Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մի՛ Ներէք Մեզ

Հոկտեմբեր 7, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ

Ի՞նչ ըրինք. ինչպէ՞ս հոս հասանք:

Հաւանաբար աւելի պատշաճ պիտի ըլլար հարցնել` ի՞նչ չըրի՜նք:

Չըրինք այն, որ պէտք էր ընէինք, երբ ունէինք առիթը. ըրինք այն, որ պէտք չէր ընէինք:

Գինովցանք մեր ուրախութենէն. ուսամբարձ ցատկռտեցինք, եռագոյնը ծածանեցինք, բարձրաձայն երգեցինք, կենացներ խմեցինք, բեմերէն ճառեր արտասանեցինք, ուս-ուսի սաւառնեցանք, գոչելով հասանք Արարատի բարձունքին, հասանք Մուշ-Սասուն, զիրար գրկեցինք ու մեր քոչարին ծուռ-շիտակ պարեցինք:

Յետո՞յ. յետոյ մեծ ու փոքրով, ներսով դուրսով աչք գոցեցինք իրարու վրայ կուտակուող սխալներուն, աչք գոցեցինք ոճրագործներու, պնակալէզներու, կաշառակերներու, բթամիտներու,  օտարամոլներու, անպատիւներու, ստախօսներու, ազգային արժանապատուութենէ զուրկ սողուններու, հասանք ժողովրդավարութեան քողին տակ յայտնուած ու հայութենէ զուրկ կամակատարներու:

Համբերեցինք` ըսելով, որ հայրենիքը տակաւին մանուկ է, համբերենք, օգնենք, տա՜նք. դեռ պատանի է, համբերենք, դեռ երիտասարդ է, կը սորվի, ժամանակ տանք, պիտի շտկուի:

Ժամանակը տուինք ու մեր պայծառագոյն արեւները յանձնեցինք հողին` հազիւ ծածանող եռագոյններու ստուերին տակ:

Չտեսանք, չուզեցինք տեսնել, նախընտրեցինք երազել. սիրահարած էինք:

Եթէ տեսանք, ապա` կէս աչքով. մնացեալը դատեցինք մեր սրտով միայն:

Չբարձրաձայնեցինք. եթէ բարձրաձայնեցինք, ապա` միայն հայհոյանքով, միայն յոխորտանքով, կամ անուշահամ սին խօսքեր նետեցինք օդին մէջ ու անձնականը գերադասեցինք: Այլապէս, լուռ հեռացանք, կամ մեր գրիչին մէջ թաղեցինք մեր միտքերն ու մտահոգութիւնները:  Զիրար չլսեցինք:

Վարուժան չկարդացինք, Նարդունի չկարդացինք. եթէ կարդացինք, ապա` հպանցիկ. չհասկցանք, չիւրացուցինք «Հայրենիքի ոգին», «Կարմիր հողը», չիւրացուցինք «Հայաստան ամէն բանէ վեր»-ը, շունչ չտուինք այդ խորհուրդին:

Չըմբռնեցինք միասնականութեան խորհուրդը. միայն արտասանեցինք` «Բռունցքուելն է յաւերժութիւնն Հայաստանի», ինչպէս օդին մէջ կը ձգենք «ցաւդ տանեմ»-ները:

Չսորվեցանք. չսորվեցանք մեր սխալներէն: Մեզմէ ոմանք մոռցան պահ մը, որ թուրքը թուրք է. մոռցան աշխարհի չգրուած օրէնքներուն մասին, թաւշեայ լոլոներով ապուշցան:

Մեր բողոքի ձայնը բարձրացուցինք օտար ատեաններու առջեւ, ի զուր ակնկալեցինք, որ գոնէ քրիստոնեայ աշխարհը շարժի: Չենք հասկցած տակաւին, որ մեր փրկութիւնը միայն մենք ենք: Բայց ո՞ւր ենք մենք. «մենք»-ը մեր գիրքերուն մէջ է, մեր շրթունքներուն վրայ` երբեմն: «Մենք» չկա՜յ այլապէս:

Միտք չպատրաստեցինք:  Չկառուցեցինք. եթէ կառուցեցինք, ապա` պսպղուն պողոտաներ միայն. չկառուցեցինք մեր պետականութիւնը ամրապնդող համակարգ: Թաղուեցանք մեր փառաւոր անցեալին մէջ, հպարտացանք մեր անցեալի տաղանդներով, ներկան օտարամոլ հոսանքին տուինք` ամէն օր քիչ մը աւելի ջլատելով ազգայինը. նախընտրեցինք նմանիլ, քան` զատորոշուիլ: «Մի՜ խառնէք մեզ…»-ը մեր շուրթերուն` գացինք ու խառնուեցա՜նք:

Մեր ինքնուրոյնը ոտնակոխեցինք, համաշխարհային բարքերով շփացանք ու փճացուցինք մե՜րը:  Լեզուն օրական խաչեցինք. գիրը օրական խաչեցինք: Չգիտցանք ու տակաւին չե՜նք հասկցած, թէ այս ընելով` որքա՜ն մեր ինքնութենէն կը զիջինք:

Թոյլ տուինք, որ ջլատեն մեզ. այո՛, թո՜յլ տուինք:

Բարձրաձայնեցինք` ազատ, անկախ ու միացեալ հայրենիք. այդ ոգիով դաստիարակուեցան շատե՜ր: Այդ երազը մեր հոգիներուն մէջ` բախեցանք դառն իրականութեան, որ ահաւասիկ մեր առջեւ պարզուած է. բանտուած, կախեալ ու բզիկ-բզիկ հայրենիքի ալ աւելի փոքր մնացորդը միայն, որուն վերջին աքացին տալու ախորժակը սրած է «հարեւան» թուրքը:

Հայրենադարձութեան մասին հոս ու հոն խօսեցանք միայն. զիրար այպանեցինք: Ո՛չ մէկ ենթահող պատրաստեցինք, ո՛չ մէկ ռազմավարութիւն մշակեցինք այս ուղղութեամբ:  Անհեթեթ ու կցկտուր քայլեր առնելով, հայրենիքը քիչ-քիչ օտարացնելով` կարծեցինք, որ սփիւռքը պիտի ներգրաւենք. չհասկցանք, որ Եղեռնէն վերապրածներու սերունդը հայրենի՜ն է, որ կը փնտռէ:

Չըմբռնեցինք անկախութեան արժէքը, վառ չպահեցինք 28 մայիսի արե՜ւը, մեր պետականութիւնը «քամուն տուինք»:

Յետեղեռնեան գաղութներուն մէջ մեր հազիւ վերապրած պապերը իրենց առաւելագոյնը տուին հայ օճախը հայ պահելու համար. մեր աչքը չբացած` Սիս ու Մասիս էր մեր շուրթերուն, եռագոյնն էր մեր սրտերուն: Հիմա՞. վերանկախացած հայրենիքի մէջ հայու դարաւոր սուրբ օճախը գազաններուն առջեւ փռած ենք, մե՜ր իսկ հողին վրայ դարձած ենք մուրացկան, դարձած ենք ստրուկ:

Չունեցանք առաջնահերթութեան գիտակցութիւն եւ սուզուեցանք կեղծիքի, սուտի, նիւթապաշտութեան կեղտոտ ոլորապտոյտին մէջ եւ մեր դարաւոր ու փառաւոր ազգը ստորացուցինք` բաց վէրքին վրայ նո՜ր վէրք բանալով:

Հանդուրժողականութիւն ցոյց տուինք, համամարդկայնութեա՜ն ձգտեցանք` արիւնարբու գազաններու ժանիքներուն տակ ծուարած. մինչ պէտք էր «սրէինք պիտի մեր ժանիքներն ու սրերը մեր կեռ»` Դաւթեանի բառերով:

Ստորացուցինք մեր ազգային արժէքները, քուրջի կտոր դարձուցինք մեր ազգային արժանապատուութիւնը, մեր վեհ դրօշը` մեր բազմաչարչար եռագոյնը: Խլեցինք մեր նոր սերունդին ապագան, այժմ ինկած ենք ընկերային ցանցերո՜ւ վրայ «լուծել»-ու մեր հայրենիքի «լինել-չլինել»-ութիւնը:

Չպատրաստեցինք ազգային արժանապատուութեան գիտակցութիւնը ունեցող հեռատես ղեկավարներ, չունեցանք հայրենիքը անխախտ պահելու յանձնառութեան գիտակցութիւն, չթրծեցինք վաղուան դիւանագէտները: Մանրուքներով զբաղեցանք ու հայրենիքի ապագան վստահեցանք ուրիշին: Չունինք համազգային տեսիլք, չունինք համազգային ռազմավարութիւն. մութին մէջ խարխաբելով կը փորձենք տեղ-տեղ լոյսի շողեր փնտռել ու անոնցմէ կառչիլ:

Կրնա՞նք վերընձիւղել Սարդարապատի ոգին, կրնա՞նք վերջապէս արթննալ ու մէկ կողմ շպրտել ստրուկի հոգեվիճակը. կրնա՞նք մենք մեզի հետ անկեղծանալ, տէրն ու ծառան ըլլալ մեր հայրենիքին: Եթէ` այո, այն ատեն միայն իրաւունք կ՛ունենանք մեր արցունքը խառնելու Եռաբլուրի հողին: Այլապէս, մի՜ ներէք մեզ, մեր նահատակ քոյրեր, եղբայրներ:

 

 

 

Նախորդը

Հայ Անկախ Պետականութեան Լինելիութեան Հարցին Էութիւնը

Յաջորդը

Հայ Դպրոցի Անփոխարինելի Դերակատարութիւնը

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?