Հայաստանի Ազատութեան Համար
Տեղեկագիրի Ներկայացում Ռուսաստանի
Արցախ` Անկախ Հայաստանի Կորիզը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ռուս-թրքական 1768-1774-ի պատերազմը հուժկու հարուած հասցուց Օսմանեան կայսրութեան եւ ցոյց տուաւ, որ Ռուսիա ընդունակ է ջախջախելու իսլամ խալիֆայութեան ուժը:
Ռուսիոյ դաշնակիցը վրաց Հերակլ Բ. թագաւորն էր: Հերակլ Ռուսիոյ հետ դաշնակցելու քաղաքականութիւն ընտրած էր իբրեւ դաւանակից օրթոտոքս եւ նաեւ այն հիմամբ, որ այդպիսով դէպի Եւրոպա դուռ մը կը բացուի, որ կրնայ նպաստել Վրաստանի զարգացման: Վրացական բանակը 20 ապրիլ 1770-ին, Ասպինձայի ճակատամարտին ջախջախած էր օսմանեան զօրքը, եւ թուրքերուն մօտ սկսած էր տարածուիլ քրիստոնեաներու նուաճողական քաղաքականութեան նկատմամբ երկիւղը:
Հայեր, ինչպէս նաեւ ասորիներ եւ եզիտիներ համոզուած էին, որ Ռուսիա եւ Վրաստան այն երկիրներն են, որոնց վրայ կրնային յոյս դնել:
Հայեր, ասորիներ եւ եզիտիներ Հերակլ Բ.ի նամակներ գրած եւ հաւաստիացուցած էին, որ համաձայն են Վրաստանի հետ համատեղ պայքարիլ թուրքերուն դէմ, եւ խնդրած էին վրաց թագաւորի հովանաւորութեան տակ մտնել:
Հայեր մեծ յոյսեր դրած էին Հերակլ Բ.ի վրայ, որ ան կրնար իրենց ազատարարը ըլլալ: Արցախի մէջ կար հայկական զինուորական կազմակերպուած ուժ, Հնդկաստանի հայերը պատրաստակամ էին դրամական միջոցներ հայթայթելու, եւ հետեւաբար հնարաւոր էր վրացական ուժին վրայ յենելով քրիստոնէական միացեալ ուժեղ թագաւորութիւն մը կազմել: Պահը պատմական էր, եւ հանգամանքներու բարեյաջող դասաւորումը օգտագործելով կարելի էր հայերու եւ վրացիներու ուժը դարձնել յենարան երկու ազգերու պաշտպանութեան համար եւ յեղաշրջել Անդրկովկասի ճակատագիրը:
Բայց Հերակլ Բ. ընդունակ չեղաւ այդպիսի առաքելութիւն մը իրականացնելու: Ան քաջ էր ու ազդեցիկ, բայց թոյլ էր իբրեւ ստեղծագործող ուժ: Անոր բանակին մեծ մասը կազմուած էր օտար վարձկաններէ: Իսկ Տաղստանի ցեղախումբերը շարունակ յարձակումներ կը կազմակերպէին դէպի Վրաստան եւ Հերակլ Բ. զանոնք կը զսպէր աւելի դրամով, քան թէ զէնքով:
Շահամիր Շահամիրեան, անտեսելով Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսին կարծիքը, կապեր հաստատեց Հերակլ Բ.ի հետ, թանկագին ընծաներ եւ «Նոր տետրակ, որ կոչի յորդորակ»-ի օրինակ մը ուղարկեց անոր եւ պարզեց հայ-վրացական թագաւորութեան հնարաւորութիւնն ու օգուտները: Արցախի մելիքական ուժերը կրնային նեցուկ հանդիսանալ քրիստոնէական թագաւորութեան: Հերակլ ընդունեց բանակցութիւնները շարունակել, բայց անկարող եղաւ որեւէ վճռական քայլ առնելու եւ որեւէ դրական հաւաստիք տալու:
Ժամանակը եկաւ ցոյց տալու, որ Սիմէոն կաթողիկոս աւելի լաւ կը հասկնար կացութիւնը, քան պատրանքներով օրօրուող հնդկահայ մեծահարուստները: Հերակլ Բ. նենգօրէն կը խաբէր հայերը եւ արդէն վճռած էր մեծաթիւ հայութիւն Վրաստան տեղափոխելով իր երկիրը շէնցնել եւ նաեւ Երեւանի խանութիւնը տկարացնել:
***
Հերակլ Բ. թագաւոր 1779 սեպտեմբերի սկիզբը քառասուն հազարնոց բանակով արշաւեց Արարատեան դաշտ, պատժելու համար տուրք չվճարող Երեւանի Հիւսէյն Ալի խանը:
Հիւսէյն Ալի խանի զօրքը, անկարող դիմադրելու վրացական մեծաթիւ բանակին, նահանջելով ամրացաւ Երեւանի բերդին մէջ:
Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոս Օշական օդափոխութեան ելած էր: Հոն խանին պատուիրակները կաթողիկոսին դիմեցին, խնդրելով լեզու գտնել Հերակլի հետ եւ խաղաղութեամբ կարգաւորել խնդիրը:
Կաթողիկոսին եւ թագաւորին կրկնակի հանդիպումները, մէկը` Աշտարակի եւ միւսը Փարաքարի մէջ, ոչ մէկ արդիւնք տուին: Հերակլ մեծ յարգանքով վարուեցաւ կաթողիկոսին հետ, բայց կտրականապէս մերժեց անոր միջոցով խանին ըրած առաջարկը:
Երեւանի բերդը մնաց պաշարուած: Երեք ամիս բերդին դէմ կռուելէ ետք, տեսնելով որ անիկա անմատոյց կը մնայ, Հերակլ Բ. կաթողիկոսին միջոցով համոզեց Պայազիտի կողմերը փախած հայերը դառնալու իրենց գիւղերը: Բայց հազիւ դարձած, անոնք կողոպտուեցան:
Արարատեան դաշտի շատ գիւղեր ոչնչացուեցան ու թալանուեցան վրացական զօրքերուն կողմէ. տուները հրկիզուեցան եւ բերքը գրաւուեցաւ:
Ձմեռը կը մօտենար եւ Հերակլ Բ. վճռեց քակել Երեւանի բերդին պաշարումը եւ իր զօրքով վերադառնալ Թիֆլիս:
Յատուկ ջոկատներ ուղարկուեցան հայկական գիւղերը` գերեվարելու անոնց բնակիչները եւ զօրքին հետ քշելու Վրաստան: Հախվերիս, Ալեթլու, Էվջիլար, Բլուր, Շահրիար, Ղուրդուղուլի եւ այլ գիւղերէ աւելի քան երեսուն հազար հայեր տեղահանուեցան եւ ամենաողորմելի վիճակի մէջ հասան Թիֆլիս: Շատեր զոհ գացին սովին եւ ցուրտին:
Աւերումէ ու բռնութիւններէ փրկուեցան միայն Էջմիածնի վանքը, Վաղարշապատ եւ շրջակայ քանի մը գիւղեր: Կաթողիկոսը անոնց բնակիչները հաւաքեց վանքին մէջ, որ լաւ ամրացուած էր, եւ պատսպարեց մինչեւ վրացական զօրքի հեռացումը:
Ժողովուրդին հասած այս ողբերգութիւնը շատ ծանր ազդեց Սիմէոն Ա. Երեւանցի կաթողիկոսին վրայ: Ան ծանրօրէն հիւանդացաւ եւ կիրակի, 26 յուլիս 1780-ին, Վարդավառի տօնին օրը վախճանեցաւ: Թաղումը կատարուեցաւ յաջորդ օր եւ աճիւնը Սուրբ Գայեանէի տաճարի գաւիթի հարաւային կողմը ամփոփուեցաւ:
***
Եկատերինա Բ. կայսրուհիին օրով Ռուսաստան աւելի հզօրացած եւ ընդարձակուած էր, իսկ մայրաքաղաք Պետերբուրգի պատմութեան մէջ բարգաւաճման ու զարգացման շրջան մը բացուած էր: Մեծ նուաճումներ արձանագրուած էին մշակոյթի ու գիտութեան բնագաւառներուն մէջ:
Ռուսական կայսրութեան միացուած էին Խրիմը, Սեւ ծովու հիւսիսային ափերը եւ հիւսիսային Կովկաս, իսկ Ազովի ծովը ռուսական ծովու վերածուած էր:
Հիւսիսային Կովկասը քրիստոնեաներով բնակեցնելու առաջադրանքով Եկատերինա Բ. հայերը հրաւիրեց գալու եւ նոր իւրացուած հողերուն վրայ հաստատուելու: 1778 յուլիսին Խրիմէն հայերու արտագաղթ յայտարարուեցաւ եւ օգոստոս սեպտեմբեր ամիսներուն 12.500 խրիմահայեր տեղափոխուեցան հիւսիսային Կովկաս, Տոնի գետաբերանը:
Ռուսաստանի համար առաջնահերթ հարց էր Անդրկովկասի գրաւումը, եւ այդ կապակցութեամբ հայկական հարցը կրկին հրապարակ հանուեցաւ:
Իշխան Գրիգորի Փոթեմքին Եկատերինա Բ.ի մտերիմն էր եւ պետութեան զօրաւոր մարդը կը նկատուէր: Ան հարաւային Ռուսիոյ կառավարիչը եղաւ եւ ջանքեր թափեց շրջանը ուղղափառ սլաւոններով վերաբնակեցնելու համար:
Յովհաննէս Լազարեան, Աղազարի որդին, Պետերբուրգ հաստատուած, ռուսական արքունիքին մէջ ազդեցիկ դէմք էր եւ արեւելեան հարցերով խորհրդականի պաշտօն կը վարէր: Իբրեւ տնտեսագէտ, ան նաեւ պետական դրամատան վարչութեան անդամ էր: Անոր կը պատկանէր Պետերբուրգի մօտակայ Ռոպշա կալուածը հոյակերտ պալատով, ուր յաճախ հիւր կ՛ըլլային կայսերական տան անդամներ, ռուս եւ օտար ազնուականներ եւ հայ հարուստներ:
Յովհաննէս Լազարեան միշտ կը յիշէր, որ ինք խեղճ ու ցիրուցան եղած ազգի զաւակ է: Ան միշտ ալ աշխատեցաւ օգտակար ըլլալ իր ազգակիցներուն: Ինքն էր, որ ռուսական կառավարութեան տեղեկութիւններ կը հաղորդէր արեւելեան գործերուն մասին, ամէնուրեք հայերու շահերը եւ իրաւունքները կը պաշտպանէր եւ անոնց համար շնորհներ ու արտօնութիւններ կը խնդրէր:
Յովհաննէս եւ եղբայրները` Մինաս, Խաչատուր եւ Յովակիմ Լազարեաններ քաջալերեցին հայերու դէպի Ռուսիա գաղթը, եւ հիւսիսային Կովկասի մէջ հայկական գաղութներ կազմաւորուեցան:
Յովհաննէս Լազարեան ռուսահայոց առաջնորդ Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեանը Աստրախանէն Պետերբուրգ հրաւիրեց եւ զայն պետական բարձր շրջանակներու հետ ծանօթացուց: Յովսէփ արքեպիսկոպոս իշխան Փոթեմքինի անձնական բարեկամը եղաւ եւ անոր միջնորդութեամբ արքունիքին հետ յարաբերութիւններ հաստատեց:
Յովսէփ արքեպիսկոպոսի եւ Յովհաննէս Լազարեանի միջնորդութեամբ Եկատերինա Բ. կայսրուհի 1779 նոյեմբեր 14-ի հրովարտակով Խրիմէն գաղթած եւ մեծ դժուարութիւններով ձմեռը անցուցած հայերուն համար նոր բնակավայր սահմանեց: Տմիթրի-Ռոստովեան ամրութեան մօտ (այժմ` Տոնի-Ռոստով) հիմնուեցան Նոր Նախիջեւան քաղաքը եւ Չալթըր, Մեծ Սալա, Փոքր Սալա, Թոփթի եւ Նովիթա գիւղերը:
Յովսէփ արքեպիսկոպոս երեքշաբթի, 18 փետրուար 1780-ին, Սուքիասեանց տօնին օրը օծեց Պետերբուրգի հայոց Սուրբ Կատարինէ եկեղեցին:
***
Ռուսաստան, Հնդկաստանի հետ առեւտրական ճանապարհը միշտ բաց պահելու եւ հնդկական ապրանքները Կասպից ծովու հարաւային ափերէն ջրային ճանապարհով Պետերբուրգ հասցնելու եւ հոնկէ ալ Եւրոպա արտահանելու համար որոշած էր Կասպիական ծովափերը ռուսական իշխանութեան ենթարկել: Ծրագիրի իրագործումը 1779-ի վերջաւորութեան վստահուեցաւ զօրավար Ալեքսանդր Սուվորովի:
Ռուսաստան Կասպիական ափերը կրնար հաստատուիլ եւ այդ տեղերը ծաղկեցնել քրիստոնեայ տարրի աջակցութեամբ: Այս հիմամբ ալ անհրաժեշտ էր հայերուն ազատութիւն շնորհել: Անկախ Հայաստան նաեւ պատուար կը դառնար Օսմանեան կայսրութեան դէմ:
Հայաստանի անկախութիւն շնորհելու մասին բանակցութիւնները ռուսական կողմին հետ վարեցին Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեան եւ Յովհաննէս Լազարեան: Անոնք պատրաստեցին Հայաստանի քարտէսը եւ զեկուցումներ` հայերու եւ Անդրկովկասի վերաբերեալ հարցերու շուրջ:
Յովհաննէս Լազարեան 10 յունուար 1780-ին տեղեկագիր ներկայացուց զօրավար Սուվորովի, բացատրելով, թէ ինչպէս կարելի է ազատագրել Հայաստանը: Տեղեկագիրին մէջ կ՛ըսուէր.
