Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխապատի Վեհաժողովի Լուսանցքին. Էրտողան Եւ Ալիեւ Խորհրդակցած Են «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

November 30, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ը դարձեալ քննարկումի առանցքային նիւթ դարձած է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ Աշխապատի վեհաժողովին ընթացքին: Տնտեսական   համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովի ընթացքին Ալիեւ ըսած է.  «Այսօր ես կրնամ ըսել, որ Զանգեզուրի միջանցքը իրականութիւն կը դառնայ: Երթեւեկի այս նոր ենթակառուցուածքը պիտի դառնայ Արեւելք-Արեւմուտք եւ Հիւսիս-Հարաւ միջանցքներու կարեւոր մասը: Վստահ եմ, որ Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ պետութիւնները պիտի օգտագործեն այդ միջանցքը»:

Իր կարգին, Թուրքիոյ  նախագահ Ռեճեփ Էրտողան,  կարեւոր նկատած է «Զանգեզուրի միջանցք»-ին նշանակութիւնը եւ ընդգծած, որ պէտք է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել երթեւեկի միջանցքներու  զարգացման:

Իսկ Երեւան յաճախակիօրէն շեշտած է, որ 9 նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի եռակողմ յայտարարութեանց մէջ «միջանցքային տրամաբանութիւն չկայ»: Նմանապէս, նման յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 23 նոյեմբերին, առցանց ասուլիսի ժամանակ: «Անունը դրած են «Զանգեզուրի միջանցք» ու կ՛ըսեն` եթէ չտաք, մենք պատերազմով այդ միջանցքը կը ստանանք»,  ընդգծած էր Փաշինեան` շարունակելով. «Այդպէս բան չի կրնար ըլլալ, բայց միւս կողմէ` Հայաստան շահագրգռուած է երկաթուղային ու ինքնաշարժներու մայրուղիներու կապի վերականգնումով: Այո՛, Ազրպէյճանը պէտք է ստանայ ճանապարհ, այս պարագային, Նախիջեւանի մասին չէ խօսքը, խօսքը Թուրքիա-Ազրպէյճան կապի մասին է, ես յոյս ունիմ` ճիշդ կը հասկցուիմ` այդտեղ ալ Հայաստանը շահագրգռութիւն ունի»:

Պաշտօնական Մոսկուան եւս անդրադառնալով «Զանգեզուրեան միջանցք»-ին մասին լուրերուն, յայտարարած է` եռակողմ աշխատանքային խումբի բոլոր անդամները պայմանաւորուած են, որ բոլոր ապաշրջափակուած եւ նոր ստեղծուող  երթեւեկի ուղիները պէտք է գործեն այն պետութեան տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը յարգելու հիման վրայ, որուն տարածքով անոնք կ՛երթեւեկեն:

26 նոյեմբերին Սոչիի մէջ կայացած եռակողմանի հանդիպման ընթացքին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու բանակցութիւններուն  հիմամբ ընդունուած յայտարարութեան մէջ եւս «միջանցք» բառը կը բացակայի: Կը սպասուի, որ նոր պայմանաւորուածութիւններու մասին երեք երկիրներու փոխվարչապետները յայտարարեն եկող շաբաթ Մոսկուայի մէջ:

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Ներկայ Փուլը Կ՛ենթադրէ, Որ Արաբական Երկիրները Լիբանանի Կողքին Կանգնին` Շրջանցելով Միջպետական Յարաբերութիւններուն Սպառնացող Որեւէ Հարց»

Յաջորդը

Հայ Եւ Յոյն Պատգամաւորները Անդրադարձան Յետպատերազմեան Իրադրութեան

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.