Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱՐ ՄԱՐՈՆԻ ՏՕՆԸ` ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

February 11, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մար Մարոնի պատարագին ներկայ գտնուած պաշտօնական անձնաւորութիւնները

Մար Մարոնի տօնին առիթով, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը անցեալ հինգշաբթի օր Պէյրութի մարոնի համայնքին առաջնորդարանին մէջ նախագահեց օրուան պատարագին, որուն ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս,  ինչպէս նաեւ մեծ թիւով քաղաքական ղեկավարներ, նախարարներ, երեսփոխաններ, պետական ու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ հոգեւորականներ:

Իր ուղղած քարոզին մէջ, Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ իւրաքանչիւր համայնք պէտք է հետեւի իր պատմական խիղճին եւ աւանդներուն, որովհետեւ միայն այն ատեն է, որ կարելի պիտի ըլլայ յանգիլ ընկերային նոր համաձայնագիրի մը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ փոփոխութեան ենթարկել Լիբանանի Ազգային ուխտը:

Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ Լիբանանի պետական կառոյցները զարգանան եւ ամրապնդուին, որպէսզի քաղաքական, ընկերային թէ տնտեսական մարզերուն մէջ Լիբանան յառաջդիմութիւն արձանագրէ:

Ան կոչ ուղղեց ամրապնդելու լիբանանեան ազգային համերաշխութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանը չէզոք պահելու շրջանային եւ միջազգային առանցքներէն:

Իր կարգին, Մաթար եպիսկոպոս մաղթեց, որ լիբանանցի պատասխանատուները վերադառնան ազգային երկխօսութեան:

Պատարագին աւարտին առաջնորդարանին մէջ սարքուեցաւ ճաշկերոյթ մը` ի պատիւ ներկայ պաշտօնական անձնաւորութիւններուն:

Իր արտասանած խօսքին մէջ նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց նեցուկ կանգնելու Լիբանանին` ընդգծելով, որ Լիբանանի ժողովրդավարութիւնը, բազմազանութիւնն ու ազգային համերաշխութեան ամրապնդումը օրինակելի տիպար պիտի ծառայեն ամբողջ շրջանին համար:

Նախագահ Սլէյման իր կարգին վերահաստատեց, որ քաղաքականութիւնը պէտք է հաստատուած ըլլայ պարկեշտութեան հիմքերու վրայ:

Իր կարգին, Ռայի պատրիարքը իր խօսքը ուղղելով նախագահ Սլէյմանին շեշտեց, որ ան լայնասիրտ է` աւելցնելով, որ ան բոլորին նկատմամբ հասկացողութիւն կը ցուցաբերէ: «Ով որ ձեր անձին նկատմամբ ցեխարձակումներ կը կատարէ, չարիք գործած կ՛ըլլայ ամբողջ Լիբանանին դէմ», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

Նախորդը

ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ԵՐԿՈՒ ԱԿԱՆԱՀԱՐՈՒՄՆԵՐ ԶՈՀԵՐ ԵՒ ՎԻՐԱՒՈՐՆԵՐ ԽԼԵՑԻՆ

Յաջորդը

1200 ՏԱՐԻ ԵՏՔ` ՄԱՐՈՆԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՄԸ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿՈՒ ՏԱՅ ԿԻՊՐՈՍ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.