ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Աւանդութեան վերածուած է ամէն տարի ձմեռնամուտին նշել Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օրը: Այս տարի 131-րդ տարեդարձն է Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 1890 թուականին: Հայկական ազատագրական պայքարին հասունացման պայմաններուն մէջ, յառաջ եկած էին բազմաթիւ յեղափոխական խմբակներ, բջիջներ ու կուսակցութիւններ: Գտնուեցան ապագայատեսիլ բուռ մը մարդեր, հիմնաւորապէս մտաւորականներ, որոնք անդրադարձան, որ անհատական կամ փոքր խմբակային ճիգերով կարելի չէ ազատագրական պայքար ծաւալել եւ գաղափարի ու գործի շուրջ համախմբել հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերը: Անոնք, գաղափարական տարբեր համոզումներու տէր մարդեր, ընդունեցին, որ ազատագրական պայքարի էութիւնը հայ ժողովուրդի արդար դատն է ու այդ դատը հետապնդելու բարոյական հիմնաւորումը: Համաձայնեցան, որ յեղափոխականութիւնը վերափոխումն է հինին, հայ ժողովուրդի պարզած անբաղձալի վիճակին, եւ թէ հրամայական անհրաժեշտութիւն է ուժերու ու կամքերու մէկտեղումը թէ՛ արիւնոտ մարտադաշտի վրայ եւ թէ՛ պայքարի խաղաղ ասպարէզի մէջ:
Ստեղծուած կազմակերպութիւնը կուսակցութիւն չկոչուեցաւ: Կուսակցութիւնը հատուածականութիւն կը նշանակէ, մինչդեռ Դաշնակցութիւնը հիմնողները ազգին ամբողջ կարողականութիւնը կ՛ուզէին ազատագրութեան իտէալին շուրջ մէկտեղել: Այս պատճառով ալ, որդեգրեցին Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւն անուանումը: Շուտով սակայն յեղափոխականների «ների»-ն սղեցաւ, բայց Դաշնակցութիւնը մնաց:
Կազմակերպութեան դաշնակցային բնոյթը թէեւ հոլովոյթի ենթարկուեցաւ ու անիկա գաղափարական միաձոյլ կառոյցի վերածուեցաւ, սակայն ՀՅ Դաշնակցութեան բազմաբնոյթ գործունէութեան շատ երեւոյթներ կը շարունակեն վկայել հայութեան բոլոր գործօն ուժերը համախմբելու, դաշնակցելու յարատեւ փորձերուն մասին:
Իր ստեղծման օրէն, Դաշնակցութիւնը ենթարկուեցաւ անջատական տրամադրութեամբ տոգորուած ուժերու քննադատութեան: Ո՛չ միայն քննադատութեան, այլ նաեւ բացայայտ հալածանքին: Դաշնակցութիւնը բազում զոհեր տուաւ այդ տմարդի հալածանքին: ՀՅ Դաշնակցութիւնը երբեմն ընկրկեցաւ ծանր տուրք վճարելով իր դէմ ծաւալած վտանգին, Բայց երբեք չհաշտուեցաւ իրեն վիճակուած դժխեմ ճակատագիրին հետ ու վերականգնեցաւ աւելի աշխուժ, աւելի վճռական, գաղափարապէս աւելի ջրդեղուած:
Դաշնակցութեան գործը հայրենիքին` Հայաստանի համար է: Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատն է իր նպատակը: Ով կողմ է Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին, կրողն է դաշնակցական ոգիին` դաշնակցականութեան: Ու մենք կը հաւատանք, որ այդ ոգին կը թեւածէ հայաշխարհի բոլոր անկիւնները` Հայաստանի մէջ, Արցախի մէջ, սփիւռքի տարածքին: Այս աներեր հաւատքն է, որ մեզ վստահ կը դարձնէ, որ հայութեան համազգային զարթօնքը պիտի չուշանայ:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը տարին անգամ մը կը ներկայանայ զինք ծնած ժողովուրդին, հրապարակային համարատուութեան համար: Համարատուութիւնը չի վերածուիր ինքնագովութեան առիթի, այլ ժողովուրդին հետ հաղորդակցելու եւ անոր ձգտումներուն բազկերակը շօշափելու: Դաշնակցութեան օրը հոգեկան հաղորդութեան վկայարան է:
Հայ ժողովուրդի ընդոծին ձգտումներուն մեծ վկայ մը` Խրիմեան Հայրիկը, Վասպուրականի իր հայրենակիցներուն ուղղուած նամակի մը մէջ կը գրէր. «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հայկական նոր ասպետութիւն է: Ելէ՛ք, ելէ՛ք ժողովուրդ հայոց, անդամագրուեցէ՛ք հայկական նոր ասպետութեան, թեւ թիկունք տուէք անոր, զի խաչին ու մաճին հետ, փրկարար է նաեւ ասպետին սուրը»:
Խրիմեան Հայրիկի այս սրտառուչ կոչը արդիական կը հնչէ նաե՛ւ ներկայիս: Դաշնակցութիւնը էր ու կը մնայ հայկական նոր ասպետութիւնը: