Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Նաւահանգիստի Զոհերուն Ընտանիքները Այցելեցին Արդարադատութեան Նախարարին

Հոկտեմբեր 21, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի նաւահանգիստի զոհերու ընտանեկան պարագաներէն պատուիրակութիւն մը երէկ` չորեքշաբթի, 20 հոկտեմբերին, գլխաւորութեամբ Իպրահիմ Հթէյթի, այցելեց արդարադատութեան նախարար Հանրի Խուրիի: Այս առիթով պատուիրակութիւնը նամակ մը յանձնեց նախարար Խուրիի` խնդրելով զայն փոխանցել Դատական գերագոյն խորհուրդին: Նախարարը ընդառաջեց անոնց խնդրանքին: Լրագրող, մեկնաբան Սալեմ Զահրանի համաձայն, նամակը կը պահանջէ դատաւոր Թարեք Պիթարի «հեռացումը» նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պարտականութենէն:

Նուն Կը Հակազդէ

Միւս կողմէ, դարձեալ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերու ընտանեկան պարագաներէն Ուիլիամ  Նուն հակազդեց Իպրահիմ Հթէյթի գլխաւորած պատուիրակութեան քայլին` ընդգծելով, որ Հթէյթ կը ներկայացնէ միայն ինքզինք եւ զոհերէն երկուքին ընտանիքները: «Ան իրաւունք չունի զոհերու ընտանիքներուն անունով խօսելու», շեշտեց Նուն` յիշեցնելով, որ իրենք տակաւին զօրավիգ կը կանգնին դատաւոր Թարեք Պիթարին եւ կը վստահին անոր առած քայլերուն:

Նշենք, որ այս հարցին հետաքննութիւնը ստանձնած դատաւոր Թարեք Պիթարի «աշխատելաոճին» շուրջ որոշ հարցականներ ծագած էին` տարակարծութեան դուռ բանալով զոհերու ընտանեկան պարագաներուն միջեւ, իւրաքանչիւր կողմ յայտարարելով, թէ ի՛նք կը ներկայացնէ զոհերու ընտանիքներու պատուիրակութեան կեցուածքը:

Նմանօրինակ Հաղորդագրութիւն

Նմանապէս, Պէյրութի հրշէջներու զոհերու եւ միւս զոհերու ընտանեկան պարագաները նմանօրինակ բովանդակութեամբ հաղորդագրութեամբ մը հաստատեցին իրենց զօրակցութիւնը դատաւոր Թարեք Պիթարին: Անոնք ընդգծեցին, որ ո՛չ սպառնալիքէ, ո՛չ ալ սաստումէ կը վախնան, եւ պիտի շարունակեն իրենց դատական հետապնդումը` մինչեւ յանցագործներու բացայայտումը:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ծովային Ջուրերու Սահմանագիծի Բանակցութիւններուն Ծիրին Մէջ. Ամերիկացի Բանագնաց Հոքշթայն Այցելեց Պատկան Պատասխանատուներուն

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?