Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Ազատ Արձակելու Գերիները

November 12, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութեան բանբերը հրապարակած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ զինադադարի միամեակի վերաբերեալ հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Այս շաբաթ կ՛ամբողջանայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ստորագրուած զինադադարի համաձայնագիրէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի եւ շրջակայ տարածքներուն մէջ զինուորական գործողութիւններու դադրեցման առաջին տարին:

«Եւրոպական Միութիւնը ցաւ կը յայտնէ զինուորական այս գործողութիւններուն ընթացքին հասցուած մարդկային կորուստներուն համար եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուածներու ու վիրաւորներու ընտանիքներուն: Թէեւ զինուորական գործողութիւնները դադրած են, սակայն բազմաթիւ առկախուած հարցեր տակաւին լուծման կարիք ունին` ճամբայ հարթելու դէպի բանակցային, համապարփակ եւ կայուն լուծում: Մենք, մասնաւորաբար, կոչ կ՛ուղղենք խստօրէն պահպանելու զինադադարը, անյապաղ ազատ արձակելու միւս բոլոր գերիները, լիակատար կերպով համագործակցելու ականազերծման հարցին մէջ եւ թուլացնելու սահմանային շրջաններուն մէջ լարուածութիւնը:

«Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ խաղաղ եւ բարեկեցիկ Հարաւային Կովկասի խթանման եւ աշխուժօրէն ներգրաւուած է խաղաղաշինութեան ու յետպատերազմեան վերականգնման հոլովոյթներուն մէջ: Մենք կարեւոր դերակատարութիւն ստանձնած ենք գերիներու վերադարձի եւ ականապատ դաշտերու քարտէսներու յանձնումի գործին մէջ: Եւրոպական Միութիւնը նաեւ աջակցած է տագնապի ազդակ իր բնակչութեան` տրամադրելով աւելի քան 17 միլիոն եւրօ մարդասիրական օգնութիւն, ներառեալ ականազերծումը եւ կանուխ վերականգնումը: Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է նաեւ աջակցելու սահմաններու լարուածութեան մեղմացման եւ սահմանազատման` տրամադրելով թեքնիք աջակցութիւն, ըստ կողմերու անհրաժեշտութեան, եւ կը խրախուսէ փոխկապակցուածութիւնն ու տնտեսական համագործակցութեան վերաբացումը Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ:

«Ապագային ընդառաջ` համապարփակ լուծումը անհրաժեշտ է աւելի քան երեք տասնամեակ տեւած տագնապին ու տառապանքներուն վերջ տալու համար: Այս նպատակին հետամուտ` Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ աշխուժ կապի մէջ մնալ համապատասխան միջազգային գործընկերներու, մասնաւորաբար` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ եւ ամբողջովին կ՛աջակցի անոնց` իրականացնելու իրենց լիազօրութիւնը` աշխատանք տանելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ բոլոր չլուծուած խնդիրներու համապարփակ լուծման ուղղութեամբ»:

 

Նախորդը

Լիբանանի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Ու Ծոցի Երկիրներուն Միջեւ Տագնապը Աւելի Կը Խորանայ

Յաջորդը

Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Մանրամասնութիւններ Կը Ներկայացնէ Միրզոյեան-Պայրամով Հանդիպման Մասին

RelatedPosts

Աւելի Քան 100 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն  Կասեցնել Պաքուին Ամերիկեան  Զինուորական Աջակցութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Աւելի Քան 100 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն Կասեցնել Պաքուին Ամերիկեան Զինուորական Աջակցութիւնը

October 9, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու  Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենի Հետ

October 9, 2026
ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար  Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան  Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.