«Հայաստան քանի դար է զրկուած է իր թագաւորէն եւ առանձին կառավարութենէն. շատ տեղեր տիրած են թուրքերը եւ պարսիկները, իսկ մէկ փոքր մասը, այսինքն` Ղարաբաղը, այժմ անկախ է:… Բնութենէն ամուր տեղերը բաւական լաւ միջոց կրնան դառնալ ինքնապաշտպանութեան համար. հողի յատկութիւնը եւ կլիման, առանց որեւէ պակասութեան, կրնան տալ բոլոր հարկաւոր մթերքները, նոյնիսկ սեփական վառօդ, երկաթ ու կապար կրնան ստանալ: Ղարաբաղի մելիքները թէեւ ոչ ոքէ կախում չունին, բայց իրենց անհամաձայնութեամբ պատճառ դարձած են, որ իրենց ուժերը ջարդուին: Բացի ատկէ, այդ հայ տիրողներու տգիտութիւնը բոլորովին անպէտք կը դարձնէ զանոնք թէ՛ իրենց եւ թէ ամբողջ ազգի համար: Միւս տեղերու հայերը, գտնուելով պարսիկ խաներու իշխանութեան տակ, հարստահարուած են եւ անոնց մեծ մասը փախած է Թուրքիա: Եթէ ժողովուրդի ընտրութեամբ կամ բարձրագոյն (կայսրուհիի) բարեհաճութեամբ ազգէն գլխաւոր մը դուրս գար, առաջին անգամուան համար բաւական կ՛ըլլար, որ ան կարենար հաստատուիլ Դերբենդի մէջ, եւ անոր օգնութիւն տրուէր տիրելու Շամախիի եւ Գանձակի, այն ժամանակ Ղարաբաղէն եւ Սղնախէն, որոնք անկասկած կը միանան, բաւականաչափ զօրք հաւաքելով, կրնայ Երեւանն ու ուրիշ քաղաքներ գրաւել:… Բայց հայոց գլխաւորը սկիզբը պիտի ունենայ քիչ մը թնդանօթաձիգ եւ հետեւակ զօրք:… Այսպիսի ձեռնարկութեան կարելի է կայսերական մէկ խօսքով եւ ամենահեշտ միջոցով, առանց ամենափոքր կասկածի անգամ, գլուխ գալ»:
Յունուար 13-ին նոր տեսակցութիւն տեղի ունեցաւ Սուվորովի մօտ, որ ամբողջովին նուիրուած էր Արցախի մելիքներուն, որոնք պիտի կազմէին անկախ Հայաստանի կորիզը:
Յովսէփ արքեպիսկոպոս եւ Յովհաննէս Լազարեան մանրամասն ներկայացուցին Արցախի կացութիւնը, պայմանները, մելիքներու անունները եւ անոնց զինուորական կարողութիւնները:
Գիւլիստանի մելիք Յովսէփ, Ջրաբերդի մելիք Հաթամ եւ Դիզակի մելիք Եսայի իւրաքանչիւրը ունի հազարական զինուոր: Վարանդայի մելիք Շահնազար նոյնպէս ունի հազար զինուոր, բայց միաբանած է թուրք խանին հետ: Խաչենի մելիք Ալլահվերտի, որ գռեհիկ է, ունի հինգ հարիւր զինուոր: Խաչենի մէջ կը նստի եւ Աղուանից Յովհաննէս կաթողիկոս:
Յովսէփ արքեպիսկոպոս եւ Յովհաննէս Լազարեան նաեւ յիշեցին, որ Իպրահիմ Խալիլ խանի բռնութեան ներքեւ ընկճուած Աղուանքի, Սիսիանի ու Ղափանի քաջերը կրնան պատերազմիկներ հանել եթէ շարժումը սկսի: