
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ «Մեթրոփոլիթըն» պանդոկին մէջ բացումը կատարեց գիւղական շրջաններու կենսամակարդակը բարելաւելու յատուկ ուըրքշափի մը, որուն նպատակն էր աշխատանքի կարելիութիւններ տրամադրել 250 ընտանիքներու:
Իր արտասանած խօսքին մէջ Վ. Սապունճեան յայտնեց, որ հարաւային եւ հիւսիսային Լիբանանի եւ Պեքաայի մէջ կարելի եղած է ընտրել 32 գործարաններ, որոնք առաջին անգամ ըլլալով պիտի կարենան նման կարելիութենէ մը օգտուիլ:
Ան աւելցուց, որ կարգ մը գիւղեր ապահոված են նաեւ այնպիսի սարքեր, որոնք ուժանիւթի խնայողութիւն կը կատարեն եւ կենսոլորտի առողջութիւնը կը պահպանեն` զայն ապականումէ զերծ կացուցելով:
Նախարար Սապունճեան ընդգծեց, որ այս ծրագիրին ֆինանսաւորումը ստանձնած է Իտալիոյ կառավարութիւնը` աւելցնելով, որ ծրագիրը կ՛արժէ մէկ միլիոն 480 հազար եւրօ:


