ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը 15 սեպտեմբերին ` Ժողովրդավարութեան միջազգային օրը Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին դիմաց կազմակերպած է բողոքի լուռ ցոյց` ընդդէմ կեղծ ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու ոտնահարման:
Ցոյցի մասնակիցները պարզած էին «Մարդու իրաւունքնե՞ր», «Չկայ արդարութիւն, չկայ խաղաղութիւն», «Ձեր լռութիւնը նոր ցեղասպանութիւն է», «Ո՞ւր է իմ ազատութիւնը, ո՞ւր են իմ իրաւունքները», «Կոյր մի՛ եղէք», «Որտե՞ղ է ձեր մարդասիրութիւնը» եւ այլ գրութիւններով պաստառներ:
«2007 թուականին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ ընդունուած օրը կը խորհրդանշէ ժողովուրդի ազատ կամքի արտայայտումը, մարդու իրաւունքներն ու ազատութիւնները: Սակայն 44-օրեայ պատերազմը, մեր ժողովուրդի իրաւունքներու եւ ազատութիւններու բացայայտ ոտնահարումը եւ այդ բոլորին նկատմամբ շարունակուող անտարբերութիւնն ու լռութիւնը, մեզի թոյլ կու տան ըսելու, որ կը գործեն ժողովրդավարութեան երկակի չափանիշներ:
ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը կը դատապարտէ միջազգային հանրութեան յանցաւոր ու մեղսակից լռութիւնը, վարուող ջայլամային քաղաքականութիւնը: Համամարդկային ամէնէն բարձր արժէքներու ջատագովն ու քարոզիչ երկիրները գայթակղելով ազրպէյճանական նաւթ ու կազով, ամէն օր կը վաճառեն իրենց իսկ որդեգրած սկզբունքները: Դադրեցէ՛ք երկակի չափանիշներ կրելէ: Ամօ՛թ ձեզի` ձեր լռութեան համար», նախքան լուռ ցոյցի սկսիլը ըսած է ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամ Լարիսա Ներսիսեան:
Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան «Ապառաժ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ այս ցոյցը կարեւոր է այն առումով, որ աշխարհին անգամ մը եւս ահազանգենք, որ Արցախի մէջ ապրող մարդը հաւատարիմ է մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու պաշտպանութեան եւ, ի վերջոյ ժողովրդավարական երկիրները պէտք է տէր կանգնին Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն, որովհետեւ մարդու իրաւունքներն ու ազատութիւնը հանընդհանուր են, անկախ անկէ, թէ մարդը աշխարհի ո՛ր կողմը կ՛ապրի:
ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչ Վահագն Խաչատրեան «Ապառաժ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ ցոյցի հիմնական հասցէատէրը միջազգային հանրութիւնն է: