Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Շարունակենք Ջանքեր Գործադրել Գոյութիւն Ունեցող Մարդասիրական Խնդիրներու Շուտափոյթ Կարգաւորման Նպատակով» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

Նոյեմբեր 10, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Արցախեան Բ. պատերազմի աւարտի միամեակին առիթով հրապարակած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

«Այսօր կրնանք փաստել, որ 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեամբ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, ընդհանուր առմամբ, կը գործադրուին: Միեւնոյն ժամանակ կարեւոր է, որ Պաքուն եւ Երեւանը կը պահպանեն յանձնառութիւնը կէտերու հետագայ գործադրութեան նկատմամբ: Յայտարարութեան համաձայն, տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը զգալի ներդրում ունի կացութեան կայունացման եւ շրջանին մէջ անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ:

«Ռուս խաղաղապահներուն մասնակցութեամբ 2 դեկտեմբեր 2020-էն ի վեր, ընդհանուր առմամբ, 122 պատերազմական գերի եւ պահուող անձ վերադարձուած է: Անոնցմէ Հայաստան վերադարձած է 105-ը, Ազրպէյճան` 17-ը: Իր կարգին, ազրպէյճանական կողմին յանձնուած է ականապատման քարտէսներու երեք թղթածրար:

«Խաղաղապահ զօրակազմը աշխուժօրէն կը մասնակցի խաղաղ կեանքի հաստատման հոլովոյթին: Շրջան կանոնաւոր կերպով մարդասիրական օգնութիւն կը հասցուի, տարածքներ կ՛ականազերծուին (2020 թուականի նոյեմբերէն ստուգուած է 1937 շինութիւն, մաքրուած 2311.5 հեկտար տարածք եւ 683 քիլոմեթր ճամբայ, յայտնաբերուած է աւելի քան 26 հազար պայթիւնավտանգ առարկայ): Կը վերականգնուին կեանքի համար անհրաժեշտ ենթակառոյցները: Իրենց տուները վերադարձած են շուրջ 53 հազար տեղահանուածներ:

«Ռուսիոյ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը 2020 թուականի դեկտեմբերէն շրջան հասցուցած է 1581 թոն մարդասիրական բեռ (ելեկտրակայաններ, ճարտարապետական եւ հրշէջ մեքենաներ, առաջին անհրաժեշտութեան առարկաներ) եւ 800 թոն շինանիւթ:

«Կը շարունակենք ջանքեր գործադրել գոյութիւն ունեցող մարդասիրական խնդիրներու շուտափոյթ լուծման, ներառեալ` բոլոր պահուող անձերու ազատ արձակման, անյայտ կորսուածներու ճակատագիրներու պարզաբանման աջակցութեան, զոհուածներու մարմիններու փոխանցման եւ ականապատման հաւաստի քարտէսներու ամբողջական ծաւալով տրամադրման նպատակով: Արդիական է նաեւ մշակութային-կրօնական եւ պատմական ժառանգութեան կառոյցներու պահպանութեան ապահովման հարցը:

«Մտադիր ենք գործընկերներու հետ հետեւողականօրէն իրականացնել Հարաւային Կովկասի մէջ բոլոր տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման ուղղուած առաջադրանքները, որոնք արձանագրուած են Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու` 11 յունուար 2021-ի յայտարարութեան մէջ: Բարձր կը գնահատենք Եռակողմ աշխատանքային խմբակի գործունէութիւնը` Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետներու միացեալ նախագահութեամբ: Կ՛ընդգծենք շահերու հաւասարակշռութեան վրայ հիմնուած որոշակի ծրագիրներու շուտափոյթ գործարկման անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ պիտի նպաստէ Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային ներուժի բացայայտման:

«Կ՛ընդգծենք հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանին վրայ լարուածութեան թուլացման ու սահմանազատման եւ ատոր յաջորդելիք սահմանագծման հոլովոյթի շուտափոյթ մեկնարկի կարեւորութիւնը: Պատրաստ ենք ցուցաբերելու անհրաժեշտ խորհրդատուական աջակցութիւն:

«Կարեւոր կը նկատենք շարունակել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ջանքերը, նախ եւ առաջ շրջանին առջեւ ծառացած ընկերային-տնտեսական եւ մարդասիրական խնդիրներու լուծման ծիրին մէջ: Պահանջուած է նաեւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի, ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով Գերագոյն յանձնակատարի վարչութեան, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի եւ այլ մասնագիտացած միջազգային կազմակերպութիւններու ներդրումը:

«Ամէն ինչ պիտի ընենք` նպաստելու Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, աջակցելու խաղաղ նախաձեռնութիւններուն, որոնք ուղղուած են Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան, անվտանգութեան եւ տնտեսական զարգացման ապահովման առնչուող հարցերու լայն ծիրի շուրջ բոլոր մակարդակներով հաղորդակցութիւններու ընդլայնման: Պատրաստ ենք նաեւ աջակցելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հասարակութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ երկխօսութեան` ժողովուրդներու միջեւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման նպատակով:

«Կողմնակից ենք Հարաւային Կովկասի երկիրներու եւ անոնց դրացիներու միջեւ բարի դրացիական յարաբերութիւններու կառուցման, փոխշահաւէտ շրջանային համագործակցութեան զարգացման»:

 

Նախորդը

«Ռուսիոյ, Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Անցեալ Տարի Ստորագրուած Յայտարարութիւնը Չափազանց Կարեւոր Փաստաթուղթ Է» Կ՛ըսէ Փեսքով

Յաջորդը

Արցախեան Բ. Պատերազմի Միամեակին Առիթով. Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Վերադարձնելու Բոլոր Գերիները

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?