Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԸ

February 13, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տեառնընդառաջը քառասնօրեայ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման օրն է, որ Հայ առաքելական եկեղեցին կը տօնէ 13-14 փետրուարին:

Երբ Յիսուս Քրիստոս քառասուն օրուան կ՛ըլլայ, Յովսէփն ու Մարիամ Աստուածածինը զայն կը տանին Աստուծոյ տաճարը. մեծ աղմուկով կը բացուին տաճարի արեւելեան դռները, որոնք փակ էին դարերէ ի վեր:  Երուսաղէմի մէջ փոքրիկ Յիսուսը տեսնելով` անոր ընդառաջ կու գայ Սիմէոն ծերունին, որուն Աստուած խոստացած էր, թէ պիտի չմահանայ, մինչեւ տեսնէ աշխարհին Փրկիչը: Սիմէոն ծերունին կ՛ըսէ. «Կրնամ խաղաղութեամբ մահանալ, որովհետեւ տեսայ Քու խոստացած փրկութիւնդ»:  Հոսկէ ծագած է տօնին անունը:

Ըստ աւանդութեան, 14 փետրուարին նորապսակներու օրհնութեան օր է, որ կապ չունի հեթանոսութեան հետ, այլ խարոյկ վառելու սովորութիւնը կու գայ Քրիստոսի` լոյսով մաքրագործելու խորհուրդէն:

Տեառնընդառաջի օրը Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցիներուն մէջ Ս. պատարագ կը մատուցուի, տեղի կ՛ունենայ անդաստանի արարողութիւն, կ՛օրհնուին երկրի չորս կողմերը, որպէսզի տարին ըլլայ արգասաբեր, ապա տեղի կ՛ունենայ նախատօնակի ժամերգութիւն, որմէ ետք բակերուն մէջ կրակ կը վառեն, հաւատացեալները այդ կրակէն մոմեր վառելով տուն կը տանին` Քրիստոսի աստուածային լոյսով իրենց օճախները օրհնութեամբ լեցնելով: Տեառնընդառաջին խարոյկ վառելը լուսաւորելու` գիրն ու գրականութիւնը, արժէքներն ու հարստութիւնները պահպանելու գաղափարը կը կրէ նաեւ:

Կայ նաեւ խարոյկին վրայէն ցատկելու սովորութիւնը. չբեր կիները այդ մէկը կը կատարեն զաւակ ունենալու մաղթանքով, տղամարդիկ` մաքրագործման խորհուրդէն մեկնած, իսկ մանուկները` չարէն պաշտպանուելու նպատակով:

Յիսուսի տաճար ընծայումի տօնին առիթով ո՛չ միայն եկեղեցական տօնակատարութիւն կը կատարուի, այլեւ առիթ է հայ մանուկները Աստուծոյ ընծայելով փառք տալու Անոր մեր երջանկութեան համար: Անոնք Աստուծոյ պարգեւներն են ծնողներուն տրուած: Աստուած զանոնք յանձնած է իբրեւ աւանդ: Ուստի, պէտք է այս տօնը առիթ ըլլայ մեր զաւակները դաստիարակելու այնպէս, ինչպէս Աստուած ի՛նք պիտի ուզէր, որ անոնք դաստիարակուէին:

Նախորդը

Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑԻ. ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՒԱԶԱՆԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ` ՀԱՅՐ ՆԱՐԵԿ ՎՐԴ. ԼՈՒԻՍԵԱՆԻ

Յաջորդը

ՆՈՐ ԳԵՂԱՆԿԱՐ` «ԱԶԴԱԿ»-Ի ՀԱՒԱՔԱԾՈՅԻՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.