Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան Իր Սեփականին Պէս Պիտի Պաշտպանէ Հայաստանի` Բոլորին Կողմէ Ճանչցուած Սահմանները» Կ՛ըսէ Ծերակուտական Քլիմով

September 14, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան իր սեփականին պէս պիտի պաշտպանէ Հայաստանի` բոլորին կողմէ ճանչցուած սահմանները, մեկնելով հանրապետութեան ՀԱՊԿ-ի անդամակցութենէն: Այս մասին «Սփութնիք Արմենիա»-ի հարթակին վրայ կազմակերպած տեսակամուրջի ժամանակ յայտարարած է ռուս ծերակուտական, Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ Անտրէյ Քլիմով:

Պատասխանելով «Սփութնիք Արմենիա»-ի այն հարցումին, թէ Ռուսիան ինչպէ՞ս կը դիտէ Ազրպէյճանի եւ ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիոյ ակնյայտ մերձեցումը, ան ըսաւ, որ Ռուսիոյ զինուորական վարչապետութիւնը այնպիսին է, որ սեփական պետութիւնն ու իր դաշնակիցները պաշտպանելով` երկիրը կրնայ դիմակայել «մնացեալ բոլորը միասին վերցուած», եւ ոչ թէ միայն ՕԹԱՆ-ի անդամներէն մէկը: Եւ բոլոր անոնք, որոնց այդ կը հետաքրքրէ, գիտեն այդ մասին:

«Մենք ի հարկէ տարբեր իրավիճակներով կը հետաքրքրուինք: Մենք մասնագէտներ ունինք, որոնք ատիկա գլուխ կը հանեն… սակայն այն, ինչ որ ես ըսի, վճռական նշանակութիւն ունի: Ոեւէ մէկուն խորհուրդ չէի տար փորձել, թէ ի՛նչ տեսք կրնայ ունենալ այդ ամէնը», աւելցուց ծերակուտականը:

Քլիմով յայտնեց, որ Ռուսիան իրմէ կախեալ ամէն բան կ՛ընէ Արցախի կացութեան կարգաւորման նպաստելու համար, սակայն միամիտ է կարծել, որ ան պիտի լուծէ բոլոր հարցերը եւ մէկ անգամէն: «Ես չէի ուզեր, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի պատասխանատուութիւնը բարդուի բացառապէս Ռուսիոյ վրայ: Այդ մօտեցումը կը խանգարէ տրամաբանօրէն դատելուն եւ խելամիտ որոշումներ կայացնելուն: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակը այսօր չէ ստեղծուած, եւ Ռուսիոյ պատասխանատուութիւնը կարելի չէ համեմատել տագնապի այդ գօտիի միւս կողմերու պատասխանատուութեան հետ», ըսած է ծերակուտականը:

Անոր համաձայն, Մոսկուան նուազագոյնը շահագրգռուած է սեփական սահմաններուն մօտ պատերազմով, իսկ անցած տարի ինքնին Ռուսիան արագութեան եւ արդիւնաւէտութեան առումով աննախադէպ միջոցներ ձեռնարկած է  տագնապի գօտի խաղաղապահներ ուղարկելու հարցին մէջ: Եւ այն, որ այսօր այնտեղ պատերազմ չկայ, 99,9 առ հարիւրով Մոսկուայի վաստակն է:

«Սփութնիք Արմենիա»-ի այն հարցումին, թէ արդեօք Ղարաբաղի մէջ ապրող եւ պատերազմի ժամանակ ու յետոյ այնտեղէն մեկնած Ռուսիոյ քաղաքացիներու թիւին վերաբերեալ տուեալներ կա՞ն, Քլիմով յայտարարած է, որ ճշգրիտ վիճակագրութիւն չկայ: Բայց եւ այնպէս ան գիտէ, որ Ղարաբաղի մէջ իրենք զիրենք ռուս նկատող շուրջ 1500 մարդ կը բնակի: Տագնապէն առաջ անոնց թիւը աւելի մեծ էր:

«Ձեռքը սիրտին դնելով ըսենք, որ Հայաստանի կամ Ազրպէյճանի մէջ այսօր ոչ ոք գիտէ թէ ո՛վ, ո՛ւր եւ ի՛նչ թիւով կը գտնուի: Սակայն ատիկա կարեւոր չէ: Կարեւորը, որ խաղաղութիւնը իրական ըլլայ, որպէսզի համաձայնութիւնները կատարուին ամբողջ ծաւալով», կը կարծէ Ռուսիոյ քաղաքական գործիչը:

Քլիմով կը փաստէ, որ այդ համաձայնութիւններուն վերաբերեալ դժգոհութիւններ կան, բայց եւ այնպէս անհրաժեշտ է լուծել յետպատերազմեան խնդիրները. անոնք թէ՛ գերեվարուած անձերու, թէ՛ ականապատ դաշտերու առնչուած խնդիրներն են:

Ինչ կը վերաբերի Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու ներկայութեան, ապա, ըստ քաղաքական գործիչին, զօրակազմը այնտեղ պիտի մնայ այնքան ատեն որ տակաւին պէտք է: Քլիմով վստահեցուցած է, որ Ռուսիան առարկայականօրէն շահագրգռուած է սեփական սահմաններու երկայնքին խաղաղութեան պահպանման մէջ:

Նախորդը

Կառավարութիւնը Գումարեց Իր Անդրանիկ Նիստը Եւ Սկսաւ Մշակել Իր Աշխատանքային Ծրագիրը

Յաջորդը

Միքայէլ Արզումանեան Հրաժարած Է. Կամօ Վարդանեան Նշանակուած Է Արցախի Բանակի Հրամանատար

RelatedPosts

Աւելի Քան 100 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն  Կասեցնել Պաքուին Ամերիկեան  Զինուորական Աջակցութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Աւելի Քան 100 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն Կասեցնել Պաքուին Ամերիկեան Զինուորական Աջակցութիւնը

October 9, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու  Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենի Հետ

October 9, 2026
ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար  Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան  Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.