Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան ձմրան ընթացքին կրնայ հեռանալ այժմու իր ակումբէն` Ա. էս. Ռոմայէն եւ տեղափոխուիլ այլ կազմ մը:
Նշուեցաւ, որ 32 տարեկան ֆութպոլիստը բաւական դժգոհ է իր մարզիչէն` Ժոզէ Մուրինիոյէն` նկատի ունենալով, որ ան կը կիրարկէ սխալ քաղաքականութիւն մը ու մարզիկները կը տեղադրէ իրենց չպատկանած դիրքերուն վրայ, եւ բնականաբար անոնք իրենց առաւելագոյնը չեն կրնար տալ իրենց կազմին:
Սակայն ցայժմ Մխիթարեանի միանալիք նոր ակումբին մասին յստակ տեղեկութիւններ չկան: