Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Մանրամասնութիւններ Կը Ներկայացնէ Միրզոյեան-Պայրամով Հանդիպման Մասին

November 12, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մանրամասնութիւններ յայտնած է Փարիզի մէջ Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումին վերաբերեալ:

«Արմէնփրես»-ի համաձայն, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան նախ առանձին հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ, որոնք Փարիզ հասած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր ժողովին մասնակցելու համար:

Անջատ հանդիպումներէն ետք Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը բացումը կատարած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ֆրանսացի, ամերիկացի եւ ռուս համանախագահներու հովանիին տակ հանդիպումին:

Հանդիպումի ընթացքին Ժան Իվ Լը Տրիան վերահաստատած է Ֆրանսայի ցանկութիւնը ամրապնդելու կողմերուն միջեւ երկխօսութիւնը, որ կրնայ նպաստել Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան` ի շահ շրջանի բնակչութեան:

Այդ նպատակին հասնելու համար ան վերահաստատած է Ֆրանսայի վճռականութիւնը` շարունակելու աշխուժ գործունէութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ:

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Ազատ Արձակելու Գերիները

Յաջորդը

Լիւքսամպուրկի Խորհրդարանը Հայ Գերիներու Վերադարձը Պահանջող Հայամէտ Բանաձեւ Մը Որդեգրած Է

RelatedPosts

ԵԱՏՄ-ի Մէջ Ներկայացուցին Հայաստանի  Անդամակցութեան Կասեցման  Հետեւանքներուն Մասին Զեկուցումը
Գլխաւոր լուրեր

ԵԱՏՄ-ի Մէջ Ներկայացուցին Հայաստանի Անդամակցութեան Կասեցման Հետեւանքներուն Մասին Զեկուցումը

October 21, 2026
Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը  ՔՈՓ17-ի Մասնակիցներուն Կոչ Ուղղեց`  Ուշադրութիւն Դարձնելու  Արցախահայութեան Իրաւունքներուն
Հայկական

Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը ՔՈՓ17-ի Մասնակիցներուն Կոչ Ուղղեց` Ուշադրութիւն Դարձնելու Արցախահայութեան Իրաւունքներուն

October 21, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացումը  Պիտի Ընդգրկուի Ազգային Ժողովի Օրակարգին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացումը Պիտի Ընդգրկուի Ազգային Ժողովի Օրակարգին Մէջ

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.