Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Մուրատով Պաքուէն Երեւան Բերաւ Նախանցեալ Օրուան Բախումներուն Նահատակուած Հայ Զինուորի Մը Մարմինը

November 18, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ հարաւային ռազմական ջոկատի փոխհրամանատար, Արցախի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի նախկին հրամանատար զօր. Ռուստամ Մուրատովի միջնորդութեամբ, 17 նոյեմբերի երեկոյեան յատուկ թռիչքով Պաքուէն Երեւան տեղափոխուած է 16 նոյեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան արեւելեան սահմանագօտիին մէջ ազրպէյճանական զինուած ուժերու սադրանքէն ետք ծաւալած մարտերու ընթացքին զոհուած Հայաստանի զինուած ուժերու զինուորի մը մարմինը: 17 նոյեմբերին զօր. Ռուստամ Մուրատովին ընդունած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն տեղեկացուցին, որ հանդիպումի ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը ներկայացուցած է 16 նոյեմբերին ծաւալած մարտերու մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ տուեալներ հաղորդած գերեվարուած հայ զինուորներուն վերաբերեալ: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շարունակելու աշխատանքները թէ՛ գերեվարուած զինուորներու վերադարձին, թէ՛ ալ անհետ կորսուած զինուորներու յայտնաբերման ուղղութեամբ:

Երէկ` 17 նոյեմբերին Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ, կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամանակ, պատասխանելով «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Լենա Նազարեանի այն հարցումին, որ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը Հայաստանին կ՛առաջարկէ կնքել խաղաղութեան համաձայնագիր, այս պարագային ի՞նչ է Հայաստանի պատասխանը, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան շրջագիծին մէջ բանակցային հոլովոյթին ամբողջ նպատակը Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու փուլին հասնիլն է` աւելցնելով. «Հայաստանն ալ Ազրպէյճանին առաջարկած է եւ կ՛առաջարկէ կնքել խաղաղութեան համաձայնագիր»:

Միւս կողմէ, Վրաստանի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Զալքալիանին Պրիւքսելի մէջ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: Այս մասին յայտնած է Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

«Արեւելեան գործընկերութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումի շրջագիծին մէջ Վրաստանի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Զալքալիանի բանակցութիւններ վարած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի գործընկերներ Ճէյհուն Պայրամովի եւ Արարատ Միրզոյեանի հետ: Քննարկուած է իրադրութիւնը շրջանին մէջ: Վրաստանի փոխվարչապետը անգամ մը եւս ընդգծած է շրջանին մէջ  կայունութեան ամրապնդման եւ դրացի երկիրներուն միջեւ լարուած իրադրութեան մեղմացման կարեւորութիւնը: Զալքալիանի վերահաստատած է վրացական կողմի պատրաստակամութիւնը` ապագային եւս գործադրելու բոլոր ջանքերը` յանուն շրջանին մէջ մնայուն խաղաղութեան ու կայունութեան», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, որ Մոսկուայի մէջ կը մասնակցի ԱՊՀ պետութիւններու Անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու տարեկան հանդիպումին, ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթի լրագրողին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կ՛ակնկալեն, որ Ռուսիան, իբրեւ ռազմավարական գործընկեր, եւ 1997-ի համաձայնագիրի հիման վրայ օգնէ լուծելու խնդիրները` Ազրպէյճանի գործողութիւններուն պատճառով սահմանին ստեղծուած իրադրութեան վերաբերեալ, աւելցնելով, որ ազրպէյճանական զինուած ուժերը կը գտնուին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ:

Նախորդը

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Չաւուշօղլու. «Եթէ Հայաստանը Պատրաստ Է, Ապա Թուրքիան Եւս Պատրաստ Է»

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.