Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

26 ՓԵՏՐՈՒԱՐԻՆ ՆՈՐ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ ՀԱՆՐԱՔՈՒԷ. ՄԱԿ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՇՈՒՐՋ ԲԱՆԱՁԵՒ ՄԸ

February 16, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քուէյթեան «Քունա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիա երեքշաբթի գիշեր Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ներկայացուած արաբական բանաձեւին բարեփոխումներ ներկայացուց:

Դիւանագիտական աղբիւր մը լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը այսօր պիտի քննարկէ արաբական երկիրներու կողմէ պատրաստուած բանաձեւը, որ երեքշաբթի օր ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներուն բաժնուած է: Աղբիւրը նշեց, որ արաբական երկիրները կարելի եղածին չափ մեծաթիւ քուէներ ապահովելու սիրոյն պատրաստ են բանաձեւի այլ բարեփոխումներ եւս ներառելու:

Մինչ այդ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հրապարակեց հրամանագիր մը, ըստ որուն, 26 փետրուարին Սուրիոյ նոր սահմանադրութեան նախագիծին շուրջ հանրաքուէ տեղի պիտի ունենայ: Նոր սահմանադրութիւնը կը բաղկանայ 157 յօդուածներէ եւ վեց գլխաւոր գլուխներէ, որոնք հիմնական սկզբունքներ են` իրաւունքներն ու ազատութիւնները, օրէնքի գերիշխանութիւնը, պետութեան իշխանութիւնները, սահմանադրական դատարանը, սահմանադրութեան բարեփոխումը, ընդհանուր եւ ժամանակաւոր օրէնքները:

Նախագիծին մէջ նշուած է, որ Սուրիոյ վարչակարգը հանրապետական է, գերիշխանութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին, որ զայն կը կիրարկէ սահմանադրութեամբ ճշդուած ձեւերով եւ սահմաններուն մէջ: Նախագիծը կ՛ընդգծէ, որ ազատութիւնը սրբազան իրաւունք է, իսկ պետութիւնը քաղաքացիներու սեփական ազատութիւնը կ՛երաշխաւորէ եւ անոնց վարկն ու ապահովութիւնը կը պահպանէ: Պետութիւնը մամլոյ, հրատարակութեան եւ լրատուամիջոցներու ազատութիւնը կ՛երաշխաւորէ:

Նախագիծը կը նշէ, որ քաղաքացիները իրաւունք ունին խաղաղ ցոյց կամ գործադուլ կատարելու: Ըստ նախագիծին, հանրապետութեան նախագահը կ՛ընտրուի ժողովուրդին կողմէ եւ անոր նստաշրջանը 7 տարի է` վերանորոգելի մէկ անգամուան համար: Ջնջուած է ներկայ սահմանադրութեան 8-րդ յօդուածը, որ կը նշէր, թէ Պաաս կուսակցութիւնը «ընկերութեան եւ պետութեան ղեկավար կուսակցութիւնն է»: Անոր տեղ կը նշուի, որ «պետութեան վարչակարգը հիմնուած է քաղաքական բազմազանութեան վրայ, իշխանութիւնը կը կիրարկուի ընտրութեան ճամբով ժողովրդավարական ձեւով, իսկ արտօնագրեալ կուսակցութիւններն ու ընտրական համախմբումները ազգային քաղաքական կեանքին կը մասնակցին»:

Մինչ Միացեալ Նահանգները նոր սահմանադրութեան շուրջ հանրաքուէն «հեգնական» նկատեցին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ողջունեց նոր սահմանադրութեան շուրջ հանրաքուէի թուականի ճշդումը եւ նշեց, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը մեկուսացնելու փորձերը սխալ են: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Մայքըլ Համըր էմիրաթական «Խալիժ» օրաթերթին յայտնեց, որ իր երկիրը կը ձգտի Ասատի վրայ ճնշումը աւելցնել, ինչպէս նաեւ պատժամիջոցները խստացնել եւ դիւանագիտական մեկուսացումի ճամբով անոր վարչակարգը աւելի նեղի մատնել: Ան նշեց, որ «Սուրիա խաղաղապահ ուժեր ուղարկելու գաղափարին զօրակցելու հարցով Արաբական լիկային հետ պիտի խորհրդակցինք»: Իսկ Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ սկսած են երկրէն հեռանալու ծրագիրներ մշակել:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ նշեց, որ Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է Սուրիոյ մէջ մարդասիրական միջանցքներ հաստատելու հարցը քննարկէ: Իսկ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի անդամ Ռատուան Զիատէ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին ըսաւ, որ «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խորհրդաժողովը Ապահովական խորհուրդին այլընտրանքն է:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնեց, որ «Ուաշինկթըն սուրիական տագնապին վերջ տալու համար Անգարայի վրայ իր դրած գրաւին ձախողութենէն յուսախաբ եղած է»: Ամերիկացի պաշտօնատարներ օրաթերթին նշած են, որ իրենց թուրք գործընկերները շատ խօսած են, սակայն քիչ գործած:

Նախորդը

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԲԱՆԱԿԻ ՍՊԱՅԱԿՈՅՏԻ ՆԱԽԿԻՆ ՊԵՏԸ ՑԿԵԱՆՍ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ

Յաջորդը

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ՄԵՐ ԹԻՒ 1 ԽՆԴԻՐԸ (ՓԵՏՐՈՒԱՐԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ)

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.