Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիկոլ Փաշինեան. «Հայաստանը Երբեք Պիտի Չներքաշուի Ընդդէմ Իրանի Դաւադրութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 4, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայաստանը երբեք ներքաշուած չէ եղած եւ երբեք պիտի չներքաշուի դաւադրութեան մէջ` ընդդէմ Իրանի, որովհետեւ մեզի համար այդ երկրին հետ յարաբերութիւնները չափազանց կարեւոր են, եւ մենք երբեք չենք մոռնար, որ 1990-ականներու սկիզբը Իրանը Հայաստանի համար եղած է կեանքի ճամբայ»: Այս մասին յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` Լիթուանիա պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ երկրի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ 3 հոկտեմբեր 2021-ին տեղի ունեցած հանդիպումին:

Վարչապետը նաեւ ընդգծած է, որ Հայաստանը Իրանի հետ ունի ջերմ յարաբերութիւններ:  «Նորութիւն չէ, որ կան որոշակի շրջանակներ, որոնք կը յաջողին, ժամանակ առ ժամանակ, Իրանի մամուլին մէջ հրապարակել նիւթեր, թէ Հայաստանը ներգրաւուած է ինչ որ դաւադրութիւններու մէջ` Իրանի դէմ», նշած է Փաշինեան:

Այլ առիթով մը, Հայաստանի վարչապետը վերահաստատած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպելու պատրաստակամութիւնը եւ անդրադարձած գերիները վերադարձնելու ու ականապատ տարածքներու քարտէսներու հարցին:

Վարչապետը ըսած է. «Ես պատրաստ եմ մեր ունեցած բոլոր քարտէսները ինծի հետ տանելու եւ Ազրպէյճանի նախագահին կոչ կ՛ուղղեմ իրեն հետ բերելու մեր բոլոր գերիները»:

 

Նախորդը

Ալիեւ «Պատշաճ Պատասխան» Խոստացած Է Հայաստանի Կողմէ Ականապատ Տարածքներու Քարտէսները Յանձնելու Պարագային

Յաջորդը

Ակնարկ Սոչիի Հանդիպումը, Իտլիպն Ու Զանգեզուրեան Միջանցքը

RelatedPosts

Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի  Հայ Գերիներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Աւարտած Է Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Եւ Միւս Գերիներու Դատավարութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
«Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Շինարարական Աշխատանքները Կը Մօտենան Աւարտին»  Կ՛ըսէ Հաճիեւ
Հայկական

«Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Շինարարական Աշխատանքները Կը Մօտենան Աւարտին» Կ՛ըսէ Հաճիեւ

Նոյեմբեր 1, 2025
Անի Զալինեան` Նետերլանտներու  Խորհրդարանի Առաջին Հայ Երեսփոխանը
Հայկական

Անի Զալինեան` Նետերլանտներու Խորհրդարանի Առաջին Հայ Երեսփոխանը

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?