Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ 9 նոյեմբերի 2020-ին կնքուած եռակողմ յայտարարութիւնը Ղարաբաղի հարցով չափազանց կարեւոր է, ատոր նշանակութիւնը դժուար է գերագնահատել: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն, այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին մէջ ըսած է Տմիթրի Փեսքով:
«Միամեայ վաղեմութեան փաստաթուղթերը կը գնահատենք իբրեւ չափազանց կարեւոր, կարեւոր թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ ալ Հայաստանի համար, իբրեւ փաստաթուղթեր, որոնք արտօնած են վերջ տալ պատերազմին եւ կանգնիլ շրջանային տնտեսութեան եւ ենթակառոյցներու խաղաղ զարգացման ճամբուն վրայ», ըսած է Քրեմլինի բանբերը:
Ան աւելցուցած է, որ ռուս խաղաղապահ զօրակազմը կը կատարէ գործառոյթները շրջանին մէջ, կ՛ապահովէ անվտանգութիւնը, զինադադարի դրութեան մնայուն հսկողութիւնը, տեղահանուածներու վերադարձի ընթացակարգը: «Ատիկա չափազանց կարեւոր է: Այդ իսկ պատճառով` ստորագրուած փաստաթուղթերու նշանակութիւնը գերագնահատել դժուար է», ընդգծած է Փեսքով:
Ան նաեւ յայտնած է, որ եռակողմանի յայտարարութեան ստորագրման միամեակին հաղորդակցութիւններ նախատեսուած չեն Ռուսիոյ նախագահի եւ Ազրպէյճանի ու Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ:
«Ինչ կը վերաբերի Պաքուի եւ Երեւանի հետ հաղորդակցութիւններուն, ապա Մոսկուայէն անոնք տեղի կ՛ունենան տարբեր մակարդակներով եւ բացառապէս կանոնաւոր սկզբունքով: Ինչ կը վերաբերի երեքով հաղորդակցութեան, եթէ եւ երբ նման համաձայնութիւն գոյանայ, մենք ձեզի պիտի տեղեկացնենք: Ներկայ պահուն յստակ որոշումներ չկան», աւելցուցած է Փեսքով: