Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՊԸՐՐԻ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՍԱՏԻ ԵՒ ԶՕՐ. ԱՈՒՆԻ ՀԵՏ

March 31, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումներուն ծիրին մէջ ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ, որոնց շարքին նաեւ երեսփոխան Պահիա Հարիրին:

Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը ընթացքի մէջ է եւ անոր ծնունդը անպայման պիտի յայտարարուի` աւելցնելով սակայն, որ կառավարութեան ծնունդին ժամկէտը տակաւին չէ ճշդուած:

Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան ակնարկելով` Պըրրի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը արդէն իսկ կայուն է` աւելցնելով, որ Սուրիա մնայուն կերպով եղած է արաբականութեան բերդը, Դիմադրութեան ամրոցն ու արաբ ժողովուրդին կողմնացոյցը: Ան նշեց, որ Սուրիա միայն սուրիացիներուն տեսակէտները չ՛արտայայտեր, այլեւ` արաբ ժողովուրդին տեսակէտները:

Պըրրի աւելցուց, որ Սուրիոյ նախագահին նկատմամբ նախանցեալ օրուան զօրակցական ցոյցերը կը փաստեն, թէ բարգաւաճման եւ արդիականացման ծիրին մէջ նախագահ Պաշշար Ասատի որդեգրած ուղին պիտի շարունակուի:

Մեկնաբանելով նախագահ Ասատի խօսքը` Պըրրի շեշտեց, որ նախագահ Ասատ իր արտասանած ճառով հիմը դրաւ արդիական Սուրիոյ:

Նշենք, որ Պըրրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, որուն հետ քննարկեց ներկայ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ հեռաձայնային այլ հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ` անոր որպիսութիւնը հարցնելու եւ բարի ապաքինում մաղթելու համար:

Միւս կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ ինք մտահոգ է Լիբանանի դէմ սանձազերծուելիք իսրայէլեան նոր յարձակումի մը հաւանականութենէն:

Իսկ «Սաֆիր» օրաթերթին կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ Լիբանանի ապահովական կառոյցին աշխատանքներն ու ջանքերը պէտք չէ կապուած ըլլան կառավարութեան կազմութեան:

 

Նախորդը

ՄԱԿ-Ի ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿԸ ՇԵՇՏԷ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՆԱՁԵՒԵՐՈՒՆ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

Յաջորդը

«ՍՈՒՐԻԱ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՍ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ է, ԻՍԿ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐԸ ԵՐԿՈՒ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՎԵՐԱԲԵՐԻՆ» ՇԵՇՏԵՑ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.