ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի մնայուն ներկայացուցիչ Մաժիտ Թախթ Ռաւանժի Իսրայէլին կոչ ուղղած է զերծ մնալու Իրանի դէմ որեւէ սխալ քայլի կամ զինուորական արկածախնդրութեան դրսեւորումէն:
Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ուղղուած իր նամակին մէջ ըսած է. «Կը գրեմ` տեղեկացնելու Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ անոր խաղաղ հիւլէական ծրագիրին դէմ Իսրայէլի վարչակազմէն եկող յաւելեալ մէկ սպառնալիքի մասին»:
«Մեհր» կը նշէ, որ նման սպառնալիքներէն մէկը հնչած է Իսրայէլի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետին կողմէ. «Իրանի հիւլէական ծրագիրին դէմ գործողութիւնները պիտի շարունակուին կատարելագործուիլ, եւ Իրանի ունակութիւնները ոչնչացնելուն ուղղուած գործողութիւնները պիտի շարունակուին տարբեր շրջաններու մէջ եւ որեւէ պահու»:
ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի ներկայացուցիչը Իսրայէլը նախազգուշացուցած է զերծ մնալու Իրանի հիւլէական ծրագիրի դէմ ուղղուած որեւէ հաւանական արկածախնդրութենէ, ներառեալ զինուորական: Միեւնոյն ժամանակ ան նշած է. «Իրանը ինքն իրեն իրաւունք կը վերապահէ` ինքնապաշտպանուելու եւ վճռական պատասխան տալու Իսրայէլի կողմէ եկող որեւէ սպառնալիքի կամ սխալ քայլի»: