Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բրիտանիոյ Համայնքներու Տունը Այսօր Պիտի Քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Օրինագիծը

Նոյեմբեր 9, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ Համայնքներու տան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի առաջին ընթերցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր: Պահպանողական երեսփոխան Թիմ Լաութընի ներկայացնելիք օրինագիծին նպատակն է պաշտօնական ճանաչման եւ յիշատակութեան միջոցով ոգեկոչել Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Բրիտանիոյ Հայ դատի յանձնախումբը:

Օրինագիծը ունի հիմնական երեք կէտեր. առաջին` Օսմանեան կայսրութեան եւ անոր յարակից տարածքներու մէջ 1915-1923 թուականներուն ընթացքին հայութեան ջարդերու պաշտօնական որակում` իբրեւ ցեղասպանութիւն, երկրորդ` ցեղասպանութիւններու (ներառեալ Հայոց ցեղասպանութիւնը) զոհերու տարեկան ոգեկոչում, երրորդ` Հայոց ցեղասպանութեան եւ անոր առնչուող մարդու իրաւունքներու ժամանակակից խախտումներու ու պատերազմական յանցագործութիւններու վերաբերեալ կրթութեան եւ հանրային տեղեկացուածութեան խթանում:

Ըստ Բրիտանիոյ Հայ դատի յանձնախումբին, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը այդ երկրին համար կարեւոր է քանի մը պատճառներով: Նախ` օրինագիծի որդեգրումը պիտի հաստատէ Բրիտանիոյ հաւատարմութիւնը «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին» հռչակագիրին եւ անոր հիմնական արժէքներուն: Երկրորդ` ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը, Բրիտանիան պիտի ամրապնդէ իր հաւատարմութիւնը համամարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան, որովհետեւ նման տարողութեան յանցագործութիւնը չճանչցուած ձգելը անպատժելիութեան վտանգաւոր ուղերձ է. անպատիժ յանցագործութիւնը խրախուսուող յանցագործութիւն է: Երրորդ` Բրիտանիոյ, իբրեւ համաշխարհային դերակատարի դերն ու պարտականութիւնն է ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ յառաջ մղել Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւնը եւ մեծցնել մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու վերաբերեալ հանրային տեղեկացուածութիւնը:

Բրիտանիան արեւմտեան այն սակաւաթիւ յառաջատար երկիրներէն է, որ չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչ որ կը վկայէ արդարադատութեան հիմնարար հասկացութիւններու պահպանման կոպիտ ձախողութեան մասին: Թիմ Լաութընի օրինագիծը Բրիտանիոյ կարելիութիւն կու տայ սրբագրելու անարդարութեան եւ անպատժելիութեան այս ընթացքը:

Բրիտանիոյ Հայ դատի յանձնախումբը եւ Բրիտանիոյ հայ համայնքը կառավարութեան կոչ կ՛ուղղեն` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը` բրիտանական արժէքները պաշտպանելու եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան համար: Հայ դատի յանձնախումբը կ՛աշխատի Թիմ Լաութընի կողմէ ներկայացուած օրինագիծի որդեգրման ուղղութեամբ:

 

 

Նախորդը

Ըստ Պաքուի. «Ազրպէյճան Պատրաստ Է Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման»

Յաջորդը

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Աշխատանքային Այցելութիւն Կատարած Է Արցախի Հանրապետութիւն

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?