Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի 17 Անդամներ Կը Պահանջեն Ջնջել Կալուածի Վարձակալութիւնը

Նոյեմբեր 16, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի 17 ներկայացուցիչներ Երուսաղէմի պատրիարք Նուրհան եպս. Մանուկեանը կը յորդորեն ջնջել «Կովերու պարտէզ» կալուածին վերաբերեալ ստորագրուած համաձայնագիրը:

Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք Արմենիա»-ն, որ կը նշէ, թէ յուլիսին Երուսաղէմի պատրիարքը, պատրիարքարանի լուսարարապետ Սեւան արք. Ղարիպեանը եւ անշարժ գոյքի վերակացու Պարէտ ծ. վրդ. Երիցեանը ստորագրած են փաստաթուղթ մը պատրիարքարանին պատկանող հողատարածքը` «Կովերու պարտէզ» կոչուող կալուածը 99 տարիով աւստրալիացի հրեայ Տանի Ռուպինշթայնին վարձու տալու մասին: Գործարարը կը նախատեսէ այդտեղ պանդոկ կառուցել:

«Սփութնիք Արմենիա»-ին տրամադրուած Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի 17 ներկայացուցիչներու յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ միաբանութեան ժողովներուն ժամանակ «Կովերու պարտէզ» կալուածին վրայ պանդոկ կառուցելու վերաբերեալ որեւէ համաձայնագիր չէ քննարկուած եւ չէ վաւերացուած:

Անոնք նաեւ կը պահանջեն պաշտօնէ արձակել Պարէտ ծ. վրդ. Երիցեանը, որ ամէն կերպ կը խոչընդոտէ գործարքի չեղեալ յայտարարուիլը:

Անոնք կ՛ընդգծեն, որ համաձայնագիրը ուսումնասիրելէ ետք հարցը պէտք է քննարկուէր տնօրէններու ժողովի ժամանակ, որմէ ետք պէտք էր քուէարկութեան դրուէր: Մեծամասնութեան քուէն ստանալէ ետք միայն համաձայնագիրը պիտի նկատուէր վաւերացուած:

Պատրիարքարանի ներկայացուցիչները կարեւոր նկատած են նաեւ, որ համաձայնագիրին ստորագրութեամբ կը խախտուի տասնամեակներ շարունակ պատրիարքութեան կողմէ որդեգրուած սկզբունք մը` որեւէ կալուած վարձու տալու պարագային նուազագոյնը երեք առաջարկ ընդունիլ եւ ստորագրութեան համար անոնցմէ առանձնացնել յարմարագոյնը:

«Նախապէս նաեւ նշուած է, որ համաձայնագիրը ստորագրուած է «պատրիարքական հեղինակութեամբ»: Այս բառակապակցութիւնը նոր եւ շինծու արտայայտութիւն է, որ առաջին անգամ կը դրուի շրջանառութեան մէջ: Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի կանոնագրութիւնը յստակ կը սահմանէ. «Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան վարչութիւնը յանձնած է Երուսաղէմի պատրիարքին, որ կը գործէ համաձայն կանոնագրութեան», կը նշեն ներկայացուցիչները:

Անոնք կը շեշտեն, որ Սուրբ աթոռի կալուածներուն կալուածատէրը միաբանութիւնն է, իսկ վարձակալը գործ ունի պատրիարքութեան հետ: Հետեւաբար միայն պատրիարքին ստորագրութեամբ որեւէ կալուած վարձակալութեան չի կրնար տրուիլ:

Տարածքը պատրիարքարանի, վարժարանի եւ դպրոցի հետ միասին մէկ ամբողջութիւն է, եւ այդ տարածքի վերահսկողութեան կորուստը խոցելի պիտի դարձնէ պատրիարքութեան գործունէութիւնը:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Սէուտական Արաբիոյ Եւ Ծոցի Կարգ Մը Երկիրներուն Հետ Լիբանանի Յարաբերութիւնները Բնականոնացնելու Նպատակով Ճիգերը Կը Շարունակուին»

Յաջորդը

Քլաար Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Լարուածութեան Աճին Նկատմամբ

RelatedPosts

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
Քոնկրեսին Մէջ Արցախի  Եւ Հայ Գերիներու Տագնապի Քննարկում
Հայկական

Քոնկրեսին Մէջ Արցախի Եւ Հայ Գերիներու Տագնապի Քննարկում

Մայիս 3, 2025
Ռուբէն Վարդանեանի Որդին Դիմած Է Թրամփին`  Գերիները Ազատ Արձակելու Խնդրանքով
Հայկական

Ռուբէն Վարդանեանի Որդին Դիմած Է Թրամփին` Գերիները Ազատ Արձակելու Խնդրանքով

Մայիս 3, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?