Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գորիս-Կապան Ճամբան Պէտք Է Աշխատի Առանց Ընդհատումներու» Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանատունը

September 27, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գորիս-Կապան մայրուղիի ճամբով տեղաշարժը պէտք է կատարուի նոյն դրութեամբ` մինչեւ այլընտրանքային ճամբու կառուցումը: «Արմէնփրես»-ի հարցումին ի պատասխան այս մասին յայտարարած է Երեւանի մէջ Իրանի դեսպանատունը:

Իրանի դեսպանատունէն նշած են, որ հայ պաշտօնատարներու բացատրութիւնները մեծ յոյսեր կը ներշնչեն միջպետական ճամբու` Տաթեւի ճամբէն անցնող այլընտրանքային ուղիի արագ վերանորոգման վերաբերեալ:

«Իրան յոյս ունի, որ մօտիկ ապագային ականատես պիտի ըլլանք անվտանգ ենթակառոյց ունեցող ճամբու բացման: Նոյն ատեն, իրանեան կողմը կ՛ակնկալէ, որ մինչեւ այլընտրանքային ճամբու շահագործումը ընթացիկ ճամբով երթեւեկը պիտի շարունակուի իր բնականոն հունով», կը նշուի պատասխանին մէջ:

Կը նշուի, որ վերջին ամիսներուն դեսպանատունը, Հայաստանի Հանրապետութեան համապատասխան մարմիններուն հետ խորհրդակցութեան ընթացքին, փորձած է գնահատել Գորիս-Կապան ճամբու յատուկ վիճակը, ատոր շահագործման հեռանկարները եւ տարբեր կողմերը` առնչուած այս ճամբայէն եւ այլ հաւանական ճամբու ապրանքներու եւ ուղեւորներու տարանցման հետ:

«Մենք կը հաւատանք, որ Հայաստանի ցամաքային ճամբու անվտանգութիւնը, անկախ ատոր դրական ազդեցութիւններէն ներկայիս կապի հարթութեան վրայ, կրնայ շրջանի կայուն պատկերը ներկայացնել երկու երկիրներու եւ շրջանի գործարարներուն ու ներդրողներուն եւ ուղղորդել զանոնք ծրագրելու իրենց տնտեսական գործունէութիւնը եւ բարձրացնելու փոխադարձ ազդեցութիւններու մակարդակը», յայտնած են դեսպանատունէն:

Բացի ատկէ, երկկողմանի ճամբու անվտանգութիւնը կրնայ ցոյց տալ Հայաստանի վստահելի դիրքը շրջանին մէջ մեծ ենթակառուցային նախագիծերու խթանման գործին մէջ:

Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ խորհրդակցութիւններուն զուգահեռ, Իրան կապի մէջ է այլ կողմերու հետ, ներառեալ Ազրպէյճանի պաշտօնատար անձերը:

Նշենք, որ Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Սուրէն Պապիկեան երէկ յայտնեց, որ Կապան-Գորիս 43 քիլոմեթր երկարութեամբ այլընտրանքային ճամբան պատրաստ պիտի ըլլայ նոյեմբերի վերջաւորութեան:

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Այս Շաբաթ Կը Սկսի Գործադրել Իր Աշխատանքային Ծրագիրը

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Կ՛ողջունեն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումը

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը  Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի»  Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն
Հայկական

Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի» Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.