Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Ժ. Հայկազեանի Հրթիռները

Սեպտեմբեր 27, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

ՀԳՀԱ-ի 1966-ի ծրագիրին մասին Պահիժ կը շարունակէ (1). «Այս տարի Լիբանանի հրթիռներու միութեան փորձերը նոր փուլ պիտի թեւակոխեն: Առաջին` հրթիռներու մարմիններուն եւ երկրորդ` թռիչքի ընթացքին հրթիռին «գլուխ»-էն տուեալներու ռատիօ արձակումի, հաղորդումի բարելաւում:

«Այս տարի հաստատուն վառելանիւթով ինը հրթիռներ պիտի փորձուին: Այս փորձերուն նպատակը հրթիռներուն շարժագիծերուն` ճամբորդելիք ուղիներուն հաշիւներուն ստուգումին եւ «գլուխ»-ին եւ անոր մէջի սարքերուն գիտական փորձերուն պիտի յատկացուին:

«Պիտի շարունակուի նաեւ աշխատանքը` Տըպպայէյի արձակման վայրը զարգացնել` անհրաժեշտ գիտական փորձերու եւ չափելու սարքերով, ինչպէս նաեւ կապուած հրթիռ փորձելու նոր կազմածով մը»:

1. Ասեթելին արտադրող սարքը:       2. «Քարպիտի» քարերը:       3. Մետաղագործութեան ջահերէն:

Վերադառնալով ջուրով բռնկող նիւթերուն` նշեմ, որ մետաղագործ վարպետները «Քարպիտի քարեր» (calcium carbide) կը գործածեն(էին) ասեթելին կազը (acetylene) արտադրելու համար` հաստ պողպատէ գլանաձեւ ընդունարանի մը յատակը այդ քարերէն դնելով եւ վրան ջուր կաթեցնելով: Այս կազը ցարդ ամենաբարձր ջերմութիւն արտադրողն է, մինչեւ 3160՛C աստիճան, երբ թթուածինի հետ խառնելով, յատուկ ձեռքի ջահով մետաղներ կը փակցնենք, կը ձեւենք-կտրենք, կը հալեցնենք եւ այլն:

1996-ին, այն ժամանակուան գործատեղիիս դրացին, որ ինքնաշարժի մարմին կը նորոգէր, օր մը ասեթելին  արտադրող այս սարքին ջուրը բաց մոռցած էր, որ ուժգին ճնշումի եւ բախտով` առանց կրակի պայթում մը պատճառեց, հաստ մարմինով պողպատէ սարքը պատռուեցաւ եւ իր ու գործատեղիս բաժնող պատին մէջ ճեղք յառաջացուց: Բարեբախտաբար վնասը միայն նիւթական էր: Անհրաժեշտ է, որ գործածողը քանի մը վայրկեան սարքին քով մնայ եւ ջուրին ծորակը գոցէ, երբ որ ճնշում ցոյց տուող սլաքը որոշուած ճնշումի աստիճանին կը հասնի:

«3 մարտ 1966-ին Հայկազեանի սրահին մէջ հրթիռներու մասին գիտական ցուցահանդէս մը տեղի կ՛ունենայ, որ յատկացուած էր հրթիռներուն», կը գրէ Պահիժ, «Սփեքթրա»-ի յունիս 1966-ի թիւին մէջ, «Հրթիռներու ակումբ «Մայրի 7»-ի արձակումը» խորագիրով (2): «Մամուլի թղթակիցներ, լուսանկարիչներ եւ հեռատեսիլը ներկայ էին: Լիբանանի հրթիռներու ընկերակցութեան ատենապետ Մանուկ Մանուկեան բացատրութիւններ տուաւ ցուցադրուած իրերուն եւ երկու հրթիռներուն («Մայրի 7 եւ 8»), եւ զանոնք շինելու եւ փորձելու գիտական գործիքներուն մասին:

2. Հրթիռներու ցուցահանդէս` 3 մարտ 1966, Մանուկեան կը ներկայացնէ «Մայրի 7» եւ «Մայրի 8» հրթիռները (2): 3. Նոյն առիթով լիբանանեան ֆրանսատառ «Լ՛Օրիան»-ին թղթակցութիւնը` սխալ խորագիրով:

«Լուսանկարներու եւ պատկերներու միջոցով (Հայկազեանի*) հրթիռներուն պատմութիւնը ներկայացուած էր: Զանազան հրթիռային գիտական գործիքներ ցուցադրուած էին. 1. (110-220 վոլթ*) Փոփոխական ելեկտրական հոսանքը ուղղակի հոսանքի վերածող (6-9-12-24 վոլթ*) սարք: 2. Թուային ելեկտրական հոսանք չափող գործիք:  3. Զոյգ ուղղութիւնով երկճիւղ բանալիներու (ելեկտրական*) սարք (որուն միջոցով հրթիռներուն կայծ կը տրուի*):  4. Ճօճացոյց (oscilloscope): 5. Ռատիօ հաղորդակցութիւն ընդունող սարք եւ 6. Տեսողական արձանագրող սարք (optical recorder):

«Մայրի 7»-ը միայարկ էր, կարմիր եւ ճերմակ ներկուած (Լիբանանի դրօշակին գոյներով*), երկարութիւնը 325 սմ, ծանրութիւնը 175 քկ: Իսկ «Մայրի 8»-ն երկու յարկանի, երկարութիւնը` 5700 սմ, ծանրութիւնը` 356 քկ, տրամագիծը 21,6 սմ, իսկ թեւերուն տրամագիծը` 70 սմ: Հրթիռին ապրանքներուն ծախսը` 700 լիբ. ոսկի էր (մի՛այն*): Նպատակը` հրթիռին կատարելիք շրջագիծին հաշիւներուն ստուգումը (թէ` նախատեսուածին պիտի համապատասխանէ՞*), ռատիօ հաղորդակցութեամբ չափագրութիւնը եւ հրթիռին նոր մարմինը»:

Պէտք է նշել, որ Հայկազեանի մէջ, մայիս 1962-էն ետք, ցարդ այս երկրորդ գիտական ցուցահանդէսն էր, որոնց մասին գրութիւններ կան ուսանողական մամուլին մէջ:

4. «Մայրի 7» հրթիռը կը պայթի արձակիչին վրայ: 5. Աջին` Հրայր Սահակեան եւ տղաքը կը քննեն պայթած հրթիռը:

Ֆրանսատառ «Լ՛Օրիան» օրաթերթը ցուցահանդէսին մասին հետեւեալը գրած է սխալ խորագիրով. «Լիբանանեան առաջին (պէտք է ըլլայ իններորդ) երկյարկանի հրթիռը քանի մը շաբաթ ետք, որուն պիտի նախորդէ «Մայրի 7»-ը այս շաբաթ» (3): Ապա կ՛ըսէ, որ այս հրթիռներուն գլուխը նոր նիւթէ շինուած է, որ կը դիմանայ տաքութեան եւ անոր մէջի 12 քկ ելեկտրոնային սարքերը կը պահպանէ (ծանրութեան մեծ մասը բարդն է*) եւ ալեարձակը ոչ թէ գլուխին, այլ թեւերէն մէկուն վրայ պիտի հաստատուի: Թէեւ յաջորդ փուլը հրթիռներուն ուղղութիւնը գետնէն կառավարելը պէտք է ըլլայ, սակայն Մանուկեան կ՛ըսէ, որ այս մէկը այդքան ալ դիւրին չէ 100 հազար լ.ո. պիւտճէով, որուն երեք քառորդը բանակը կը յատկացնէ, իսկ մնացեալը կրթութեան նախարարութիւնը:

12 մայիս 1966-ին վերեւ նշուած «Մայրի 7»-ը մարմնի նոր պատեանով, ֆրանսական վառելանիւթով եւ  նոր նիւթով շինուած գլուխով արձակելու պատրաստ էր: Երբ արձակման կայծը կը տրուի, թռիչք չ՛առներ եւ Տըպպայէի արձակիչին վրայ կը պայթի: Պատճառը` հրթիռի մարմինին երկարութեան կատարուած զօդին անորակ ըլլալն էր, որ ճնշումին չդիմանար: Այս մասին կրկին ամէնուրեք սխալ տեղեկութիւններ կան, նոյնիսկ նկարներ` «Մայրի 7»-ը թռիչքի պահուն: Մանուկեան, նշելով իսկ այս հրթիռը, որեւէ հարցազրոյցի մէջ չի խօսիր անոր պայթումին մասին, սակայն Պահիժ Ազզամ լուսանկարներով (տես` նկար 5) գրած է «Սփեքթրա»-ի իր յօդուածին մէջ (2):

6. «Ազդակ»-ի լուրը` «Մայրի 8»-ի արձակման մասին: 7. «Տը Տէյլի Սթար»-ի լուրը` «Մայրի 8»-ի մասին:

29 յուլիս 1966-ին «Մայրի 7»-ին կը յաջորդէ հաւանաբար «Մայրի 7 Բ»-ը, որուն մասին ակնարկած է «Տը Տէյլի Սթար» (5): Առայժմ կարելի չեղաւ աւելի տեղեկութիւն ունենալ այս հրթիռին մասին, սակայն հաւանական է, որ պայթած «Մայրի 7»-ին նմանակն է` մարմինի բարելաւումով:

«Ազդակ» «Մայրի 7»-ին կամ անոր յաջորդող հրթիռին մասին նշում չէ կատարած. 5 օգոստոս 1966-ի իր համարին մէջ «Հայկազեանի հրթիռագէտները յաջողութեամբ արձակեցին «Սիտըր-8» հրթիռը» (4) խորագիրով հետեւեալը կը հաղորդէ. «Երէկ կայծակի արագութեամբ լուր մը սկսաւ շրջիլ Պէյրութի մէջ, որ օդանաւ մը ծով ինկած էր: Իրականութեան մէջ, սակայն, օդանաւ կարծուածը լիբանանեան ութերորդ հրթիռն էր (պէտք է ըլլայ 18-րդ, 8-րդ «Մայրի»*), որ յաջողութեամբ արձակուեցաւ Հայկազեան քոլեճի հրթիռագէտներու ընկերակցութեան կողմէ, ղեկավարութեամբ փրոֆ. Մանուկեանի եւ գործակցութեամբ լիբանանեան բանակին:

«Սիտըր-8»-ը, որ այս անգամ գիշերը արձակուեցաւ` լուսաւոր էր, այդ պատճառով ալ ժողովուրդը կարծեց, որ օդանաւ է, երկյարկանի էր եւ առաջին անգամ ըլլալով նոր տեսակի վառելանիւթ մը կը գործածէր»: Իրականութեան մէջ լուսարձակներ զետեղուած էին երկրորդ յարկին ստորոտը, որպէսզի յարկերուն անջատումը պարզ աչքով տեսանելի ըլլար գետնէն:

Նոյն նիւթով Ռաֆայէլ Քալիս լիբանանեան անգլիատառ «Տը Տէյլի Սթար» օրաթերթի 5 օգոստոս 1966-ի համարին մէջ «Երկյարկանի Մայրի 8-ի արձակումը յաջողեցաւ» խորագիրով կը գրէ. «Լիբանանի երկյարկանի «Մայրի 8» հրթիռը (4 օգոստոս 1966-ին*) յաջողութեամբ արձակուեցաւ Տըպպայէէն դէպի 110 քմ շարժագիծ, ապա իյնալու համար Միջերկրականին մէջ:

8. Երկրագունդի մթնոլորտին խաւերը եւ Քարման գիծը: 9. «Մայրի 8» կը սլանայ երկու յարկերուն միջեւ արձակուող լոյսերով: 10. «Ազդակ»-ի լուրը նոր հրթիռի մը մասին:

«Լիբանանեան հրթիռներու ընկերակցութեան մեծագոյն (վրիպում է, 3 յարկանի «Մայրի 3»-ն էր մեծագոյնը իբրեւ հրթիռի երկարութիւն 6,8 մեթր եւ ծանրութիւն` 1250 քկ*) արձակումն էր այս, որուն ներկայ գտնուեցան` թղթակիցներ եւ օտար դիւանագէտներ, բանակին ու ակումբին մասնագէտները եւ հարիւրաւոր մարդիկ: Մայրամուտի արեւուն փայլքով 5,7 մեթր եւ 350 քկ հրթիռը դանդաղօրէն բարձրացաւ դէպի հարաւարեւմտեան երկինք, 110 քմ բարձրացաւ (անցնելով Քարման խաւը, ուր արհեստական արբանեակներ կը շրջին*) ու 4 վայրկեան թռիչքէն ետք ծով ինկաւ» (շուրջ 350 քմ հեռու, Կիպրոսէն անդին, անգլիական մարտանաւի մը մօտ, որ այս հրթիռին արձակումը կը հետազօտէր*): Կ՛արժէ նշել, որ այդ օրերուն միայն քանի մը հարուստ եւ հսկայ պետութիւններ նուաճած էին անջրպետը` անցնելով Քարման գիծը: Այս բոլորը` 6 տարուան աշխատանքով եւ մի՛այն շուրջ 300 հազար ամերիկեան տոլար պիւտճէով (6):

Մանուկեան կ՛ըսէ, որ 65 աստիճան թեքումով արձակուած այս հրթիռը կրնար 180 քմ բարձրանալ: Ըստ անոր, այս ամէնէն յաջող եւ իր ղեկավարութեամբ արձակուած վերջին հրթիռն էր, եւ քանի մը օր ետք Ամերիկա կը վերադառնայ դոկտորականի ուսումին համար:

«Ազդակ» 23 դեկտեմբեր 1966-ի համարին մէջ «Հայկազեանի հրթիռագէտները արձակեցին նոր հրթիռ մը» խորագիրով կը գրէ (7). «Հայկազեան քոլեճի հրթիռագէտները երէկ (22 դեկտեմբեր 1966*) Տըպպայէի բարձունքէն արձակեցին միայարկ նոր հրթիռ մը` «Սիտըր 10», փորձելու համար վերջերս պատրաստուած հաստատուն վառելանիւթ մը:

«Փորձը կատարելապէս յաջողեցաւ եւ հասաւ իր նպատակին: Բանակի մասնագէտներու կողքին, «Միտըլ Իսթ-Էր Լիպանի» (Լիբանանի օդանաւային ընկերութիւն*) ճարտարագէտները եւս օժանդակեցին Հայկազեանի հրթիռագէտներուն»: «Մայրի 9»-ի մը մասին եւ կարգ մը այլ ստուգումներ` յաջորդիւ:

20 սեպտեմբեր 2021
(Շար. 10)

haroutchekijian.wordpress.com  

* Լուսաբանութիւնները հեղինակին կողմէ:

(1)  «Spectra», Haigazian college student publication, Vol. 5, No 2, January. 1966 p. 6:
(2)  «Spectra», Haigazian college student publication, Vol. 5, No 4, June. 1966 p. 6-7, 9:
(3)  «L՛Orient, Beirut, 4 mai. 1966 p1:
(4)  «Ազդակ» Խ (40) տարի թիւ 129, 5 օգոստոս 1966, էջ 1:
(5)  «The Daily Star», 5 August 1966, p. 1:
(6)  https://armenianweekly.com/2015/08/13/haigazian-rocket-program/
(7)  «Ազդակ» Խ (40) տարի թիւ 248, 23 դեկտեմբեր 1966, էջ 1:

 

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մութի Մէջ

Յաջորդը

Տագնապող Եւ Պայքարող Հայը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?