Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԲԺՇԿԱԳԻՏԱԿԱՆ. ԶՈՅԳ ԹԵՒԵՐՈՒՆ ԱՐԵԱՆ ՃՆՇՈՒՄԸ ՉԱՓԵԼԸ ԿՐՆԱՅ ՈՐՈՇ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ ՏԱՌԱՊԵԼՈՒ ՎՏԱՆԳԸ ՑՈՅՑ ՏԱԼ` ՆԱԽՔԱՆ ԱՆՈՆՑ ԱԽՏԱՆՇԱՆՆԵՐՈՒՆ ՅԱՅՏՆՈՒԻԼԸ

February 14, 2012
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յունուարի վերջաւորութեան բրիտանացի մասնագէտներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութենէ մը ձեռք ձգուած տուեալները ցոյց տուած են, թէ մարդոց արեան ճնշումը զոյգ թեւերէն չափելը կրնայ ցոյց տալ անոնց որոշ հիւանդութիւններէ տառապելու վտանգը` նախքան այս վերջիններուն ախտանշաններուն յայտնուիլը:

Մասնագէտները յայտնած են, թէ որքան մեծ եղած է աջ ու ձախ թեւերուն միջեւ արեան ճնշումին ունեցած տարբերութիւնը, այնքան բարձր եղած է երակներու հիւանդութենէ ու արեան գերճնշումէ տառապելու վտանգին տարողութիւնը:

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող բրիտանացի մասնագէտ տոքթ. Քրիսթոֆըր Քլարք յայտնած է, թէ երբ մարդոց աջ ու ձախ թեւերուն միջեւ կծկական արեան ճնշումին ունեցած տարբերութիւնը հասած է տասը միլլիմեթրի (սնդիկի չափով), ապա անոնց մօտ բարձր եղած է ծայրամասերու երակներու հիւանդութենէն տառապելու վտանգին տարողութիւնը: Ծայրամասերու հիւանդութիւնը ոտքերուն ու ոտքի մատներուն թթուածին հայթայթող շնչերակներուն կծկումն ու կարծրացումն է, որ յաճախ կը յառաջանայ առանց ախտանշաններ յայտնելու:

Իսկ երբ աջ ու ձախ թեւերուն միջեւ կծկական արեան ճնշումին տարբերութիւնը եղած է տասնհինգ միլլիմեթր (սնդիկի չափով), ապա մարդոց մօտ եօթանասուն առ հարիւր համեմատութեամբ բարձր եղած է ուղեղի երակներու ու սրտանօթային հիւանդութիւններէ տառապելու վտանգին տարողութիւնը:

ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ`
ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ

Բրիտանիոյ մէջ արդէն իսկ գոյութիւն ունի բժշկական յատուկ ծրագիր մը, որ կը քննէ քառասուն տարեկանէն ետք մարդոց մօտ արեան գերճնշման յառաջացման վտանգին տարողութիւնն ու արեան գերճնշում յառաջացնող տարբեր ազդակներ: Նման ծրագիրի մը մէջ մասնագէտներ անպայմանօրէն կը չափեն մարդոց երկու թեւերուն արեան ճնշումը:

Մասնագէտ Քլարք կարեւոր նկատած է ծայրամասերու երակներու հիւանդութիւնը իր սկզբնական հանգրուաններուն մէջ յայտնաբերելը` նախքան անոր ախտանշաններուն յայտնուիլը` նկատի ունենալով, որ երբ նման հանգրուաններու մէջ անհրաժեշտ ցուցմունքները տրուին նշեալ հիւանդութեան հակամէտ եղող մարդոց, ապա կարելի կ՛ըլլայ կանխել եւ կամ յապաղեցնել անոր յառաջացումը: Այսուհանդերձ, զոյգ թեւերուն արեան ճնշումը չափելը կը նպաստէ, որպէսզի կարելի ըլլայ յայտնաբերել նշեալ հիւանդութեան սկզբնական հանգրուանները:

Բրիտանացի այլ մասնագէտներ` փրոֆ. Ռիչըրտ ՄըքՄանըս եւ փրոֆ. Ճոնաթան Մանթ թէեւ խոստմնալից գտած են վերոնշեալ ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած տուեալները, միւս կողմէ, սակայն, անոնք անհրաժեշտ նկատած են կատարել յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ, որպէսզի կարելի ըլլայ յստակացնել, թէ որքանո՛վ թեւերուն միջեւ արեան ճնշումին պարզած տարբերութիւնները պէտք է նախաձեռնել տան սրտանօթային հիւանդութիւններու ու մարմնին ծայրամասերուն հետ առնչուած հիւանդութիւններուն յառաջացումը հակակշռող միջոցառումներու:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Նախորդը

ԲԺՇԿԱԳԻՏԱԿԱՆ. ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴՈՑ ՄՕՏ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԺԱՄԵՐ ՔՆԱՆԱԼՈՒ ԵՐԵՒՈՅԹԸ ՄԱՍԱՄԲ ՄԸ ԿԸ ՎԵՐԱԳՐՈՒԻ ԾԻՆԵՐՈՒՆ…

Յաջորդը

ԲԺՇԿԱԳԻՏԱԿԱՆ. ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆԸ ԿՐՆԱՅ ԱԶԴԵԼ ԾՆՕՏԻ ՈՍԿՈՐՆԵՐՈՒՆ ՁԵՒԱՒՈՐՄԱՆ ՎՐԱՅ

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.