Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հրամանագիրով զօր. Կամօ Բահատուրի Վարդանեան նշանակուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար-պաշտպանութեան բանակի հրամանատար:
Կամօ Վարդանեան ծնած է 1966-ին, Մարտունիի շրջանի Նորշէն գիւղը: 1 փետրուար 1992-էն կը ծառայէ Արցախի պաշտպանութեան բանակին մէջ: 2006-ին աւարտած է Ռուսիոյ զինուած ուժերու համազօրային ակադեմիան, իսկ 2019-ին` ընդհանուր հրամանատարութեան ռազմական ակադեմիան: 12 նոյեմբեր 2012-ին նշանակուած է բանակի հրամանատարի առաջին տեղակալ-ընդհանուր հրամանատար:
Նշենք, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 11 սեպտեմբերին ստորագրած է հրամանագիր զօրավար-հազարապետ Միքայէլ Արզումանեանը Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար-պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի պաշտօնէն ազատ կացուցելու մասին` իր դիմումին համաձայն:
Միքայէլ Արզումանեան Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի պաշտօնին նշանակուած էր 27 հոկտեմբեր 2020-ին:




