Երեքշաբթի, 21 սեպտեմբերին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Անկախութեան օրուան նուիրուած գլխաւոր ձեռնարկը: Ձեռնարկին կը մասնակցէին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, նախարարներ, պատգամաւորներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագէտներ, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Անկախութեան 30-րդ տարեդարձին առիթով:
Ձեռնարկին համերգային ծրագիրով հանդէս եկած են Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբը եւ Հայաստանի պետական սենեկային երգչախումբը: