Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Համակարգուած Զիջումներ

Նոյեմբեր 12, 2021
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գորիս-Կապան ճանապարհահատուածին վրայ ազրպէյճանական անցակէտեր եւ մաքսակէտեր հաստատելու որոշումի հաղորդումը պաշտօնապէս կը նախանշէ արդէն նոր գործընթացի մը արագացման միտումները: Ըստ էութեան, սահմանազատումը գործնապէս կատարման ընթացքի մէջ է: Յայտնաբար նաեւ կայ քարտէս, որուն հիմամբ կը սահմանազատուին Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Ազրպէյճանը:

Այս գործընթացի արագացումը ազդարարեց պաշտօնական Մոսկուան, երբ ակնարկեց սահմանազատման եւ սահմանագծման անհրաժեշտութեան` երկարատեւ խաղաղութեան ձգտող անհրաժեշտ գործողութիւն իբրեւ:

Խնդիրը այն է, որ թէկուզ տխրահռչակ, այնուամենայնիւ նախապէս համաձայնեցուած նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան կէտերը առանց իրականացնելու կողմերը կ՛անցնին աւելի մեծ օրակարգի: Սկսած է գործել Ալիեւով յայտարարուած, ըստ խորքի սակայն Անգարայի որդեգրած բանաձեւը. «Արցախի հարցը անցեալին կը պատկանի»:

Չէ իրականացած գաղթականներու վերադարձը Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից տարածքներ: Չէ իրականացած ռազմագերիներու, պահուող անձերու եւ զոհուածներու աճիւններու հայրենադարձումը: Կողմերը անցած են արդէն սահմանազատման: Այսինքն` ուղղակի կը շրջանցուին հրադադարի համաձայնութեան 7-րդ եւ  8-րդ կէտերը:

Համաձայնութեան միջնորդական երաշխաւորութիւնը եւս շրջանցուած է այս պարագային. քաղաքական մեկնաբանութեամբ` լուռ համաձայնութիւն կայ. աւելի ճիշդ` համակարգում:

Հայկական կողմին կը պարտադրուին նոր զիջումներ:

Սահմանագծումէն ետք է միայն, որ Ազրպէյճան համաձայն պիտի ըլլայ անցնելու նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան 9-րդ կէտին` ապաշրջափակման: Բայց ապաշրջափակումէն առաջ կը դրուի նոր նախապայմանը: Ճանչնալ, իրաւապայմանագրային ձեւաչափով անշուշտ, Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Ահա թէ ինչու թուրքեւազրպէյճանական կողմը համոզուած է, որ Արցախի հարցը անցեալ է արդէն:

Այս բոլորին արդարացման համար կը յանկերգուին խաբուսիկ հիմնաւորումներ: Թէ`

Գորիս-Կապան ճանապարհահատուածը, որուն վրայ Ազրպէյճան մաքսակէտեր եւ անցակէտեր տեղադրած է արդէն, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք չէ: Թէ` Սիւնիքի համայնքները այս ձեւով շրջափակման մէջ չեն յայտնուիր: Կամ` այս բոլորը կը բացատրուին ընդամէնը երթեւեկութեան տրամաբանութեան փոփոխութեամբ, որ հայկական գիւղերը չի հատեր: Տակաւի՛ն. կը յայտարարուի, որ Հայաստանի քաղաքացիները կրնան վճարումով օգտագործել ճանապարհը: Նաեւ` Սիւնիքի օդակայանի շինարարական աշխատանքներուն թափ կը տրուի Երեւան-Կապան թռիչքներու մեկնարկի խոստումով:

Ամէնէն ուշագրաւ արդարացումի բացատրութիւնը հետեւեալն է. «Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիների ու բեռների նկատմամբ որեւէ սահմանային հսկողութիւն չիրականացնելու գինը եղել է միջանցքային տրամաբանութիւնը, ինչը անընդունելի է մեզ համար»:

Այսինքն. հայկական կողմը կը զիջի Գորիս-Կապան ճանապարհահատուածը` կասեցնելու  կամ կանխարգիլելու համար Զանգեզուրեան միջանցքի կառուցումը:

Եւ շարունակելով տրամաբանութիւնը` եթէ մինչեւ հիմա չենք զիջած այդ հատուածը, հայկական կողմը պատճառ դարձած է, որ հակառակորդը առաջադրէ Զանգեզուրեան միջանցքի ծրագիրի իրականացումը…

Համաթուրանականութեան եւ համաթրքութեան գաղափարախօսութեան եւ անտեղիտալի նպատակին  միտումնաւոր անտեսումը աւելին է, քան քաղաքական տհասութիւնը: Արդէն իսկ համակերպիլն է, համաձայնիլը` ենթարկուելու այլոց ճշդած խաղի կանոններուն եւ այդ բոլորը ժողովուրդին ընդունելի դարձնելու:

Կայ նաեւ սահմանադրական արգելք վարչատարածքային փոփոխութիւններ կատարելու: Առ ի յիշեցում`

Յօդուած 205. թիւ 1 կէտ.

«Վերպետական միջազգային կազմակերպութիւններին Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի փոփոխութեանը վերաբերող հարցերը լուծւում են հանրաքուէների միջոցով»:

Այդ իրաւադրոյթի արգելքը եւս, կատարուած յայտարարութիւններով, փորձուած է շրջանցել եւ  պաշտօնապէս ըսուած է, որ խնդրոյ առարկայ ճանապարհահատուածը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք չէ:

Քաղաքական  եւս մէկ դիտարկում: Պաքուն իր վերահսկողութիւնը անցակէտերու եւ մաքսակէտերու տեսքով Գորիս-Կապան հատուածին պաշտօնապէս կը սկսի իրականացնել միայն այն ատեն, երբ հայկական կողմը կը յայտարարէ, որ այլընտրանքային ճանապարհը պատրաստ է երթեւեկութեան համար:  Գործողութիւնները համակարգուած են. իսկ համակարգողը կ՛ազդանշէ գործընթացներու մեկնարկը:

«Ա.»

Նախորդը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակը Կ՛ընդգծէ Գրգռիչ Հռետորաբանութենէն Եւ Սադրիչ Գործողութիւններէն Խուսափելու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Ռուսիոյ Եւ Իրանի Անվտանգութեան Խորհուրդներու Քարտուղարները Քննարկած Են Իրենց Միջեւ Համագործակցութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Օժանդակութիւններ. Համընկնումներ Եւ Տարբեր Ուղղութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Օժանդակութիւններ. Համընկնումներ Եւ Տարբեր Ուղղութիւնները

Սեպտեմբեր 4, 2025
Մինասեան. «Իշխանափոխութենէն Ետք Արցախի  Ժողովուրդի Հիմնարար Իրաւունքը  Պիտի Ըլլայ Օրակարգային»
Գլխաւոր լուրեր

Մինասեան. «Իշխանափոխութենէն Ետք Արցախի Ժողովուրդի Հիմնարար Իրաւունքը Պիտի Ըլլայ Օրակարգային»

Սեպտեմբեր 4, 2025
Սալամ. «Կը Հաստատենք Զէնքի Մենաշնորհման  Հարցին Մէջ Թաէֆի Համաձայնագիրը  Գործադրելու Կարեւորութիւնը»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Կը Հաստատենք Զէնքի Մենաշնորհման Հարցին Մէջ Թաէֆի Համաձայնագիրը Գործադրելու Կարեւորութիւնը»

Սեպտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?