Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը կը տեղեկացնէ, որ երէկ` 14 հոկտեմբերի երեկոյեան ազրպէյճանական զինուած ուժերը կրակ բացին Արցախի Հանրապետութեան արեւելեան սահմանագօտիին մէջ տեղակայուած պաշտպանութեան բանակի մարտական յենակէտին ուղղութեամբ` վիրաւորելով վեց հայ զինուոր: Դէպքի մասին անյապաղ տեղեակ պահուեցաւ Արցախի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը:
Արցախի պաշտպանութեան բանակը յայտարարեց, որ կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ հրադադարի դրութեան պահպանման եւ կոչ ուղղեց ազրպէյճանական կողմին` նոյնպէս ձեռնպահ մնալու իրադրութիւնը ապակայունացնող գործողութիւններէն: