Պաքուն յոյս ունի, որ Հայաստանի կառավարութենէն եկող վերջին դրական ուղերձները ո՛չ միայն խօսք կ՛ըլլան, այլ նաեւ գործնական գետնի վրայ դրական արդիւնքներ կու տան:
Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով` խրուաթ իր պաշտօնակիցին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: