Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԱՀԿ-ի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Գործերու Հաւատարմատարը Բացառած Է Արցախի Խնդիրի Զինուորական Լուծումը

November 19, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի ծիրին մէջ բազմաթիւ խնդիրներ կը մնան չլուծուած, սակայն զինուորական լուծում չի կրնար ըլլալ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի նիստին ընթացքին ըսած է ԵԱՀԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցչութեան գործերու հաւատարմատար Քորթնի Օթրիանը:

Ան ողջունած է նիստին ներկայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը` ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգներ շատ կարեւոր կը նկատեն անոնց կատարած շարունակական աշխատանքը:

«Մենք յանձնառու ենք կողմերուն աջակցելու` գտնելու լուծումներ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչուած կամ ատոր պատճառով յառաջացած խնդիրներուն: Շնորհակալ ենք բոլորիդ, ներառեալ բարձր մակարդակի կազմակերպման խումբի ղեկավարը, ձեր ճշգրիտ զեկուցումներուն եւ թարմացումներուն համար», նշած է Օսթրիան:

Ան ընդգծած է, որ անոնց` 2020 թուականի նոյեմբերին ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի նիստին վերջին ներկայութենէն ետք կացութիւնը կայունացած է, սակայն կը շարունակէ մնալ փխրուն: «Այս շաբաթը ընդգծեց այդ փխրունութիւնը: Կը ցաւինք, որ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ հայկական ու ազրպէյճանական զօրքերը բախում ունեցան, ինչ որ յանգեցուց մարդկային կորուստներու: Այս վերջին իրադարձութիւնները նոր հրատապ անհրաժեշտութիւն ստեղծեցին` ունենալու համապարփակ լուծում: Թէ՛ Հայաստանին, թէ՛ Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղենք հաւատարիմ մնալու զինադադարի իրենց յանձնառութեան եւ անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու լարուածութիւնը մեղմացնելու նպատակով, ինչպէս նաեւ զերծ մնալու հրահրող հռետորաբանութենէն ու սադրիչ գործողութիւններէն կամ յայտարարութիւններէն», նշած է ան:

ԵԱՀԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցչութեան գործերու հաւատարմատարը կողմերը յորդորած է օգտուելու այն յառաջընթացէն, որ արձանագրուած էր Նիւ Եորքի եւ Փարիզի մէջ համանախագահներու հովանիին տակ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու միացեալ հանդիպումներու ընթացքին` մասնակցելով ուղիղ երկխօսութեան` յանուն շրջանին մէջ անվտանգութեան, կայունութեան եւ բարօրութեան հաստատման: «Կողմերը կը յորդորենք հետաքննելու մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներու եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտման բոլոր մեղադրանքները», ըսած է ան:

Օսթրիանը ողջունած է ԵԱՀԿ-ի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի եւ անոր խումբի աշխատանքը` ուղղուած կողմերուն մօտ թափանցիկութեան խթանման ու վստահութեան հաստատման` ընդգծելով, որ այդ աշխատանքը անփոխարինելի է եւ ունի ամերիկեան կողմի լիակատար աջակցութիւնը:

«Տագնապի ծիրին մէջ բազմաթիւ խնդիրներ կը մնան չլուծուած, սակայն զինուորական լուծում չի կրնար ըլլալ: Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են աշխատելու կողմերուն հետ` գտնելու տեւական ու խաղաղ լուծում` հիմնուած մասնակից պետութիւններու կողմէ ճանչցուած սկզբունքներու վրայ, որոնք են` ուժ կամ ուժի սպառնալիք չկիրարկելը, տարածքային ամբողջականութիւնը, ժողովուրդներու հաւասար իրաւունքներն ու ինքնորոշումը, ինչպէս կը նշուի Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրին մէջ», իր խօսքը եզրափակած է Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը:

Նախորդը

Հայաստան Առաջին Անգամ Ըլլալով Ընտրուած Է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գործադիր Խորհուրդի Անդամ

Յաջորդը

«Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Վիճելի Հարցերու Լուծման Գործին Մէջ Ռուսական Դիւանագիտութեան Դերը Կ՛աճի» Կ՛ըսէ Փութին

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.