Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դպրոցի Անփոխարինելի Դերակատարութիւնը

Հոկտեմբեր 7, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔՐԻՍՏԻՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ-ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Վերամուտ է արդէն:

Ամառնային երկար արձակուրդէ ետք, սեպտեմբեր ամիսը կը դառնայ նորութիւններով եւ կեանքով բեղուն շրջան մը: Աշնանամուտի զգաստացնող փոփոխութիւններուն ներքեւ դպրոցական աշակերտներու առօրեան կ’իմաստաւորուի եւ նոր թափ կը ստանայ: Նոր տարեշրջանի սեմին գրախանութներու եռուզեռը կը դառնայ աշխուժ եւ գրաւիչ: Նոր գիրքեր, տետրակներ, գրենական պիտոյքներ եւ գունագեղ պայուսակներ  հրճուանքով կը լեցնեն մանուկներու հոգիները, ինչպէս նաեւ ուսումնական կեանքի անոնց քայլերը կը դարձնեն հետաքրքրական եւ շատ սիրելի:

Դպրոցի զանգի, ընկերներու, ուսուցիչներու եւ մանաւանդ զբօսանքներու կարօտը, ընդհատուած` երկար արձակուրդով, մանուկներու մէջ կը դրսեւորեն անբացատրելի իղձ` վերամիանալու իրենց երկրորդ ընտանքին, ինչպէս նաեւ մարդկային կեանքը իմաստաւորող մարդակերտման առաքելութեան ամէնէն ազդու կառոյցին` դպրոցին: Այսպէս եղած են դպրոցական տարեշրջանները բոլոր մանուկներուն համար, բայց ասկէ շատ աւելին եղած է հայ դպրոցը Ցեղասպանութիւն ապրած եւ քանիցս հայրենիք կորսնցուցած սփիւռքահայ աշակերտութեան համար:

Իւրաքանչիւր տարուան վերամուտին հայ աշակերտները նոր շունչ եւ նոր հոգի կը ստանան, կը զրահաւորուին ազգային ու քրիստոնէական արժէքներով եւ կը պատրաստուին դառնալու ապագայի հայ ազգի արժանավայել զաւակներ, ղեկավարներ եւ ընկերային կեանքի մէջ իրենց ներդրումը ունեցող անհատներ:

Անցնող երկու տարեշրջաններուն ուսումնական կեանքը եղաւ տարօրինակ եւ անբնական: «Քորոնա» ժահրին սպառնացող վտանգներուն դիմաց` համայն աշխարհի ուսումնական կեդրոնները փակուեցան եւ նոր միջոցառումներ ի գործ դրուեցան` ուսումնական համակարգը գէթ մասամբ փրկելու: Բոլորս` ծնողք, աշակերտ, ուսուցչակազմ, դժգոհ էինք այս նոր ոճին համակերպելու իրականութենէն, սակայն երբ մեր բոլորին կեանքերը վտանգուած էին, երբ հիւանդանոցներու մուտքերուն սրտեր կը դադրէին տրոփելէ, եւ գոց սենեակներու մէջ հիւանդներ շնչասպառ կ՛աւանդէին իրենց հոգիները, հրամայականը, ուսումէ աւելի, գոյապահպանումն էր:

Այսօր աշխարհի զանազան երկիրներ գործնական լուծումներու մասին կը խորհին եւ ուսումնական կեդրոններու վերաբացումը կը նկատեն էական ու անյետաձգելի: Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլան Լիբանանի վիճակը եւ հայ աշակերտին ճակատագիրը:

«Քորոնա» ժահրը կը շարունակէ ոճիրներ գործել եւ կեանքեր խլել: Ներքին քաղաքական, ընկերային կեանքը օրըստօրէ կը բարդանայ: Իւրաքանչիւր քաղաքացի կը պայքարի իր գոյութիւնն ու արժանապատուութիւնը պահելու համար, ընտանիքներ կը գոյամարտին իրենց սեղաններուն վրայ հանապազօրեայ հաց ապահովելու համար. շատ յաճախ մանուկներ անօթի կը քնանան, որովհետեւ ծնողներ անկարող են օրական մէկ անգամէն աւելի սնունդ ապահովելու: Հիւանդներ կը հիւծին դեղորայքի չգոյութենէն, եւ փոքրեր զոհ կը դառնան ընտանեկան վայրագութեանց` օրըստօրէ բարդացող ընկերային-տնտեսական հարցերու իբրեւ հետեւանք, պարզապէս որովհետեւ ծնողներ իրենց մտային հաւասարակշռութիւնը կորսնցուցած են: Եւ տակաւին, վառելանիւթի չգոյութեան եւ «Քորոնա»-ի  նոր ծլարձակումներու անակնկալներու դիմաց` բոլորս կ’ապրինք անորոշ վիճակ: Իսկապէս վերամուտ կա՞յ, եւ եթէ կայ, տարին բնական ձեւով պիտի ընթանա՞յ:

Բոլոր վարժարանները անխտիր կը գտնուին գոյատեւելու մարտահրաւէրի դիմաց, իսկ հայ դպրոցը կը դիմագրաւէ այլ տագնապ մը, այն, որ դժբախտաբար հայ ծնողը շատ անգամ կը տկարանայ դպրոցի ընտրութեան մէջ` առանց գիտակցելու, թէ որեւէ սխալ որոշում ոչ միայն կը խաթարէ իր զաւկին ինքնութիւնը, այլ կը վնասէ ընտանիքին եւ ազգին` արագացնելով ձուլման ահեղավազ ընթացքը:

Յաճախ կը լսենք, որ ծնողներ իրենց զաւակներուն ուսումնական բեռը թեթեւցնելու միտումով կամ այլ պատճառներով կը հրաժարին իրենց զաւակները հայկական վարժարաններ առաջնորդելէ` միշտ ինքնարդարացման նոյն եղանակին թափ տալով, թէ` մենք տան մէջ հայերէն կը խօսինք, լեզուն չի կորսուիր: Անոնք կը մոռնան սակայն, որ հայ դպրոցը միայն այբբենարան չէ, մեսրոպեան տառերը երբ չեն դարբնուիր մեսրոպաշունչ մթնոլորտի մէջ` այբուբենը հեղինակողի հոգիի սլացքով, տեսիլքներով ու յանձնառութեամբ, անոնք կը կորսնցնեն իրենց ուժականութիւնն ու նպատակը: Հայ դպրոցի քուրային մէ՛ջ է, որ այբուբենի իւրաքանչիւր տառը զրահաւորուելով Թարգմանչացի ստեղծագործ մտքով, Վարդանանցի` վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց նշանաբանով, Ցեղասպանութեան նահատակներու կտակով, Մայիսեան յաղթանակի յարութեան շունչով եւ ներկայի մեր «անելիք»-ներու յստակ ծրագիրով, հայոց լեզուն կը դառնայ կեանք եւ նուիրում` ազգային գիտակցութեան ու հայապահպանման, մեր դիմադրականութիւնը զօրացնելով ամէն տեսակի երեւելի եւ աներեւոյթ, ներքին եւ արտաքին թշնամիներու եւ մանրէներու դէմ:

Ճգնաժամային այս անցման շրջանին հարկ է անդրադառնալ, որ Լիբանանը, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութիւնը բազմիցս ապրած են օրհասական ժամեր` հաստատ պահելով հայ դպրոցը եւ հայկական բոլոր կառոյցները: Կառչած ըլլալով հազարամեայ մայրիներու եւ Աստուածաշունչի բառերով` հզօր Լիբանանին, մենք դիմակալած ենք ամէն տեսակի քաղաքական եւ ընկերային հարցեր` միշտ հաւատալով, որ բազմաթիւ սուրբերու եւ նոյնինքն Քրիստոսի նստավայր եղած այս սուրբ հողը անփոխարինելի է, եւ մենք կրկին փիւնիկի նման դուրս պիտի գանք այս ծով դժուարութիւններէն` աւելի ամրացած եւ զօրացած:

Հետեւաբար բոլորս` ծնողք, դպրոց, ուսուցիչ, եկեղեցի, ազգային կառոյցներ, բարեսիրական հաստատութիւններ ձեռք-ձեռքի ու սիրտ-սրտի պարտինք պայքարիլ, զիրար հասկնալ  եւ մեր նիւթական ու բարոյական օժանդակութեան լուման ձգել մարդակերտման եւ  հայապահպանումի այս սրբազան հաստատութեան գոյատեւման ամանին մէջ` կանխարգիլելու համար աւելի ահաւոր ընկերային փլուզումներ:

Նոյնն էր պարագան երէկ, նոյնն է պարագան այսօր.

Հրաշքը անցեալէն մեր ժառանգած հաւատամքն է` «Հաւատալ, համբերել եւ գործել»:

 

 

 

 

Նախորդը

Մի՛ Ներէք Մեզ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?