Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իրան Կը Մօտենայ Հիւլէական Զէնքին, Եւ Իսրայէլ Ինքն Իրեն Իրաւունք Կը Վերապահէ Որեւէ Պահու Որեւէ Միջոց Ի Գործ Դնել` Ատիկա Կանխարգիլելու Համար» Կ՛ըսէ Լափիտ

October 26, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի հետ բանակցութիւններու յետաձգման իւրաքանչիւր օր Թեհրանը կը մօտեցնէ հիւլէական զէնքի մշակման, եւ Իսրայէլ ինքն իրեն իրաւունք կը վերապահէ որեւէ պահու որեւէ միջոց ի գործ դնելու` ատիկա կանխարգիլելու համար:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եայիր Լափիտ` Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար շէյխ Ապտալլա պըն Զայետ Ալ Նահիանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

«Այցելութեանս կեդրոնը Իրանի հիւլէական սպառազինման մրցապայքարն է, Իրանի նախաշեմային հիւլէական պետութեան վերածուիլը: Ամէն անցնող օր, որեւէ յետաձգում եւ բանակցութիւններու ձգձգում Իրանը կը մօտեցնէ հիւլէական ռումբին: Եթէ ահաբեկչական վարչակարգը հիւլէական զէնք ստանայ, մենք պէտք է գործենք: Իսրայէլ ինքն իրեն իրաւունք կը վերապահէ գործելու որեւէ պահու եւ որեւէ միջոցով, որ ո՛չ միայն մեր իրաւունքն է, այլ նաեւ մեր պատասխանատուութիւնը», ըսած է իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը:

«Մենք պատմութեան նոր էջ կը գրենք: Ատիկա չափաւորական երկիրներու դաշինքն է», ըսած է Լափիտ` դիմելով ամերիկացի եւ արաբ գործընկերներուն:

ՄԱԿ-ի մօտ Իրանի դեսպան Մաժիտ Թախթ Ռուանժի զգուշացուց Իրանի հիւլէական ծրագիրին դէմ իսրայէլեան զինուորական որեւէ արկածախնդրութենէ:

 

 

Նախորդը

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն Կը Վերահաստատէ Երուսաղէմի Բռնագրաւուած Քաղաք Ըլլալու Կարգավիճակը Եւ Իսրայէլէն Կը Պահանջէ Դադրեցնել Իր Անօրինական Քաղաքականութիւնը

Յաջորդը

Լիբանանահայութեան Մարտահրաւէրները Եւ Մարդուժի Պատրաստութեան Անհրաժեշտութիւնը` Դաստիարակչական Սեմինարի Քննարկումներու Առանցքներ

RelatedPosts

Թեհրան Կը Պատրաստուի Հորմուզի Նեղուցէն Դուրս Արգիլեալ Գօտի Ստեղծելու
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուիթքոֆ Ներկայիս Իրանի Հետ Համաձայնութեան Գոյացման Վրայ Կ՛աշխատի Եւ Չափազանց Լաւ Յառաջընթաց Կ՛արձանագրէ»

October 9, 2026
Ռիատի Եւ Ապհայի Օդակայաններուն  Վրայ Յարձակումներ
Միջազգային

Ռիատի Եւ Ապհայի Օդակայաններուն Վրայ Յարձակումներ

October 9, 2026
ՔԱԿ. «Թուրքիա Գտնուող  Մեր Բոլոր Ուժերը Հեռացան»
Միջազգային

ՔԱԿ. «Թուրքիա Գտնուող Մեր Բոլոր Ուժերը Հեռացան»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.