ՀԱՆԳԻՍՏ
ՏԷՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԿՈՍՏԱՆԵԱՆԻ
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆը,
Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ողովը,
Լիբանանի հայոց թեմի հոգեւորականաց դասը
դառն կսկիծով կը գուժեն թեմիս քահանայից դասուն հանգստեան կոչուած անդամներէն`
ԱՐԺ. ՏԷՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԿՈՍՏԱՆԵԱՆԻ
վախճանումը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2021-ին
Հանգուցեալին վերջին օծման եւ թաղման կարգը պիտի կատարուի յընթացս Ս. պատարագի, շաբաթ, 16 հոկտեմբեր 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ապա հանգուցեալին մարմինը պիտի ամփոփուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, թաղական խորհուրդը, տիկնանց յանձնախումբը, դպրաց դասը, աղքատախնամկ եւ պաշտօնէութիւնը կը գուժեն եկեղեցւոյս երկար տարիներու բազմավաստակ նախկին հոգեւոր հովիւ
ԱՐԺ. Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԿՈՍՏԱՆԵԱՆԻ
Վախճանումը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2021-ին, իր բնակարանին մէջ:
Վերջին օծումը եւ թաղման կարգը պիտի կատարուին այսօր` շաբաթ, 16 հոկտեմբեր 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագի, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Պետրոս եւ Էլենա Կոստանեան եւ զաւակները` Պետրոս եւ Իվան-Բավէլ
Տիկին Անի Կոստանեան
Տէր եւ տիկին Մարկոս եւ Ծովինար Սնապեան եւ դուստրերը` Լոռի եւ Մեղեդի
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Թամար Կիւլէսէրեան եւ զաւակները` Կարօ, Ալին, Քրիստին, Անի եւ Յարութ
Տէր եւ տիկին Պարգեւ եւ Սարին Գասպարեան
Տէր եւ տիկին Շանթ եւ Նաուալ Գասպարեան
Արժ. Տ. Վահան Ա. քհնյ. եւ Երիցուհի Սօսի Կոստանեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Զոհրապ Կոստանեան եւ դուստրը
Տիկին Մարօ Սէմէրճեան եւ ընտանիք
Տեարք Պօղոս եւ Շանթ Կոստանեան
Տիկին Ալիս Փէլթէքեան եւ զաւակունք
Կոստանեան եւ Տէտէեան ընտանիքներ
Պէրպէրեան եւ Տէմիրճեան ընտանիքներ
Հայրապետեան եւ Պոզապալեան ընտանիքներ
Համբարջեան եւ Սնապեան ընտանիքներ
Գազէզեան եւ Ժըրժըս ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, աներոջ, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին`
ՏԷՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԿՈՍՏԱՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1939-ին)
վախճանումը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2021-ին:
Վախճանեալին վերջին օծման եւ թաղման կարգը պիտի կատարուի յընթացս Ս. պատարագի, շաբաթ, 16 հոկտեմբեր 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ապա վախճանեալին մարմինը պիտի ամփոփուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, ինչպէս նաեւ կիրակի, 17 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
Հեռաձայն` Անի 03-409836 եւ Ծովինար 03-315898:
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՊԵՏՐՈՍ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 17 հոկտեմբեր 2021-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՎԵՐՈՆԻՔ ՏԷՐ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆի (ծնեալ` ԶՈՒԼԱՄԵԱՆ) մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 17 հոկտեմբեր 2021-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
—————————————

Հայկազեան Համալսարան Հայագիտական Ամպիոն
ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ
Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԽԱ (41-րդ) հատորին
Հիւր բանախօս`
ԴՈԿՏ. ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՇԱԿԵԱՆ
(Տնօրէն` Հայաստանի Ազգային Արխիւի)
Ուրբաթ, 22 հոկտեմբեր 2021, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ:
ՍԻՐԱԼԻՐ ՀՐԱՒԷՐ ԲՈԼՈՐԻՆ
—————————————
ՎԱՐՁՈՒ Է
Գրասենեակի կամ գործատեղիի յարմար, 56 քառ. մեթր, 2-րդ յարկ, Պուրճ Համուտ, «Սանթըր Փարքինկ»:
Հեռ. 01-269744:

