Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան Այլընտրանքային Տարանցիկ Միջանցք Մշակած Է` Շրջանցելով Հայաստանը

November 11, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ վերջին լարուածութիւններէն ետք Իրան տարանցիկ միջանցքի այլընտրանքներ սկսած է մշակել: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը:

Ըստ իրանեան լրատուամիջոցներուն, Իրան ունի յաղթական խաղաքարտեր, որոնց մասին տակաւին քիչ կը խօսուի: Հիւսիս-հարաւ միջանցքէն բացի, որ պէտք է անցնի Երեւանէն ու Պաքուէն, կան յաւելեալ երկու տարանցիկ միջանցքներ, որոնց միջոցով Իրանը անհրաժեշտութեան պարագային կրնայ խոչընդոտել թուրք-ազրպէյճանական դաշինքը եւ օգուտներ քաղել:

Իսլամապատ-Թեհրան-Պոլիս միջանցքը արդէն կը գործէ եւ առանցքային դեր պիտի խաղայ երկու մեծագոյն տնտեսութիւններուն` Թուրքիոյ եւ Իրանի ապագային մէջ: Սակայն Թուրքիան եւ Փաքիստանը, ներկայիս, հաւանաբար, շատ մտահոգ են, որ Իրանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ռազմաքաղաքական լարուածութեան իրենց մասնակցութիւնը կրնայ ազդել նաեւ այս տարանցիկ միջանցքի գործունէութեան վրայ:

Իրան իրանա-ազրպէյճանական վերջին լարուածութենէն ետք մտահոգ է Հիւսիս-հարաւ ճամբու ապագայով, որովհետեւ ճամբան, որ կ՛անցնի թէ՛ Երեւանէն, թէ՛ Պաքուէն, այլեւս վտանգաւոր է: Պաքուն կրնայ որեւէ պահու փակել իր տարածքէն անցնող տարանցիկ ճամբան, իսկ Հայաստանէն անցնող ճամբան յայտնուած է թշնամիի վերահսկողութեան տակ (Գորիս-Կապան), այլընտրանքային` Տաթեւէն անցնող ճամբան ալ նախատեսուած չէ բեռնատարներու համար:

Հետեւաբար, դէպի Եւրոպա հասնելու համար Իրանը կրնայ դիւրութեամբ օգտուիլ Կարմիր ծովէն Սուէզի ջրանցքով դէպի Միջերկրական ծով ուղիէն: Որովհետեւ Կարմիր ծովու երեք պետութիւններէն` Եգիպտոսի եւ Եմէնի հետ Իրանը ունի բարի դրացիական յարաբերութիւններ, իսկ Սէուտական Արաբիոյ հետ կապերը աստիճանաբար կը կարգաւորուին, ապա այս տարբերակը եւս ձեռնտու է Իրանին:

 

Նախորդը

Պաապտայի Մէջ. «Վաղը Արեւը Կը Ծագի, Եւ Մարդիկ Կը Տեսնեն» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Յաջորդը

Ռուսիան Եւ Ֆրանսան Պիտի Քննարկեն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Ճգնաժամի Լուծումը

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.