Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի անդրադարձած է Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ տեղի ունեցած բախումներուն:
«Արմէնփրես»-ի համաձայն, Ժոլի «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ Քանատան խորապէս մտահոգ է Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ վերջին բախումով, որ յանգեցուցած է հայ զինուորներու մահուան:
«Մեր միտքերը զոհերու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն հետ են: Մենք լարուածութեան մեղմացման կոչ կ՛ուղղենք, որպէսզի կարելի ըլլայ տագնապին խաղաղ լուծում գտնել», գրած է ան: