– Ինչո՞ւ Երաժշտութիւնը Յիշատակներ Կ՛արթնցնէ
– CDC եւ AAP. Կրիփի Եւ «Քորոնա»-ի Պատուաստանիւթերը Կրնան Տրուիլ Նոյն Օրը
– Ի՛նչ Տեղի Կ՛ունենայ Ծխախոտէն Հրաժարելէ Ետք
Պատրաստեց`ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Ինչո՞ւ Երաժշտութիւնը
Յիշատակներ Կ՛արթնցնէ
(Անցեալի երգերը կրնան ուժեղ յոյզեր յառաջացնել
եւ ժամանակով անցեալ տանիլ մեզ)
Բանալի կէտեր.
– Որոշ երգեր լսելը որոշակի յիշողութիւններ կրնայ յառաջացնել:
– Երաժշտութիւնը կ՛օգնէ ինքնակենսագրական յիշողութիւնը (1) (autobiographical memory) գրելու:
– Մարդիկ, որոնք կը տառապին յիշողութեան կորուստէն, տակաւին կ՛ունենան երաժշտութեան մնայուն յիշողութիւններ:
Երաժշտութեան եւ յիշողութեան միջեւ փոխյարաբերութիւնները զօրաւոր են: Երաժշտութիւնը կը յառաջացնէ ուժեղ յոյզեր (emotions), որոնք իրենց կարգին կը յառաջացնեն յիշողութիւններ: Երբ մենք կը լսենք տարիներ առաջուան երաժշտական կտոր մը, մեզի կը թուի, թէ կը ճանապարհորդենք դէպի այդ պահը: Մենք կրնանք այդ ժամանակ ամէն ինչ զգալ, կարծես այնտեղ ըլլանք:
Մեր երկարաժամկէտ յիշողութիւնը կարելի է բաժնել երկու յստակ տիպի` ծածուկ (implicit) եւ բացայայտ (explicit) յիշողութիւն: Բացայայտ յիշողութիւնը անցեալի միտումնաւոր, գիտակցուած յիշողութիւնն է: Բացայայտ յիշողութիւնը կը ներառէ այնպիսի բաներ, ինչպիսիք են դասագիրքերով սորվիլը կամ փորձառական յիշողութիւնները, բաներ, զորս պէտք է գիտակցաբար իրազեկել:
Ծածուկ յիշողութիւնները մեր անգիտակից (unconscious) եւ ինքնեկ (automatic) յիշողութիւններն են: Օրինակ` երաժշտական գործիք նուագելը կամ երգի բառեր վերյիշելը, երբ մէկը կ՛երգէ երգի մը առաջին քանի մը բառերը: Այս յիշողութեան մեծ մասը տեղի կ՛ունենայ անգիտակից վիճակի մէջ:
Բացայայտ յիշողութիւնը յարատեւ չմտաբերելու պարագային կ՛աղօտի, մինչդեռ ծածուկ յիշողութիւնը կրնայ յարատեւ ըլլալ եւ տեւել ամբողջ կեանք մը, նոյնի՛սկ եթէ զայն չմտաբերենք: Յիշողութեան բացայայտ տեսակը կրնայ վնասուիլ կարգ մը հիւանդութիւններու պարագային, ինչպէս` ալցհայմըրը:
Ծածուկ յիշողութիւնը կրնայ ձեւաւորուիլ յետնամասի երաժշտութեան կրաւորական լսողութեամբ (passive listening): Մենք նոյնիսկ կրնանք նախապատուութիւն տալ որոշակի երաժշտական կտորներու, պարզապէս այն պատճառով, որ անոնք բազմիցս հնչած են յետնամասի վրայ: Այս հոգեբանական երեւոյթը կը կոչուի բացարձակ ենթարկութեան ազդեցութիւն (2) (mere exposure effect): Մարդիկ ամէնէն աւելի կը սիրեն այն, որուն առաւել ծանօթ են: Մեծ պիտակները (major labels) գիտեն, որ յաճախակի եթերային ներկայացումները յաջող մրցանշային (record) վաճառքներու բանալին է:
Ծածուկ յիշողութիւնը դասական պայմանականացման (3) (classical conditioning) ձեւ է: Դէպք մը, զգացում մը եւ երգ մը մեր մտքին կը կապուի անուղղակի յիշողութեան միջոցով: Երբ երաժշտական ստեղծագործութիւնը կը զուգորդուի շատ զգացական իրադարձութեան մը հետ, ան կրնայ արդիւնաւէտ ազդակ մը ըլլալ վերապրելու համար այն ուժեղ յոյզը, որ զգացուած էր այդ պահին` ապագային հնչելու պարագային:
Երաժշտութեամբ գրգռուած յիշողութիւնները յաճախ կու գան մեր կեանքի որոշակի ժամանակներէն: Մարդոցմէ շատերը հակում ունին 10-30 տարեկանի իրենց յիշողութիւնները մեծապէս ապրելու (Ճէյքըպովսկի եւ ուրիշներ, 2021): Հոգեբաններն այդ ժամանակաշրջանը անուանած են «Յիշողութեան բախում» (reminiscence bump): Յիշողութեան բախման ժամանակաշրջանի երաժշտութիւնը կրնայ կապուած ըլլալ աւելի շատ յիշողութիւններու հետ, քան` մեր կեանքի այլ շրջաններու երաժշտութիւնը: Մեր դեռահասի (teenage) տարիները եւ քսանամեակը յատկապէս կարեւոր եւ յուզիչ ժամանակներ են մեր կեանքին մէջ, քանի այդ ժամանակաշրջանին է, որ մենք առաջին անգամ ըլլալով բաներ կը զգանք: Երաժշտութեան նախընտրութիւնը նաեւ կը ձեւաւորուի դեռահասութեան տարիներու ընթացքին:
Երաժշտութիւնը ալցայմըրային ուղեղ ներթափանցելու սակաւ միջոցներէն մէկն է: Մտագարութենէ (dementia) տառապողները կրնան վառ յիշողութիւններ ապրիլ` լսելով երաժշտութիւն, որ լսած են իրենց երիտասարդ տարիքին: Հակառակ յիշողութեան խորքին կորուստին եւ նոյնիսկ իրենց լինելութեան մասին գիտելիքներու կորուստին` մտագարութենէ տառապող մարդիկ յաճախ երաժշտութեամբ ուշագրաւ յիշողութիւն կ՛ունենան: Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ ինքնըստինքեամբ ընտրուած երաժշտութիւնը կրնայ յառաջացնել դրական յիշողութիւններ, որոնք այլապէս կրնային դժուարութեամբ վերյիշուիլ (Լեկիերի, 2019):
Ընդհանուր առմամբ, երաժշտութիւնը կրնայ օգնել հասնելու ոչ երաժշտական յիշողութիւններու եւ կը խթանէ հաղորդակցութիւնը ալցայմըրի հիւանդութենէ տառապող մեծահասակներու հետ: Յիշատակներ վերյիշելը միշտ չէ, որ հեշտ է: Այդ պարզապէս չի գար, երբ որ ուզենք: Այնուամենայնիւ, երաժշտութիւնը կ՛օգնէ վերյիշելու բոլոր յիշատակները, որոնք կապած ենք երգին հետ: Լսել երաժշտութիւն մը, որ շատ հնչած է մեր կեանքի կարեւոր իրադարձութեան մը ժամանակ, օրինակ` հարսանիքի կամ թաղման, կրնայ յառաջացնել խոր կարօտախտային (nostalgic) յուզական պահ:
(1) Ինքնակենսագրական յիշողութիւն – Այս մէկը կը վերաբերի անձնական իրադարձութիւններու յիշողութեան: Յիշողութեան այս տեսակը մեծ արժէք ունի հիւանդներու եւ խնամողներու քով, որովհետեւ ան կը պարունակէ գիտելիքներ անձի եւ անձնական ինքնութեան մասին:
(2) Բացարձակ ենթարկութեան ազդեցութիւն – հոգեբանական երեւոյթ, որով մարդիկ հակուած են նախապատուութիւն տալու այն բաներուն կամ մարդոց, որոնք իրենց աւելի ծանօթ են, քան միւսները: Կրկնուող ենթարկութեամբ ծանօթութիւնը կ՛աւելնայ:
(3) Դասական պայմանաւորում – գործընթաց, որ կը ներառէ բնականօրէն գոյութիւն ունեցող եւ նախկինին չէզոք դրդիչներու (trigger) միջեւ կապի ստեղծում: Օրինակ` պատկերացուցէք շուն մը, որուն լորձունքը կը հոսի, երբ ճաշ տեսնելու ըլլայ: Այդ մէկը կ՛ըլլայ ինքնաբերաբար: Այս վարքը կատարելու համար ան կարիք չունի վարժութեան. այդ մէկը բնականաբար տեղի կ՛ունենայ: Ճաշը բնական խթան է: Սակայն եթէ դուք սկսիք զանգ հնչեցնել ամէն անգամ, երբ շանը ճաշ դնելու ըլլաք, ապա կապակցութիւն մը կը ստեղծուի ճաշի եւ զանգի միջեւ: Յարակրկնութեամբ, ի վերջոյ, կարճ ժամանակ մը ետք զանգակը առանձին կրնայ լորձունք հոսեցնելու դերը կատարել, նոյնիսկ եթէ շունը տակաւին ճաշը չէ տեսած կամ անոր հոտը չէ առած:
Աղբիւր` «Սայքոլոճի թուտէյ»
CDC եւ AAP. Կրիփի Եւ «Քորոնա»-ի
Պատուաստանիւթերը Կրնան Տրուիլ Նոյն Օրը
Ըստ Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոններուն (CDC) նորացուած յանձնարարութիւններուն, հիւանդներն այժմ կրնան ստանալ իրենց «Քորոնա»-ի եւ կրիփի պատուաստանիւթերը նո՛յն օրուան մէջ:
Նախօրօք CDC-ն կը յանձնարարէր, որ մարդիկ իրենց COVID-19-ի պատուաստումները առանձին առնեն եւ նշանակել որեւէ այլ պատուաստում` իրենց «Քորոնա»-ի պատուաստումէն առնուազն 2 շաբաթ առաջ կամ վերջ: «Այս մէկը զգուշաւորութեան եւ առաջքը առնելու համար էր այն ժամանակաշրջանին, երբ այս պատուաստանիւթերը պարզապէս նոր էին եւ ոչ թէ անվտանգութեան կամ ծինադիմադրողական (immunogenic) որեւէ մտահոգութեան պատճառով», ըսուած է CDC-ի ուղեցոյցին մէջ: «Այնուամենայնիւ, այժմ «Քորոնա»-ի պատուաստանիւթերու անվտանգութեան վերաբերեալ հաւաքուած են զգալի տուեալներ, որոնք ներկայիս հաստատուած կամ թոյլատրուած են FDA-ի կողմէ»:
Ուղեցոյցը, որ թոյլ կու տայ միատեղ առնել «Քորոնա»-ի պատուաստանիւթը այլ պատուաստումներու հետ, ներառեալ` կրիփի պատուաստանիւթը, տրուած է այս տարուան մայիսի կէսերուն եւ երկրորդ անգամ յայտարարուած է օգոստոսի 27-ին հրապարակուած կրիփի դէմ պատուաստանիւթերու վերաբերեալ յանձնարարութիւններուն մէջ: Սեպտեմբերի սկիզբի Ամերիկեան մանկաբուժութեան ակադեմիայի (APP) յանձնարարութիւնները թոյլ կու տան «Քորոնա»-ի պատուաստանիւթ առնելու իրաւունք ունեցող երեխաներուն (12 տարեկան եւ աւելի բարձր տարիքի) կիրարկել ե՛ւ կրիփի, ե՛ւ «Քորոնա»-ի պատուաստանիւթերը` նոյն այցելութեան ընթացքին:
Հակառակ անոր որ սահմանափակ տուեալներ կան «Քորոնա»-ի պատուաստանիւթեր այլ պատուաստանիւթերու հետ տրամադրման շուրջ, «Այլ պատուաստանիւթերու հետ կապուած մեծ փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ ծինադիմադրականութիւնը (immunogenicity) եւ անբարենպաստ իրադարձութիւնները (adverse events) ընդհանրապէս նման են, երբ պատուաստանիւթերը միասին կը կիրարկուին, կամ` զատ-զատ»: Յանձնարարութիւնները կը նշեն. եթէ «Քորոնա»-ի պատուաստանիւթերու հետ մէկտեղ այլ պատուաստումներ առնուին, մատակարարները պէտք է զայն ներարկման այլ տեղ մը ընտրեն` առնուազն մէկ ինչով (inch=2,54 սմ) հեռու, խորհուրդ կու տայ CDC-ն, եւ կրիփի դէմ պատուաստանիւթերը, որոնք աւելի հաւանական է, որ յառաջացնեն տեղային հակազդեցութիւն (local reaction), պէտք է կիրարկուին տարբեր վերջոյթներու(*) մէջ (Լimb):
«Անկախ անկէ, որ մէկը պէտք է կրիփի պատուաստանիւթ ստանայ «Քորոնա»- ի պատուաստումէն անջատ կամ հետը միաժամանակ. այդ մէկը անձնական նախասիրութեան եւ յարմարաւէտութեան հարց է». այդ մասին Medscape Medical News-ին յայտնած է առողջաբան, Ֆիլատելֆիայի հիւանդանոցի մանկական վարակիչ հիւանդութիւններու բաժնի բժիշկ Սիւզան Քոֆին: «Հիմնականին մէջ ատիկա կախեալ է հետեւեալէն. արդեօք պիտի կրնա՞ս կրիփի դէմ պատուաստում կատարել առանց որեւէ դժուարութեան 2 շաբթուան ընթացքին»: Ան ըսաւ. «Մենք չենք փափաքիր, որ անյարմարութիւններ կամ դժուարութիւններ ունենայ այս տարի կրիփի դէմ պատուաստումներու ենթարկուելու ճանապարհը»:
(*) Վերջոյթ. Որեւէ մէկ կենդանիի կամ մարդու զոյգ մաս (ձեռք, թեւ կամ ոտք), որոնք դուրս կը մնան մարմնէն եւ կ՛օգտագործուին ընդհանրապէս շարժելու համար:
Աղբիւր` Medscape
Ի՛նչ Տեղի Կ՛ունենայ
Ծխախոտէն Հրաժարելէ Ետք
Ծխելը կանխարգիլելի մահուան հիմնական պատճառներէն մէկն է, սակայն ծխելէ հրաժարիլը կրնայ վհատեցնել:
Շատերը մտավախութիւն ունին, որ երկար ժամանակ կը պահանջուի առողջութեան եւ բարեկեցութեան բարելաւումներ տեսնելու համար, բայց օգուտներ տեսնելու ժամկէտները աւելի արագ են, քան այն, ինչ որ կը կարծեն շատերը:
Առողջութեան առաւելութիւնները կը սկսին վերջին ծխախոտէն մէկ ժամ անց եւ կը շարունակուին բարելաւուիլ:
Ճեպընթաց փաստեր` ծխելէ հրաժարելու մասին
– Ծխախոտը ձգելը կը նշանակէ կոտրել կախուածութեան շրջանը (cycle), հիմնականօրէն վերալիցքաւորել ուղեղը` դադարեցնելու նիքոթինի ցանկութիւնը:
– Յաջողութեան հասնելու համար այն ծխողները, որոնք կը ցանկան ձգել ծխախոտը, պէտք է ունենան ծրագիր, որ կրնայ յաղթահարել ցանկութիւններն ու դրդիչները (triggers):
– Ծխելէ հրաժարելու առաւելութիւնները կը սկսին վերջին ծխախոտէն 1 ժամ անց:
– Որքան շուտ ծխողը ձգէ ծխելը, այնքան աւելի արագ կը նուազեցնէ քաղցկեղի, սրտի եւ թոքերու հիւանդութիւններու, ինչպէս նաեւ ծխելու հետ կապուած այլ վտանգները:
Ժամանակագրութիւն
Առաւելութիւնները գրեթէ ակնթարթային են: Երբ մարդը կը դադրի ծխելէ, անոր մարմինը կը սկսի վերականգնիլ հետեւեալ եղանակներով:
1 ժամ յետոյ
Վերջին ծխախոտը ծխելէ 20 վայրկեան անց սրտի տրոփումը կը նուազի եւ կը վերադառնայ սովորական առողջ սրտի տրոփումին: Արեան գերճնշումը կը սկսի նուազիլ, իսկ շրջանառութիւնը կրնայ լաւանալ:
12 ժամ յետոյ
Ծխախոտը կը պարունակէ շատ յայտնի թունանիւթեր, որոնց շարքին` ածխածինի օքսիտը (Carbon monoxide), որ ծխախոտի ծուխի մէջ առկայ կազ է:
Այս կազը կրնայ վնասակար կամ մահացու ըլլալ բարձր չափաբաժիններով (dose) եւ կը կանխէ թթուածինի մուտքը դէպի թոքեր եւ արիւն: Կարճ ժամանակի մէջ մեծ չափաբաժիններով ներշնչուելով` թթուածինի պակասէն շնչահեղձութիւն կրնայ յառաջանալ:
Ընդամէնը 12 ժամ առանց ծխախոտի` մարմինը կը մաքրուի ծխախոտէն գոյացած ածխածինի օքսիտի աւելցուկէն: Ածխածինի օքսիտի մակարդակը կը վերադառնայ առողջ մարմնի մը անոր մակարդակին` բարձրացնելով մարմնի թթուածինի մակարդակը:
1 օր յետոյ
Ծխախոտը ձգելէ ընդամէնը 1 օր անց սրտի կաթուածի հաւանականութիւնը կը սկսի նուազիլ:
Ծխելը կը մեծցնէ սրտի հիւանդութեան զարգացման վտանգը` նուազեցնելով «լաւ» քոլեսթերոլը. բան մը, որ կը դժուարացնէ սիրտ-անօթային վարժութիւնները: Ծխելը նաեւ կը բարձրացնէ արեան ճնշումը եւ կ՛աւելցնէ արեան մակարդումը (clotting)` մեծցնելով նաեւ կաթուածի հաւանականութիւնը:
Այս կարճ ժամանակահատուածուին մէջ մարդու թթուածինի մակարդակը կը բարձրանայ, եւ ֆիզիքական գործունէութիւնը կը դառնայ աւելի դիւրին` նպաստելով սրտի առողջ սովորութիւններուն:
2 օր յետոյ
Ծխելը կը վնասէ հոտի եւ համի զգայարանքներու պատասխանատու ջիղերու համակարգին: Զայն ձգելէն ընդամէնը 2 օրուան ընթացքին մարդը կրնայ նկատել հոտառութեան ուժեղացում եւ աւելի վառ համեր, երբ այդ ջիղերը կ՛ապաքինին:
3 օր յետոյ
Ծխելէ հրաժարելէ 3 օր անց մարդու մարմնին մէջ նիքոթինի մակարդակը կը սկսի սպառիլ: Թէեւ աւելի առողջ է մարմնին մէջ նիքոթին չունենալը, այս սկզբնական սպառումը կրնայ յանգիլ նիքոթինի կախուածութեան հեռացման: Հրաժարուելէն մօտ 3 օր անց մարդոց մեծամասնութիւնը իրենց մարմնին վերադասաւորուելու պատճառով կը զգան տրամադրութեան անկում եւ դիւրագրգռութիւն, ուժեղ գլխացաւեր եւ ուտելու անյագ ցանկութիւն (cravings):
Աղբիւր` «Սայքոլոճի թուտէյ»