Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ` չորեքշաբթի, 1 դեկտեմբերին ըսաւ, որ Ռուսիա կը շարունակէ իր ուշադրութեան կիզակէտը պահել շրջանային տարբեր տագնապները, որոնց շարքին նաեւ` ղարաբաղեան հարցի լուծման ուղղուած ջանքերը:
«Ռուսիա յստակ ներդրում պիտի ունենայ նման տագնապներու լուծման մէջ: Խօսքը ահաբեկիչներուն յաղթելու եւ Սուրիոյ մէջ քաղաքական երկխօսութեան խթանման վերաբերող մեր ջանքերուն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ վիճելի հարցերուն կայուն լուծումներ գտնելու առումով մեր առանցքային դերակատարութեան մասին է», ըսաւ Լաւրով:



