշխարհային տարածումը կանխելու համար: Միացեալ Նահանգներ մէկն են այն շարք մը երկիրներէն, որոնք նոր ճանապարհորդական սահմանափակումներ հաստատած են:

Այսպիսով, ինչո՞վ կը տարբերի օմիքրոնը «Քորոնա»-ի այլ տարբերակներէն: Եւ որքանո՞վ պէտք է մտահոգուինք: Առողջապահութեան մասնագէտները կ՛օգնեն մեզի այս հարցերուն վերաբերեալ:

Ցարդ ի՞նչ գիտենք:

«Կայ շատ բան, որ մենք չենք գիտեր օմիքրոնին մասին, ներառեալ այն, թէ արդեօք ան աւելի ծանր հիւանդութիւններ կը յառաջացնէ՞, քան` միւս տարբերակները», կ՛ըսէ շտապ օգնութեան բժիշկ եւ «Ճորճ Ուաշինկթըն» համալսարանի հանրային առողջութեան փրոֆեսէօր Լիանա Վեն:

«Բայց մենք գիտենք, որ ան տարբերակ մըն է անսովոր ու մեծ թիւով նենգափոխումներով:

«Սկզբնական ապացոյցները նաեւ դիտել կու տան, որ օմիքրոն տարբերակը կրնայ աւելի դիւրաւ տարածուիլ, քան` «Քորոնա»-ի միւս տարբերակները», կ՛ըսէ ան:

«Այդ մէկը շատ մտահոգիչ է, որովհետեւ տելթան, որ ամբողջ աշխարհի մէջ գերիշխող տարբերակն է, արդէն չափազանց վարակիչ է: Այսպիսով, եթէ այս մէկը աւելի վարակիչ է, ան կրնայ փոխարինել տելթա տարբերակը», կը նշէ Վեն:

Արդեօք «Քորոնա»-ի պատուաստանիւթերը կը պաշտպանե՞ն օմիքրոնէն:

«Մենք չենք գիտեր, թէ արդեօք մեծ թիւով նենգափոխումները պատուաստանիւթերը աւելի քիչ արդիւնաւէտ կը դարձնե՞ն այս տարբերակի դէմ», կ՛ըսէ Վեն:

Որո՞նք են համընդհանուր ախտանշանները:

«Մենք տակաւին տեղեկութիւններ չունինք այդ մասին», կը նշէ Վեն:

Ի՞նչ կրնամ ընել հիմա` անձս եւ սիրելիներս պաշտպանելու:

«Եթէ տակաւին կը մտածէք, թէ արդեօք պէ՞տք է պատուաստուիք, ապա օմիքրոն տարբերակը կարելի եղածին չափ շուտ պատուաստուելու հիմնական պատճառներէն մէկն է», կ՛ըսէ Վեն` խօսքին մէջ նկատի ունենալով նաեւ դեռահասներն ու 5-էն 11 տարեկան երեխաները:

«Ասիկա նաեւ ճիշդ ժամանակն է «Քորոնա»-ի ձեր խթանիչ դեղաչափը ստանալու համար: Խթանիչ դեղաչափերը կը բարձրացնեն ձեր հակամարմիններու (anitbody) մակարդակը, եւ այդ մէկը ձեզի կը շնորհէ ե՛ւ աւելի երկար պաշտպանութիւն, ե՛ւ աւելի ուժեղ դիմադրական պատասխան` «Քորոնա»-ի տարբերակներու դէմ», կ՛ըսէ ան:

«Ես չեմ կրնար ձեզի յստակօրէն ըսել, թէ այդ մէկը ճիշդ ի՛նչ կ՛ընէ օմիքրոնին դէմ, բայց հաւանական է, որ գոնէ մասնակի պաշտպանութիւն ունենայ», դիտել կու տայ գիտնականը:

«Եւ մասնակի պաշտպանութիւնը միշտ աւելի լաւ է, քան` պաշտպանութիւն չունենալը»:

Ինչի՞ համար պէտք է ամէնէն աւելի մտահոգուիլ:

«Ժահրի տարածումը, լուրջ հիւանդութիւնները եւ պատուաստանիւթի արդիւնաւէտութիւնը կապուած են իրարու: Ուստի երեքն ալ մտահոգիչ են», կ՛ըսէ Վեն:

«Եկէք` սեպենք, որ տարբերակը շատ աելի փոխանցիկ է, բայց ան աւելի ծանր հիւանդութիւն չի յառաջացներ, եւ պատուաստանիւթերը շատ լաւ կ՛աշխատին անոր դէմ: Ապա ան առանձնապէս մտահոգիչ չէ», կ՛ըսէ Վեն: «Կամ, եթէ տարբերակը շատ վարակիչ չէ, բայց աւելի լուրջ հիւանդութիւն կը պատճառէ, այդ մէկը նաեւ այնքան ալ մտահոգիչ չէ, որովհետեւ ան չի փոխարիներ տելթան»:

«Այսպիսով, այդ մէկը իսկապէս այս գործօններուն համակցութիւնն է, որ կրնայ այս տարբերակը մտահոգիչ դարձնել», կ՛ըսէ ան:

Աղբիւր` «Մետսքէյփ»

Ակոնիտոնը. Թոյներու Թագուհին

«Թոյներու թագուհի». ուրկէ՞ կու գայ այս մէկը: Նման անուն սովորաբար չի տրուիր, պէտք է վաստակիլ զայն: Այսպիսով, ինչպէ՞ս ակոնիտոնը ստացած է այս բարձրագոյն տիտղոսը: Անպիտան մը ըլլալով անշուշտ…

Բոյսերու Aconitum սեռը կը բաղկանայ աւելի քան 200 տեսակի ծաղկող բոյսերէ եւ կ՛աճի խոնաւ ու կիսաստուերային տարածքներու մէջ` Հիւսիսային Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ Ասիոյ շրջաններուն մէջ: Անոնք բազմամեայ բոյսեր են ու տարուէ տարի ինքնուրոյն ձեւով կ՛աճին լեռնային վայրերու մէջ եւ ունին ժողովուրդին կողմէ գործածուած տարբեր անուններ:

Այդպիսի անուններէն մէկն է Wolfsbane-ը, եւ կ՛ենթադրուի, որ ան այդ մէկը  ստացած է, որովհետեւ անցեալին Aconitum-ի խառնուրդի մէջ թաթխուած նետերով կը սպաննէին գայլերը: Հետագային այլ անուանում մը ստացաւ եւ դարձաւ Monkshood-ի, որովհետեւ իր տեսքով նման է այն գլխարկներուն, զորս վանականները կը կրէին միջնադարեան շրջանին: Այդ մէկը հաւանաբար բացատրութեան պէտք չունի: Իսկ այսօր ան նաեւ կը կոչուի  «Սատանայի սաղաւարտ», կ՛ենթադրուի, որ ան կարծես գլխարկ ըլլայ եւ բաւականին չար է: Եւ այդ չարութիւնը կու գայ Aconitine կոչուող թոյնէն:

Aconitine-ը բոյսին կողմէ ձեւաւորուած երկրորդական «metabolite» է: Երկրորդական «metabolite»ները այն քիմիական նիւթերն են, որոնք կ՛արտադրուին բոյսին կողմէ եւ անհրաժեշտ չեն անոր կենսունակութեան համար: Անոնք յաճախ կ՛օգտագործուին որպէս պաշտպանական տարրեր: Եւ Ակոնիտոն բոյսին մէջ այդ դերը կը կատարէ Aconitine-ը:

Aconitine-ը ներկայ է բոյսի բոլոր մասերուն մէջ` սկսած գեղեցիկ ծաղիկներէն մինչեւ անոր աղտոտ արմատները: Երբ բոյսի որեւէ հատուած ուտուի, Aconitine-ը կը ներծծուի աղիքներու միջոցով եւ կ՛անցնի գործի: Ան կը կապուի ընկալիչներու հետ (receptors), որոնք կ՛օգնեն կարգաւորելու մկանային բջիջներու sodium-ion-ի միջանցքները (հիմնական դերակատարներ` բջիջներու գործունեայ փուլին), ջղային համակարգը եւ սիրտը: Այս գործողութիւնը կը բանայ միջանցքները` առիթ տալով նատրոնին (sodium) ազատօրէն անցնելու բջիջներէն ներս: Բջիջները կը մնան «բաց» վիճակի մէջ, եւ կաթուած կը յառաջանայ: Կարելի է այս արարքը նմանցնել ինքնաշարժի մը, որուն շարժիչի փականները (valve) կը բացուին, բայց յետոյ չեն փակուիր. ի վերջոյ ան կը լեցուի ջուրով: Նոյնը կը պատահի Aconitine-ի զոհերուն:

Որքան ալ անհաւատալի թուի, բոյսը ունի բժշկութեան օգտագործման երկար պատմութիւն արեւմտեան եւ արեւելեան բժշկութեան մէջ` որպէս ցաւազրկիչ: Բուժումէն շատեր մահացան, քանի որ բժշկման ցուցանիշը (*) (Therapeutic index) փոքր է:

Թոյնի ենթարկման ախտանշաններէն են` տեղական թմրածութիւնը, փորհարութիւնը եւ սրտի տրոփման խանգարումները (սրտի տրոփման անհաւասարաչափ յաճախականութիւնը), որոնք կը յանգին մահուան: 2 միլլիկրամ Aconitine-ը բաւարար է միջին մարդը սպաննելու: Կախուած տեսակէն եւ աղբիւրէն` կարելի է այդ մէկը առնել 1 կրամ բոյսէն. իսկապէս` «թոյնի թագուհի»:

Պատմականօրէն եղած են քանի մը բարձր մակարդակի սպանութիւններ` կապուած Aconitine-ի հետ: Անոնցմէ մէկը կատարած է բժիշկ Ճորճ Հենրի Լամսոն, որ 1881 թուականին սպաննած է իր եղբայրը թունաւոր կարկանդակով` փորձելով մեծցնել իր ընտանեկան ժառանգութեան բաժինը: Անոր ըսած էին, որ Aconitine-ը աննկատելի է. բան մը, որ ճիշդ էր այն ժամանակ, բայց թունաբանութեան ոլորտը միշտ յառաջացումի մէջ է, եւ զինք դատեցին ու դատապարտեցին որպէս մեղաւոր եւ կախեցին:

2004 թուականին քանատացի դերասան Անտրէ Նոպըլ պատահաբար կերաւ բոյսը, երբ իր մօրաքրոջ հետ կ՛արշաւէր Նիւֆաունտլանտ: Ան հիւանդացաւ մօրաքրոջ տնակին մէջ եւ մահացաւ հիւանդանոց գացած ժամանակ:

Իսկ 2009 թուականին լոնտոնցի Լախվինտեր Չիմա թունաւորուած էր իր նախանձոտ նախկին սիրահար` Լախվիր Քաուր Սինկի կողմէ: Տիկին Սինկ մտաւ Չիմայի տուն եւ անոր աւելցած ապուրին մէջ աւելցուց ակոնիտոնի տերեւներ: Չիմա ապուրը ուտելով` մահացաւ, իսկ տիկին Սինկ դատապարտուեցաւ ցմահ ազատազրկման:

Տխուր դասը այն է, որ մեր շուրջբոլորը թոյներ են: Պէտք է վստահութեան որոշակի մակարդակ ըլլայ, որ ձեր սիրելին ձեզ չթունաւորէ, բայց բնութեան թոյներու հանդէպ յարգանքը նոյնպէս կրնայ օգտակար ըլլալ:

(*) Բժշկման ցուցանիշը – Համեմատութիւն` օգուտի եւ թունաւորման դեղաչափերուն միջեւ:

Աղբիւր` «Նեյչըրզ փոյզընզ»

Ի՞նչ Է Մեղրը

(Մեղրը Բազմաթիւ Քաղաքակրթութիւններու
Հիմնական Քաղցրացուցիչն Էր: Բայց Ի՞նչ Է Այդ Մէկը)

 

Մեղրը. կ՛աւելցնես զայն թէյիդ մէջ եւ կը քսես հացիդ վրայ, բայց ի՞նչ է ան: Ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս կու գայ:

Աշխատասէր մեղուներու կողմէ արտադրուող թանձր, ոսկեգոյն հեղուկը` մեղրը կը պատրաստուի ծաղկող բոյսերու նեկտարէն եւ կը պահուի փեթակէն ներս` սակաւութեան ժամանակ ուտելու համար: Բայց ինչպէ՞ս մեղուները զայն կը պատրաստեն:

Նեկտարը քաղցր հեղուկ մըն է, որ կ՛արտադրուի ծաղիկներէն` մեղուի երկար, խողովակաձեւ լեզուին միջոցով եւ կը պահուի անոր յաւելեալ ստամոքսին կամ անոնց բերքին մէջ: Մեղուներու բուսաբուծութեան ժամանակ նեկտարը կը խառնուի անոնց մարմնի էնզայմներուն հետ, որոնք կը փոխակերպեն անոր քիմիական բաղադրութիւնը եւ pH-ը (1)` դարձնելով զայն աւելի յարմար` երկարաժամկէտ պահպանման համար:

Երբ մեղուն վերադառնայ փեթակ, ան որոճալով(2) (regurgitate) նեկտարը` կը փոխանցէ այլ մեղուի մը բերանը: Այս որոճալու գործընթացը կը կրկնուի` մինչեւ մասամբ մարսուած նեկտարը ամբողջապէս տեղաւորուի խորիսխի (honeycomb) մէջ:

Նեկտարը երբ խորիսխին մէջ է, տակաւին կը մնայ մածուցիկ (viscous) հեղուկ մը, որ նման չէ թանձր մեղրին, զոր կ՛օգտագործենք նախաճաշի սեղանին: Մեղրէն այդ յաւելեալ ջուրը ամբողջապէս հանելու համար մեղուները կը սկսին իրենց թեւերով օդափոխել խորիսխը` փորձելով արագացնել ջուրի շոգիացման գործընթացը:

Երբ ջուրին մեծ մասը շոգիանայ խորիսխէն, մեղուն կը փակէ զայն անոր որովայնէն արտադրուող հեղուկի մը միջոցով, եւ ի վերջոյ կը կարծրանայ խորիսխը մեղրամոմի (beeswax) տեսքով: Օդէն եւ ջուրէն հեռու` մեղրը կարելի է երկար ու անորոշ ժամանակով պահել` որպէս սնունդի աղբիւր մեղուներուն, ձմրան ցուրտ ամիսներուն:

Բայց քաղցրեղէնի ախորժակ ունեցողները միայն մեղուները չեն: Մարդիկ, արջերը եւ այլ կենդանիներ շատոնց կը ներխուժէին իրենց թեւաւոր ընկերներու ձմեռնային մթերանոցները` մեղր քաղելու համար:

Իրականութեան մէջ, մինչեւ շաքարը լայնօրէն հասանելի դառնալը` տասնվեցերորդ դարուն, մեղրը աշխարհի հիմնական քաղցրացուցիչն էր, իսկ Հին Յունաստանը եւ Սիկիլիան մեղրի արտադրութեան ամենայայտնի պատմական կեդրոններէն էին:

Մեղրին գոյնը, համը, բոյրը եւ հիւսուածքը (texture) մեծապէս կը տարբերին` կախուած ծաղիկի տեսակէն: Օրինակ, երեքնուկի (clover) մեղրը մեծապէս կը տարբերի հուսամի (lavender) դաշտեր յաճախող մեղուներէ հաւաքուած մեղրէն:

(1)  pH- Քիմիական չափանիշ մը, որ ցոյց կու տայ, թէ նիւթը որքանով թթու է:
(2)  որոճալ- կերածը ստամոքսէն ետ բերան տանելով կրկին ծամել:

Աղբիւր` «Լայվ սայընս»

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին. «Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական Մրցանքին Մրցանակաբաշխութիւնը Առիթ` Շեշտելու Հայ Գիրի Եւ Գրականութեան Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

Մարտ 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

Օգոստոս 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Յուլիս 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?