Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծովային Ջուրերու Սահմանագիծի Բանակցութիւններուն Ծիրին Մէջ. Ամերիկացի Բանագնաց Հոքշթայն Այցելեց Պատկան Պատասխանատուներուն

Հոկտեմբեր 21, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Լիբանանի ծովափի միջազգային ջուրերու սահմանագծային բանակցութեանց ծիրին մէջ երէկ ամերիկացի բանագնաց Ամոս Հոքշթայն անջատ այցելութիւններ տուաւ առնչակից պատասխանատուներուն: Այս իմաստով ան տեսակցեցաւ նախագահ զօր. Միշել Աունի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի եւ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեց հարաւային Լիբանանի Նաքուրայի կեդրոնին մէջ ջրային սահմանագծումի գծով Իսրայէլի հետ նախատեսուող  անուղղակի բանակցութեանց նախապատրաստական քայլերը: Հոքշթայն այս այցելութեան ընթացքին լիբանանցի վարիչներուն հետ պարզեց նախատեսուող անուղղակի բանակցութեանց ընթացքին Լիբանանի ներկայացնելիք կեցուածքը` սահմանագծումի չափաբաժիններու, տարողութեանց եւ այլ մանրամասնութեանց գծով:

Հոքշթայն Լիբանանէն ետք պիտի այցելէ նաեւ շրջանային առնչակից այլ երկիրներ` Իսրայէլ, Եգիպտոս, Յորդանան եւ այլն:

Նշենք, որ ծագումով հրեայ ամերիկացի այս բանագնացը նոյնպէս մագոգային բանակցութիւն վարած էր Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ 2014-2016-ի բանակցութեանց ընթացքին:

Կը մնայ նշել, որ լիբանանեան կարգ մը փորձագէտներ եւ մասնագէտներ որոշ վերապահութիւն ցուցաբերեցին Հոգշթայնի «առաքելութեան» հետապնդած հեռանկարներուն առնչութեամբ:

Նաեւ` Ֆայեատի Հետ

Ամերիկացի բանագնացը նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ ուժանիւթի եւ ջուրերու հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շէայի:  Ճաշի սեղանին շուրջ կայացած խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին շրջանի առնչակից երկիրներէն (Եգիպտոս, Յորդանան եւ Սուրիա) դէպի Լիբանան փոխանցուելիք ելեկտրականութեան ծրագիրի մանրամասնութիւնները: Այս առիթով Հոքշթայն «հանգստացուց», թէ իր երկրին վարիչները կ՛երաշխաւորեն այս ծրագիրին գործադրութիւնը «Սիզըր» պատժամիջոցներու օրէնքի տնօրինումներէն զերծ պահելու կարելիութիւնը: Նախարար Ֆայեատ շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկացի հիւրերուն` այս ծրագիրի իրագործման եւ յատկապէս Միջազգային դրամական ֆոնտին մօտ անոնց ի նպաստ Լիբանանի ցուցաբերած կեցուածքին համար:

 

 

Նախորդը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Զոհերուն Ընտանիքները Այցելեցին Արդարադատութեան Նախարարին

Յաջորդը

Վառելանիւթերու Սակագիներու Բարձրացումը Բռնկեցուց Լիբանանեան Փողոցը

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?