Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Արժանթին եւ Պրազիլ, որոնք մրցեցան իրարու դէմ, արձանագրեցին 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Մրցում մը նուազ կատարած Արժանթին (Պրազիլի նման), որ այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 29 կէտ եւ կը գտնուի երկրորդ դիրքին վրայ, ապահովելով նուազագոյնը չորրորդ դիրքը, կրցաւ Քաթարի իր տոմսը ապահովել:
Պրազիլ, որ նախքան այս հանգրուանը տեղի ունենալը ապահոված էր իր տոմսը, այժմ ունի 35 կէտ:
Նշենք, որ անոնք երկուքն ալ ցարդ անպարտելի միակ կազմերն են:
Էքուատոր յաղթելէ ետք Չիլիին (2-0) բաւական մօտեցաւ իր տոմսը ապահովելու:
Մնացեալ մրցումներուն արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Պոլիվիա-Ուրուկուէյ` 3-0, Վենեզուելլա-Փերու` 1-2 եւ Քոլոմպիա-Փարակուէյ` 0-0: