Երէկ` չորեքշաբթի, 10 նոյեմբեր 2021-ին Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան ընդունեց Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանը:
Արթուր Թովմասեան ողջունեց Իշխան Սաղաթէլեանը` Արցախի մէջ գտնուելուն առիթով եւ խօսեցաւ 2 եղբայրական խորհրդարաններու փոխադարձ գործակցութեան ընդլայնման վերաբերող հարցերու մասին:
Արցախի Ազգային ժողովի նախագահը ներկայացուց 2020-ի աւերիչ պատերազմին արդիւնքները, անդրադարձաւ գերխնդիրներու շուրջ Հայաստանի եւ Արցախի խորհրդարաններուն` միջազգային տարբեր կառոյցներու մէջ միասնական տեսակէտով ներկայանալու անհրաժեշտութեան:
Իշխան Սաղաթէլեան ընդգծեց միջխորհրդարանական գործունէութեան կարեւորութիւնը:
Հանդիպումին քննարկուեցան խորհրդարանական դիւանագիտութեան վերաբերող հարցեր: Ներկայ էին նաեւ Արցախի Ազգային ժողովի խմբակցութիւններուն ղեկավարները: