Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան Չի Բացառեր Ապագային Ռուսիոյ Հետ Զինուորական Պլոքի Ստեղծումը Եւ Յայտարարած Է Զինուորական Համաձայնագիրի Կնքման Մասին

October 21, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանն ու Ռուսիան մտադիր են կնքել համաձայնագիր մը, որ կը ներառէ զինուորական համագործակցութիւն, զէնքի գնում եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքար: Այս մասին «Ռոսիա-24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Իրանի բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Մոհամետ Պաղերի:

«Այս փաստաթուղթը նախապատրաստութեան փուլին մէջ կը գտնուի: Մեր երկիրներու ղեկավարները լիակատար փոխըմբռնում ունին այս փաստաթուղթի մշակման գործին մէջ: Մեր երկիրներու համապատասխան նախարարութիւնները արդէն միացած են այս աշխատանքին, եւ յոյսով եմ` շուտով պիտի աւարտենք այս փաստաթուղթի պատրաստութիւնը», ըսած է ան:

«Ատիկա կը պարունակէ կէտեր զինուորական համագործակցութեան եւ անվտանգութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին, ներառեալ զէնքի գնումը եւ մասնագէտներու պատրաստութիւնը, ռազմափորձերու իրականացումը եւ Արեւմտեան Ասիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը: Անկասկած, այս փաստաթուղթը մեր զինեալ ուժերու համագործակցութեան լայն հորիզոն պիտի բանայ», յայտնած է Պաղերի:

Ան նաեւ ըսած է, որ Իրան տակաւին պատրաստ չէ Ռուսիոյ հետ զինուորական պլոք ստեղծելու, սակայն չի բացառեր ապագային նման կարելիութիւնը:

«Ի հարկէ, մենք պիտի զարգացնենք զինուորական համագործակցութիւնը, եւ ապագային կրնանք ատոր դիմել, սակայն մինչեւ հիմա մեր յարաբերութիւնները տակաւին չեն հասած նման փուլի», ըսած է Պաղերի` պատասխանելով միացեալ զինուորական պլոք ստեղծելու հեռանկարներու մասին հարցումին:

Նախորդը

Ասատ-Ապու Տապիի Գահաժառանգին Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Յաջորդը

Իսրայէլի Մէջ Յայտնաբերած Են «Քորոնա» Ժահրի «Տելթա» Նոր Տարբերակով Առաջին Վարակուածը

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.