Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«3+3» Ձեւաչափի Գործարկումը Կը Նպաստէ Վստահութեան Մակարդակի Բարձրացման Եւ Գոյութիւն Ունեցող Հակասութիւններու Կարգաւորման» Կ՛ըսէ Զախարովա

October 22, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա շաբաթական մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է «3+3» ձեւաչափի ստեղծման նախաձեռնութեան` նշելով, որ զայն առաջարկած են Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները, իսկ Ռուսիան հաւանութիւն տուած է:

«Կը մեկնինք այն հանգամանքէն, որ բազմակողմանի շրջանային համագործակցութեան զարգացումը կը բխի տուեալ ձեւաչափի բոլոր ենթադրեալ մասնակիցներու շահերէն: Եւ մեր կարծիքով` այդ մեքանիզմի գործարկումը կը նպաստէ վստահութեան մակարդակի բարձրացման միջպետական յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող հակասութիւններու կարգաւորման եւ տնտեսական, փոխադրամիջոցային, մարդասիրական ներուժի բացայայտման», ըսած է դիւանագէտը:

Ան նաեւ անդրադարձած է Արցախի մէջ խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ կացութեան լարուածութեան:

«Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուութեան տակ գտնուող գօտիին մէջ տիրող կացութիւնը, ներառեալ` վերջերս տեղի ունեցած միջադէպերը, քննարկուած են Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու 14 հոկտեմբերին տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպման ընթացքին: Այդ հարցը նաեւ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ու Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետերու մակարդակով տեղի ունեցող քննարկումներու մնայուն նիւթն է, եւ մենք կը գործադրենք բոլոր ջանքերը` խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ զինադադարի դրութեան խախտումը չարտօնելու նպատակով», ըսած է Զախարովա` անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղ քաղաքացիներու մահուան դէպքերուն:

Նախորդը

Իրանն Ու Ռուսիան Շրջանին Մէջ Անվտանգութեան Ապահովման Շուրջ Պայմանաւորուածութիւն Ձեռք Բերած Են

Յաջորդը

Անսու Ֆաթի Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Պարսելոնայի Հետ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.