Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լա Հէյի Դատարանին Մէջ Վկայութիւններ Ներկայացուեցան. Ապացոյցները Կը Վկայեն Ազրպէյճանի Կողմէ Ազգային Զտման Մտադրութեան Մասին

Հոկտեմբեր 15, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստան ՄԱԿ-ի արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ ներկայացուց բազմաթիւ ապացոյցներ, որոնք կը վկայեն Ազրպէյճանի կողմէ ցեղային զտման մտադրութեան, հայ գերիները խոշտանգելու եւ նուաստացնելու մասին:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` դատարանին ներկայացուեցաւ, որ Ազրպէյճանը միջազգային մարդասիրական իրաւունքի, 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեամբ պարտաւորուած է վերադարձնել բոլոր պատերազմական գերիները եւ պահուող անձերը, սակայն տակաւին կը շարունակէ պահել պատերազմական գերիներ եւ քաղաքայիններ: Շեշտուեցաւ թէ՛ չհաստատուած գերիներու, թէ՛ ալ 45 հաստատուած գերիներու մասին:

«Փաստը, որ Ազրպէյճան կալանաւորած է այդ 45 անձերը, անվիճելի է», ըսաւ զեկուցողը եւ աւելցուց, որ անոնց անունները եւ այլ տեղեկութիւնները ներկայացուած են փաստաթուղթերուն մէջ, անոնք մարդիկ են` յստակ անուններով, դէմքերով, ունին ընտանիքներ:

Ան դատարանին յիշեցուց, որ Ազրպէյճանի մասնայատուկ ուժերը նոյնիսկ դեկտեմբերին Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ գիւղերուն մօտ հայ զինուորներ գերեվարած են: Շեշտուեցաւ, որ այդ երկու գիւղերը եւ շրջապատող տարածքը ներառուած չեն եղած այն տարածքներուն մէջ, որոնցմէ հայկական զօրքերը պէտք է հեռանային` ըստ եռակողմ յայտարարութեան:

Զեկուցողը նշեց, թէ ապացոյցներ կան, որոնք կը վկայեն, որ թէ՛ հաստատուած 45 գերիները, թէ՛ ալ միւս գերիներուն մեծ մասը Ազրպէյճանի կողմէ ենթարկուած են խոշտանգումներու, նուաստացնող վերաբերմունքի: Շարք մը հրապարակումներ կան, որ կ՛ապացուցեն, որ պատերազմական գերիները եւ քաղաքայիններ այրած են, ելեկտրահարած են: Այսպիսով, դատարանին ներկայացուեցան բազմաթիւ փաստական ապացոյցեր, տեսանիւթեր, որոնք ընկերային ցանցերու վրայ տարածած էին ինքնին ազրպէյճանցի զինուորները: Դատարանին ներկայացուած են սպանութիւններու, դաժան վերաբերմունքի մասին փաստող տեսանիւթեր: Ընդգծուեցաւ, որ ցաւօք սրտի, նոյնիսկ հիմա նուաստացումները կը շարունակուին:

«Դուք այսօր կրնաք լսել, որ այդ բոլոր պատերազմական գերիները յանցագործներ են եւ զանոնք կալանքի տակ պահելը ոչ մէկ կապ ունի ցեղային զտման հետ, մինչդեռ բոլոր ապացոյցները կը վկայեն ցեղային զտման մասին», նշուեցաւ դատարանին մէջ:

Նախորդը

Թայյունէի Խաղաղ Ցոյցը Կը Վերածուի Զինեալ Բախումներու, Որոնք Կը Պատճառեն 6 Զոհեր, Տասնեակ Վիրաւորներ Եւ Համատարած Սարսափ. Լիբանանը Այսօր Կը Սգայ Իր Զոհերը

Յաջորդը

Ազրպէյճանը Խախտեց Հրադադարը. Արցախի Սահմանին Վիրաւորուած Է 6 Հայ Զինուոր

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?